Վերոհիշեալ պատմութիւնները կը համաձայնին եղելութեան գլխաւոր գիծերուն մէջ։ Պատահական տարբերութիւն մըն է, թէ Տիրան պաշտօնապէս հրամայեց ջալոտիւք հարկանել, կամ թէ աւագանին խուժեց բրածեծ ջախջախել. նոյնպէս նաեւ թէ Բնաբեղի մէջ ծեծի տակ հոգին աւանդեց, կամ թէ քիչ ետքը Թորդանի մէջ մեռաւ ծեծին հետեւանօք։ Հաւանականագոյն եւ յարմարագոյն են Բուզանդի աւանդած պարագաները, եւ ամէն առիթի մէջ հաստատուն կը մնայ, թէ Յուսիկ իր հայրապետական նախանձայուզութեամբը հաւատոյ պաշտպանութեան նահատակ մը եղած է։ Գլխաւոր տարբերութիւնն է նահատակութեան պատճառ եղող առիթը. սակայն այլեւս անհնար է որեւիցէ կերպով պաշտպանել Խորենացիի պատմած պարագաները, որովհետեւ Տիրան ու Յուլիանոս ժամանակակից չեն եղած։ Տիրան 339-ին թագաւորած է, եւ 11 տարի ետքը, 350-ին գահազուրկ եղած, իսկ Յուլիանոս 361-ին կայսր եղած, եւ 363-ին սպաննուած է, որով Յուլիանոսի պատկերին պատմութիւնը բոլորովին անհիմն կը դառնայ։ Բոլոր արտաքին պատմութիւններն ալ Յուլիանոսի հետ գործ ունեցած Հայոց թագաւորին անունը Արշակ կ’ըսեն, եւ Տիրանի որդի ըլլալն ալ գիտեն, մինչ Խորենացիի ժամանակագրութիւնը բոլոր իր ընթացքին մէջ 24 տարիներու յաւելուածական սխալով կը քալէ, եւ բնաւ պաշտպանուելու կողմ մը չունի։ Ուստի պէտք է բացէբաց մէկ կողմ թողուլ Յուլիանոսի պատկերին խորտակման պատմութիւնը, եւ երբ Լամբրոնացիի յօրինած շարականին մէջ կ’երգենք քաջութեամբ զանօրինաց խորտակեալ զպատկերն, տէր սուրբ Յուսիկ (ՇԱՐ. 433), պէտք է անոր այլաբանական իմաստ մը տանք, ինչպէս որ անօրինաց յոգնակի ձեւն ալ կը թելադրէ, եւ անկէ յորդորեալ ուրիշ տպագրութիւն մըն ալ զպատկերսն դրած է (ՇՐԿ. 480)։ Կը մնայ ուրեմն, որ Յուսիկի նահատակութեան պատճառ ընդունինք նորա անվեհեր յանդիմանութիւնները, ինչ որ Խորենացին ալ գիտէ երբ կ’ըսէ, թէ Տիրան այդ ոճիրը գործեց յաւելեալ ի բորբոքումն չարութեանն, զոր ունէր ընդ սրբոյ Յուսկան, յաղագս հանապազորդ յանդիմանութեան իւրոց յանցանաց (ԽՈՐ. 199)։ Ստոյգ է, որ տարօրինակ, եւ գրեթէ անհաւատալի կ’երեւի հայ քրիստոնեայ թագաւոր մը մինչեւ այդ աստիճան լրբենի եւ անգութ կերպով իր հայրապետին դէմ համարձակիլը, սակայն Տիրանի յամառ եւ ստոր նկարագրին հետ պէտք է նկատի առնուլ, որ նա Յուսիկի վրայ կը նայէր, իբրեւ արքունեաց մէջ մեծցած տղայ մը, որ արքունեաց պաշտօնեայ եւ իրեն քեռայրն ալ եղած էր. որով իր արքունական ճոխութեան մէջ, առաւելութիւն մը կը զգար Յուսիկի անձին վրայ, եւ չէր ներեր անոր՝ ինչ որ ուրիշ հայրապետի մը վրայ թերեւս համակերպէր տանիլ։ Բուզանդ գրած է, թէ Վրթանէսի տղոց Հայաստան եկած ատեն զՅուսիկ սնուցանէր Տիրան որդի թագաւորին Խոսրովու (ԲԶՆ. 10), որ կրնայ իբրեւ հոգածու պաշտպանի խնամք մը նկատուիլ, քանի որ այն ատեն Տիրան ալ թագաւորի թոռ մըն էր։ Ամէն պարագայի մէջ այդչափը կը բաւէր Տիրանի միտքին մէջ Յուսիկի վրայ յատուկ իշխողութիւն մը ենթադրել տալ, եւ անոր միտքին մէջ դէպ առ ինքն ակնածութեան եւ յարգանաց մասնաւոր պահանջ մը ստեղծել։ Սակայն Յուսիկ հեռու էր այդ տեսակ մտածումներէ, բուռն նախանձայուզութեան եւ պահանջկոտ օրինապահութեան մէջ, նա ակնածանքի առջեւ խոնարհող չէր, եւ բացարձակ ուղղութիւնը կը գործածէր, միայն իր պաշտոնէն եւ հոգիէն, եւ ոչ իր անձնական հանգամանեքներէն ներշնչեալ։ Ինչ որ թերեւս Վրթանէսի կողմէն եղած ատեն դիտողութեան իսկ առիթ պիտի չտար, Յուսիկի նահատակ մահուան պատճառ եղաւ, տակաւին յիսնամեայ առոյգ հասակին մէջ։ Յուսիկի յիշատակը տօնելի է իր հօր եւ հօրեղբօր եւ եղբօր հետ՝ Որդւոց եւ թոռանց օրը, բայց անգամ մըն ալ կը կրկնենք, թէ պէտք էր յատուկ օրեր սահմանել այդ առաքելանման հայրապետներուն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք