10. Բարթողիմէոսի Հայոց առաքեալ ըլլալուն, եւ Հայաստանի մէջ նահատակուելուն պատմութիւնը ընդհանուր է բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ, այնպէս որ այդ մասին բնաւ դժւարութեան հանդիպելու կամ առարկութիւններ լուծելու պէտք չի մնար։ Եթէ տարբերութիւն մը կայ, նահատակութեան տեղւոյն անունին վրայ է, որ մեր Խորենացիէն Ուրբանոս (ԽՈՐ. 295) կամ Արեբանա (ԽՈՐ. 112) կոչուած է, որ Ուրբանոպոլիս ալ գրուած է, սակայն օտարներ աւելի մերձաւորութեամբ Ալբանոս կամ Ալբանուպոլիս կը գրեն։ Այդչափ տարբերութիւններ զարմանալի պէտք չէ երեւին, քանի որ անծանօթ անուններուն՝ ընդօրինակողներու ձեռքով կրած աղաւաղումները սովորական բաներ են։ Միւս կողմէ ալ պէտք է դիտել որ Պոլիս յունարէնի եւ Ուրբանոս լատիներէնի մէջ քաղաքի իմաստ ունին, եւ յատուկ անուններու կը կցուին։ Ամենէն որոշ մնայ Ալբանոս կամ Ալբան (Albanus) անունը, որ լոկ տառի մը տարբերութեամբ կը նոյնանայ Աղբակ (Albacus) անունին հետ, ուր է Ս. Բարթողիմէոսի նշանաւոր մայրավանքը, այժմեան (3) քաղաքին մօտ, եւ ուր է սուրբ առաքելոյն գերեզմանը ըստ ազգային աւանդութեան։ Գերեզմանին պարագային հաւանական բացատրութիւնէ աւելի է, եւ կրնայ իբր փաստ նկատուիլ Բարթողիմէոսի կատարած առաքելական քարոզութեան։ Իսկ Թադէոսի նահատակութիւնն ալ Արտազու մէջ, նմանօրինակ հաստատութիւն կը գտնէ Ս. Թադէոսի մայրավանքին գոյութեամբ, այժմեան Մակու (4) քաղաքին մօտ, եւ անոր մէջ պատուուած Թադէոսի գերեզմանովը։ Այսպէս Հայոց եկեղեցին կրնայ իր Առաջին Լուսաւորիչներովը, եւ անոնց նուիրական գերեզմանները ցոյց տալ իբր իր առաքելական սկզբնաւորութեան անհակառակելի փաստեր, ինչպէս Հռոմ ալ Պետրոսի եւ Պօղոսի գերեզմաններով կը փաստաբանէ իր առաքելական սկզբնաւորութիւնը։ Առաքեալներէն իւրաքանչիւրը Քրիստոսէ անմիջաբար ստացած իշխանութեան զօրութեամբ աշխարհի զանազան կողմերը տարածուելով քրիստոնեայ եկեղեցիներ կազմակերպեցին, որք առաքելականութեան կնիքը եւ անունը սեփականեցին, եւ որք իրենց համար ինքնուրույն գոյութեան իրաւունք ստացան, յատուկ եւ ինքնագլուխ հայրապետական աթոռներով, ինչպէս եղաւ նաեւ Հայոց հայրապետական աթոռը։ Առ այս նպաստեց նաեւ Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը, որ այն միջոցին որչափ ալ Հռովմայեցւոց եւ Պարթեւաց կողմանէ բռնադատուած, եւ մեկին կամ միւսին համակերպելու պարտաւորուած էր, սակայն գրաւուած եւ գավառի վերածուած երկիր չէր. ինքինշխան պետութեան եւ ինքնագլուխ իշխանութեան իսկութիւնը կորսուած չէր, եւ յատուկ թագաւորներով կը կառավարուէր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք