Չորրորդ դարով նոր ասպարէզ կը բացուի մեր առջեւ, եւ Հայ քրիստոնէական պատմութիւնը նոր կերպարան մը կը զգենու փառաւոր յաղթանակով եւ առատ տեղեկութիւններով։ Միեւնոյն ատեն եկեղեցական պատմութիւնը սերտ կապակցութեամբ կը միաւորուի քաղաքական եղելութեանց հետ, ինչ որ մեզ կը պարտաւորէ անոնց ակնարկել մեր ուսումնասիրութեանց մէջ։ Առաջին երեք դարերուն մէջ ոչ միայն հալածեալ քրիստոնէութիւնը անջատ կը մնար քաղաքական պատահարներէն, այլ եւ ազգային եւ արտաքին պատմութեանց անհամաձայնութիւնը կը դժուարացնէ անոնց մէջ ներքին աղերս մը հաստատել։ Ընդհակառակն այս միջոցէն սկսելով երկու պատմութիւններ իրարու կը մօտենան, անձերու եւ դիպուածներու նույնութիւնը կը պահեն, եւ ժամանակագրական տարբերութիւններն ալ լուրջ ուսումնասիրութեամբ համաձայնութեան կու գան, որով դիւրին կ’ըլլայ եկեղեցական կեանքը քաղաքական կեանքին հետ զօդելով դիպուածներու իսկական կերպարանը երեւան բերել։ Շատեր վերջին ժամանակներու մէջ այդ աշխատութեան ձեռնարկեցին, որոնցմէ մենք ալ կ’օգտուինք միացնելով մեր ալ նախնական աղբիւրներու վրայ ըրած անձնական հետազօտութիւնները։ Ազգային պատմութեան Վաղարշը, Տիգրան Գ-ի որդին, կը նոյնանայ արտաքին պատմութեան Վաղարշին՝ Պարթեւաց Դ-ի եղբօր հետ, եւ երկրորդ դարու վերջին տարիներէն սկսելով ազգային եւ արտաքին պատմութիւններ իրարու կը մօտենան։ Վաղարշ երկարատեւ եւ խոհական իշխանութիւն վարող թագաւր մը, կը կերպարանէ Խորենացիին գոված մեծ Վաղարշակը (ԽՈՐ. 71), եւ երկուքուկէս դարու հեռաւորութեամբ ստուգուած կը լինի Պարթեւ թագաւորի մը կամ Արշակի մը եղբօր՝ Հայաստանի մէջ Պարթեւազնեան հարստութեան հիմնադիր լինելը։ Վաղարշի թագաւորութեան տեւողութիւնն ալ կը համաձայնի կրկին պատմութեանց մէջ, որուն Խոսրով որդին՝ հօրը շուրջ քսանամեայ թագաւորութեան կը յաջորդէ։ Այդ Խոսրովի կամ ըստ այլոց Տրդատի կամ Արշակի օրովն է՝ որ Պարթեւաց հարստութիւնը կը կործանի, մերձաւորաբար հինգ դար Պարսկաստանի եւ շրջակայից վրայ իշխելէն ետքը։ Արտաշիր Սասանեան 224-ին ապստամբութեան դրօշը կը բարձրացնէ, եւ երկու տարի ետքը 226-ին Սասանեան բնիկ Պարսիկ հարստութիւնը կը սկսի Պարսկաստանի մէջ։ Սասանեանք Պարթեւեան հարստութեան ճիւղերը Պարսկաստանի մէջ ջնջելէն ետքը, կը ձեռնարկեն Հայաստանի ճիւղն ալ ոչնչացնել, այլ զինուորական ոյժով չեն յաջողիր, պատերազմները ձախող կը վերջանան իրենց համար, եւ նենգութեան դիմելու կը ստորանան։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք