Համաձայն մեր խոստումին, եւ իւրաքանչիւր միջոցի մէջ փայլող կամ երեւացող անձնաւորութեանց յիշատակները նոյնին մէջ ամփոփելու դիտումով, այստեղ կը քաղենք քանի մը անձերու մասին Բուզանդի պատմութեան ծայրը գտնուող կցկտուր յիշատակները։ Ասոնք կրնան իբր կազմակերպեալ խումբ մը նկատուիլ, Ներսէսի ձեռքին տակ պատրուաստուած, նպատակ ունենալով օժանդակել անոր բարեկարգական ճիգերուն, որով պիտի համարձակինք Բարեկարգիչ խումբ անուանել զայն, ինչպէս անոր ետեւէն Թարգմանիչ խումբ մըն ալ կազմուեցաւ։ Բարեկարգիչներէն չորս գլխաւորները, Եպիփան, Շաղիտա, Գինդ ու Եփրեմ, Ներսէսի պատմութեան հետ յիշատակեցինք, այստեղ մնացածներուն յիշատակները պիտի ամփոփենք։ Այս կարգին յիշուած կը գտնենք քանի մը եպիսկոպոսներու անունները, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ կը կազմեն կաթողիկոսարանի դրան եպիսկոպոսներու ժողովը, որոնց համար կ’ըսէ Բուզանդ, թէ` էին ի ներքին հայրապետին, ի տան իւրում, ընդ նորա ձեռամբ երկոտասան եպիսկոպոսք աթոռակիցք իւր, գործակիցք եւ խորհրդակիցք (ԲԶՆ. 273)։ Այդ ժողովը, որ Ներսէսի օրով կազմուած էր, հարկաւ անկէ ետքն ալ իր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը չկորսնցուց, որովհետեւ ըսուած է, թէ` դեռ եւս կային նոքա կենդանիք, յամս Խոսրովու եւ Արշակայ, երկուց թագաւորացն բաժանաւորացն (ԲԶՆ. 273)։ Հաւանաբար այդ ժողովին գլխաւորն էր Խադ եպիսկոպոսը, որուն վրայ խօսեցանք իր կարգին (§ 137)։ Իսկ այստեղ յիշուածներուն առաջինն էր Փաւստոս եպիսկոպոս, ազգաւ հոռոմ, որ եղած է թելակալ, այսինքն` գործակալ Ներսէսի եպիսկոպոսապետին։ Փաւստոս ծերունի եպիսկոպոս մը յիշուեցաւ, որ 353-ին Ներսէսը ձեռնադրեց (§ 119), եւ եթէ Փաւստոս թելակալ տակաւին կենդանի էր 384-ին, Հայաստանի երկուքի բաժնուելէն ետքը, դիւրին չ’ըլլար երկու Փաւստոսները նոյնացնել, եւ կարծել թէ միեւնոյն ծերունին կրցած է գործակալութիւն վարել 30 տարի ետքը։ Խնդիրը կը յուզուի նաեւ թելակալ Փաւստոսին եւ Փաւստոս Բուզանդ պատմագիրին նոյնութեան վրայ։ Այս մասին շատերուն համար որոշիչ նկատուած է, գլխակարգութեանց վերջը տեսնուած տողը, ստորոտ ամենայն պատմութեանց յաղագս իմ տեղեկութեան (ԲԶՆ. 268), իբր թէ հեղինակը յայտնապէս ինքզինքը մատնանիշ ընէր։ Սակայն մեր կարծեօք անկէ առաջ աւելի ծանր խնդիրներ կան լուծուելիք, եւ գլխաւորապէս որոշելու է, թէ Բուզանդի պատմութիւնը յունակա՞ն բնագիր է, թէ հայկական պատմութիւն է։ Բուզանդական պատմութիւնք գլխակարգութիւնը, եւ երրորդ դպրութիւն գլուխը իբր սկիզբ նշանակելը (ԲԶՆ. 5), կը ցուցնեն, թէ աւելի ընդարձակ բիւզանդական պատմութիւն մըն է գրուածը, եւ թէ երրորդ դպրութենէն կը սկսին եղեր Հայոց վերաբերեալ մասերը, որք առանձինն թարգմանուած են Հայոց համար։ Նմանապէս խորագիրին մէջ Փաւստոս պատմագիրը եպիսկոպոս չէ կոչուած, ինչպէս Փաւստոս թելակալն ալ Բուզանդացի չէ կոչուած, եւ մենք կը միտինք Փաւստոս ծերունին, Փաւստոս թելակալը եւ Փաւստոս պատմագիրը, երեք համանուն՝ բայց տարբեր անձեր ընդունիլ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք