Աւելի կարեւոր գործունէութեան ասպարէզ կը բացուէր Վրթանէսի, երբոր Խոսրով Բ. Կոտակ կը մեռներ 339-ին, եւ կը թագաւորէր իր որդին Տիրան, եւ ծանր դժուարութեանց կը հանդիպէր, որովհետեւ Շապուհ հզօր բանակով մը իր իսկ որդին Ներսէհը Հայաստան կը ղրկէր, երկիրը գրաւելու եւ այնտեղ թագաւորելու համար (ԽՈՐ 196)։ Տիրան չկրցաւ դիմադրել այդ յարձակման, մանաւանդ որ նախարարներուն մէկ մասն ալ շահուած էր Պարսից կողմը։ Տիրան կը պարտաւորուէր հեռանալ եւ դիմել Յունաց օգնութեան. Վրթանէս ալ, որ յունասեր կուսակցութեան գլխաւորներէն էր՝ քրիստոնէական եղբայրակցութեան սկզբունքով, Տիրանի հետ կը մեկնէր Կոստանդնուպոլիս, անոնց օգնութեամբ Տիրանը դարձնելու համար (ԽՈՐ. 196)։ Հայոց թագաւորի մը կայսեր դիմելու յիշատակութիւնը կը դնենք նաեւ Յուլիանոս կեսարէն Կոստանդ կայսեր ուղղած բանախօսութեան մէջ, ուր պարսկասէր կուսակցութեան զօրանալը, եւ Հայոց թագաւորին եւ անոր հետ Յունաստան ապաստանող նախարարներուն, կայսեր օգնութեամբ իրենց տեղը վերադառնալը յայտնապէս յիշուած են (ԳԱԹ. Բ. 463)։ Տիրանի բացակայութեանը միջոցին, իր կուսակցութիւնը շարունակեց պատերազմը Պարսիկներուն դէմ, սպարապետութեամբ Արշաւիր Կամսարականի, որպէս գլխաւորի եւ յոյժ պատուականի զկնի արքայի (ԽՈՐ. 196), եւ փառաւոր յաղթութիւն մըն ալ կատարեց Մռուղի ճակատամարտին մէջ, որով աւելի եւս դիւրացաւ կայսեր տուած օգնութեան յաջող ելքը։ Իսկ հայրապետական աթոռին գործերը, Վրթանէսի բացակայութեան, կրցան հոգացուիլ Աշտիշատի եպիսկոպոս Փառէնի ձեռքով, վասնզի նա էր այն միջոցին եկեղեցական դասակարգին աւագագոյն անձնաւորութիւնը, թէ իր դիրքով եւ թէ իր արժանաւորութեամբ։ Յունաց կայսեր հետ բանակցութեանց յաջող ելքը լրումն է Վրթանէսի քաղաքական արդիւնաւորութեանց փառաւոր շարքին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք