9. Բարթողիմէոս առաքեալ անհակառակ կերպով երկոտասաններէն մէկն է (ՄԱՏ. Ժ. 3, ՄԱՐ. Գ. 18, ՂԿՍ. Զ. 13), եւ է նոյն ինքն Նաթանայէլ (ՅՈՀ. Ա. 45, ԻԱ. 2), որուն համար Յիսուս վկայեց, Ահա արդարեւ Իսրայելացի, յորում նենգութիւն ոչ գոյ (ՅՈՀ. Ա. 47), եւ որ բոլոր իր ընկերներէն առաջ Քրիստոսի աստուածութիւնը դաւանեցաւ ըսելով, Դու ես Որդի Աստուծոյ (ՅՈՀ. Ա. 49), եւ այս պատճառաւ արժանապէս Նախադաւան առաքեալի փառաւոր կոչումը ստացաւ։ Նորա առաքելական գործունէութեան առաջին մասը կատարուած է Մարաց եւ Եղիմացւոց այսինքն Պարսից եւ Պարթեւաց կողմերը (ՍՈՓ. ԺԹ. 22), մինչեւ Եդեմ գաւառը, որ է մերձ ի սահմանս Հնդկաց (ՍՈՓ. ԺԹ. 6), քարոզած է նաեւ Ասորւոց եւ Դերմանիկեցւոց երկիրները, եւ անկէ ետքն է որ կը մտնէ ի վիճակ Թադէի, (ՍՈՓ. ԺԹ. 24), որ է Հայոց աշխարհը։ Իր առաջին մուտքն ըրած է Սիւնեաց նահանգը (ՕՐԲ. Ա. 60), Որդվաա գիւղէն սկսելով, անկէ անցած է Գողթն (ՕՐԲ. Ա. 61, ՍՈՓ. ԺԹ. 24) եւ յառաջացած դէպ Արտաշատ քաղաք։ Արտաշատայ բլուրին վրայ իրարու կը հանդիպին Թադէոս եւ Բարթողիմէոս (ՍՈՓ. ԺԹ. 25), ուր մինչեւ ցայսօր կը ցուցուի Օթեաց Խաչ կոչուած տեղը, ուր երկու առաքեալներ գիշեր մը ի միասին օթեւանած են։ Որչափ ալ սովորական դարձած կարծիք է, թէ Բարթողիմէոս Թադէոսի նահատակութենէն ետքը Հայաստան մտաւ անոր քարոզութիւնը շարունակելու, սակայն Բարթողիմէոսի հնաւանդ պատմութիւնը այսպիսի պայման մը կը յիշեր (ՍՈՓ. ԺԹ. 24) մանաւանդ թէ կը շեշտէ, թէ երկուքն ալ յիւր տեղիսն գացին։ Յուդա-Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի միանգամայն քարոզելը, աւելի եւս կ’արդարացնէ երկուքին հաւասարապէս տրուած՝ Առաջին Լուսաւորիչիարու կոչումը։ Ո՞չ ապաքէն Հռոմ ալ Պետրոսին ու Պօղոսին միանգամայն քարոզած լինելը կ’ընդունին, եւ երկուքն ալ հաւասարապէս իր հայրապետական աթոռին հիմնադիր կը ճանչնայ։ Արտաշատի տեսակցութենէ ետքը Թադէոս կ’երթայ Վասպուրական եւ Արտազ, իսկ Բարթողիմէոս կ’երթայ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները, կը մտնէ նաեւ Անձեւացեաց գաւառը, կը շրջի զանազան կողմեր, եւ վերջապէս կը հասնի Աղբակ։ Այնտեղ իրեն կը հանդիպի Ոգուհի, Սանատրուկ թագաւորին քոյրը, որ կը հաւատայ եւ ի բաց մերկացեալ զփառս աշխարհի, առաքելոյն կը հետեւի (ՍՈՓ. ԺԹ. 26)։ Թագաւորը Տերենտիոս հազարապետը կը ղրկէ անոնց ետեւէն, բայց սա ալ կը հաւատայ ու կը մկրտուի։ Բարթողիմէոս եւ Ոգուհի եւ Տերենտիոս թագաւորին ատեանը կը հանուին, եւ հարձափորձերէ վերջ, առաքեալը կը նահատակուի փշոտ քուքերու հարուածներուն ներքեւ, իսկ միւս երկուքը եւ ուրիշ հաւատացեալներ ալ սրամահ կը նահատակուին (ՍՈՓ. ԺԹ. 28, 30)։ Ուրիշ եկեղեցեաց աւանդութեան համեմատ Բարթողիմէոս մորթազերծ մահուամբ նահատակուած կ’ըսուի (ՎԻԿ. Ա. 1472), ինչ որ արեւելեայց մէջ գործածուն չարչարանք մըն էր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք