Բայց անուններու եւ յիշատակներու պակասութիւնը չի կրնար բնաւ քրիստոնէութեան ալ դադարած լինելու հետեւութեան տանիլ։ Նախ որ երկու դար տեւած քրիստոնէութիւնը չի կրնար յանկարծ բնաջինջ ըլլալ, եւ երկրորդ որ երրորդ դարուն վերջերը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան գտնուիլը կը վկայուի Արտազեան յիշատակարանին հաւաստվելովը, թէ ի ժամանակս սրբոյն Գրիգորի Պարթեւի, լեալ իցէ քրիստոնէութիւն, ընդ նմին եւ տեսուչ եկեղեցւոյ ի թաքուն եւ ի խաւարչուտ տեղւոջ (68 ԱՐՐ. 103)։ Այդ եղելութիւնը կը հաստատուի նոյնիսկ Լուսաւորչի ձեռօք կատարուած դարձին պարագաներով, ինչպէս իր կարգին աւելի մանրամասնօրէն պիտի բացատրենք։ Աւելցնենք նաեւ Տերտուղիանոսի վկայութիւնը, որ երրորդ դարուն առաջին կիսուն ծաղկած է եւ 245-ին վախճանած, եւ Հայոց մէջ ալ քրիստոնէութեան տարածուած լինելը յայտնապէս կը վկայէ, ինչպէս անգամ մըն ալ յիշեցինք (§ 4), եւ կը գրէ. Ո՞ւմ արդեօք հաւատացին այլեւս ազինք, Պարթեւք, Մարք, Ելամացիք, եւ որք բնակեալ են ի Միջագետս եւ ի Հայաստան, ի Փռիւգիա եւ ի Կապադովկիա, եւ բնակիչք Պոնտոսի եւ Պամփիալիոյ (ԱՐՇ. 11)։ Նոյն բանը կը հաստատուի եւ Խորենացիին խօսքովը, որ Փիրմիլիանոս Կեսարացիի յիշատակներէն առնելով կը գրէ. բազում վկայեալս եւ ի Խոսրովու ի մերում աշխարհիս (ԽՈՐ. 155)։ Խոսրովի տրուած ժամանակագրութիւնն էր 214-258, եւ եթէ 200-239 ալ ըսուին նորերու կարծիքով, միշտ հաստատուն կը մնայ, թէ երրորդ դարու առաջին կիսուն մէջ նոր հալածանք մը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, եւ հալածանք չէր ըլլար, եթէ տարածեալ քրիստոնէութիւն մը գտնուած չըլլար։ Այդ ամէն նշաններ իրարու հետ կապակցելով՝ զօրաւոր կերպով կը հաւաստեն, թէ որչափ ալ հայրապետներու անուններ մեզ հասած չըլլան, սակայն քրիստոնէական հօտը կար, որ հարկաւ առանց հովիւի ալ չէր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք