Կեսարիայէ մեկնելով Գրիգոր հանդիպեցաւ Սեբաստիա, հաւաքել զդասս կրօնաւորաց (ԶԵՆ. 24), բայց թերեւս ազգակցական յարաբերութիւններ ալ նորոգելու, կամ որովհետեւ անդ գտանէր բազմութիւն եղբարց (ԱԳԹ. 420), զի կրօնաւորաց պէտքը առաւելապէս Կեսարիայի մէջ կրնար հոգալ։ Գրիգորի հետ եկողներու մէջ կը յիշուին Դկլաւիոս Աղեքսանդրացի, Սուրտինոս Եփեսացի եւ Զենոբ Գլակ Ասորի (ԶԵՆ. 25), եւ ասոնցմէ զատ բազում գունդս գունդս յաճախեալ առնոյր ընդ իւր (ԱԳԹ. 421), հարկաւ զանազան քաղաքներէ հաւաքելով, եւ անոնց հետ կը մտնէր Հայաստան՝ Նիկոպոլիսի եւ Երզնկայի գիծով։ Հայաստանի հարաւակողմը կռապաշտութեան զօրաւոր կեդրոն մըն էր, եւ Գրիգոր ձեռնադրութենէն առաջ այն կողմեր չէր եկած, ուստի փոխանակ շիտակ Վաղարշապատ երթալու, Տարոն իջաւ, որ այնտեղի մեհեաններուն ալ մործանման աշխատի. Կուարսի մօտ Իննակնեան բագիններուն վրայ՝ եւ Աշտիշատի մէջ Վահեւանեան մեհեանին վրայ կանոնաւոր պատերազմի պարտաւորուեցաւ, քուրմերու խումբերուն զէնքի զօրութեամբ դիմադրելուն պատճառով։ Մեհեաններու տեղերը հիմնարկեց Գրիգոր Հայոց նախնական եկեղեցիները, զի այլեւս եկեղեցական պաշտօնակատարութեանց պէտք եղած աստիճաններն ունէր։ Ս. Կարապետի տաճարը հիմնարկեց Իննակեան բարձրաւանդակին վրայ Քարքէի ոտքը (ԶԵՆ. 36), եւ Ս. Երրորդութեան Մայր Եկեղեցին Աշտիշատի մէջ (ԱԳԹ. 424)։ Այս տեղերը զետեղեց Գրիգոր մէկտեղ բերած մասունքներուն կտորները, նախ բրտեայ կամ քարեայ առնաչափ տապաններու մէջ դնելով, եւ ապա տապանները հողին մէջ թաղելով։ Հին դարերու մէջ սրբոց նշխարները միմիայն գերեզմանի դիրքի մէջ կը պատուուէին, եւ եթէ տեղափոխուէին ու բաշխուէին ալ, նորէն գերեզմանի ձեւի կը վերածուէի, եւ սովորութիւն չէր մասնատուփերու կամ որեւէ շարժական ձեւի ներքեւ պահել սրբոց ոսկորները։ Ս. Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէսի ձեւացուած գերեզմանները, առաջին անգամ եւ գլխաւոր մասունքներով դրուեցան Իննակնեան Ս. Կարապետի մէջ, որ եղաւ Հայոց մեծ ուխտատեղին, եւ Ս. Յովհաննէս Կարապետն ալ ընդունուեցաւ իբր Հայոց աշխարհին երկնաւոր պաշտպանը։ Սոյն սուրբերուն գերեզմանները կը գտնուին միեւնոյն Մշոյ դաշտին մէջ Եղրդուտի Ս. Յովհաննէսի եւ Մատնավանքի Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն մէջ, ուրտեղեր փոքր մասեր զետեղած է Գրիգոր։ Թէպէտ այդ վերջին զետեղումները Զենոբ ու Ագաթանգեղոս չեն յիշած, բայց անոնք դարուց ի դարս անեղծ պահուած են, եւ այսօր իսկ կը տեսնուին։ Իսկ մասունքներուն վերջին կտորները դրուեցան Բագրեւանդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյն մէջ (ԱԳԹ. 433)։ Լուսաւորչի Տարոն եղած միջոցին հանդիպեցաւ Ամանորի աշխարհատօնը՝ որ կը կատարուէր նաւասարդի մէկին, (ԶԵՆ. 35), եւ որ 302 տարին կ’իյնար Սեպտեմբեր 12-ին։ Գրիգոր հեթանոսական մեծ տօնը քրիստոնէական տօնախմբութեան փոխեց, եւ Ս. Կարապետի տաճարին մէջ նոր մկրտուածներ համախմբելով եկեղեցական հանդէս կատարեց, եւ հրամայեաց ամյամէ ի նմին տեղւոջ ժողովեալ ամենեցուն զյիշատակ սրբոցն տօնախմբել (ԱԳԹ. 425)։ Գրիգոր Տարոն գտնուած միջոցին շարունակ մկրտութիւններ կատարեց, եւ յատկապէս կը յիշուին Կուարսցիներ, եւ Արածանիի մէջ մկրտուած 5050 հոգիներ, եւ քահանաներու ձեռքով ձորամիջի մէջ առանձին մկրտուած կիներ (ԶԵՆ. 35), որոնց գումարը 19 բիւր կամ 190,000 կը յիշուի (ԱԳԹ. 425)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք