Տրդատ մանկիկ, հազիւ մէկ-երկու տարեկան եղած պիտի ըլլայ հօրը սպանութեան ատեն։ Նա իր երիտասարդութիւնը անցուց Հռոմայեցւոց մօտ, եւ վարժուեցաւ պատերազմական գործառնութեանց, եւ Հռոմէական բանակին մէջ ալ ծառայեց, Պրոբոս եւ Կարոս կայսրներու ժամանակ, եւ յատուկ քաջագործութիւններ ալ կատարեց (ԽՈՐ. 159)։ Խոսրովի սպանութենէն ետքը, Հայաստան Պարսից ազդեցութեան ներքեւ մնաց, թէպէտ ատեն ատեն Հռոմայեցւոց կողմն ալ զօրացաւ, այլ վաղանցուկ յաջողութիւններ եղան մինչեւ Կարոսի մեծ յաղթութիւնը 283-ին։ Այդ միջոցին համար Արտաւազդ թագաւոր մը կը յիշուի, որ Պարսից կողմէն անուանուած է Խոսրովի տեղ, եւ չենք գիտեր թէ նոյնը կը թագաւորէր Աւրեզիանոսի յաղթութեան ատեն ալ 274-ին. թէ ոչ իրմէ զատ ուրիշ թագաւոր ալ եղած էր։ Աւրեղիանոս Հայաստանը իր հովանաւորութեան ներքեւ առնելով Տրդատը թագաւորեցուցած էր, բայց երկու տարի ետքը Վռամ Բ. նորէն Հայաստանը գրաւեց, եւ Տրդատ հեռացաւ. թէպէտ նորէն դարձաւ Հռոմայեցւոց պաշտպանութեամբ։ Այդ վերջնական եւ հաստատ գահակալութիւնը (11) Խորենացին մանրախուզիւ քննեալ գտած է յերրորդ ամի Դիոկղետիանոսի, որ 284-ին կայսր հռչակեցաւ եւ Տրդատ ալ 287-ին վերջնապէս գրաւած կ’ըլլայ իր հօրենական գահը, առաջին գահակալութենէ 13 տարի ետքը (ԽՈՐ. 163)։ Այս առթիւ է որ Գրիգորն ու Տրդատը իրարու հետ կը գտնենք։ Գրիգոր Տրդատի մտնելով, նպատակ ունեցած է զհայրենեացն հատուցանել պարտիս (ԽՈՐ. 16), զոր սովորութիւն է իմանալ, իբր թէ ուզած ըլլայ Անակի տիրապետութեան փոխարէն հատուցում ընել։ Պէտք է ըսել թէ Գրիգոր կանուխէն այդ որոշումը գործադրած է, վասնզի Տրդատ Գրիգորին խօսելով կ’ըսէ թէ. աշխատեցար ընդ իս ի մանկութենէ վաստակովք (ԱԳԹ. 61), եւ թէ այդչափ ամք են զի տեսի ես զքեզ, եւ ծառայեցիր դու ինձ միամտութեամբ (ԱԳԹ. 30), ինչ որ ոչ միայն երկարատեւ ժամանակ, այլեւ իբր մտերիմ պաշտօնեայ մը Տրդատի քով եղած լինելը կը ցուցնէ։ Կրնանք ուրեմն ըսել, թէ Գրիգոր նոյնիսկ Տրդատին առաջին թագաւորելէն անոր հետ եղաւ, անոր հետ ալ հեռացաւ, ու միասին դարձաւ Հայաստան։ Պէտք է ըսել եւս որ Գրիգորի ազգատոհմը անծանօթ մնացած էր արքունեաց մէջ, բայց դժուար է քրիստոնէութեանն ալ անծանօթ լինելը ենթադրել, վասնզի պէտք կը լինէր ըսել թէ Գրիգոր այնչափ տարիներ կեղծեօք ապրած ըլլայ։ Ընդհակառակն այն ատեններ քրիստոնէութիւնը խաղաղ օրեր կը վայելէր, եւ քրիստոնեաներ կայսրութեան մէջ ալ գործի գլուխ կը գտնուէին եւ կարեւոր պաշտօններ կը վարէին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք