Ս. Յակոբ Սարուգեցի եպիսկոպոսի ճառը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքի Աւագ Ուրբաթ Օրուան Համար (արեւմտահայերէն)

Աշխարհաբարի Վերածեց
Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան

Ս. ՅԱԿՈԲ ՍԱՐՈՒԳԵՑԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՃԱՌԸ

ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻ

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հօրդ ծոցին անբացատրելի ծնունդ, Միածին, արթնցո՛ւր եւ ճոխացո՛ւր քնարս մեծ փրկութիւնդ պատմելու: Տկար լեզուս քաղցրաձայն կ՛երգէ խորհուրդդ` անոր վայելչութիւնը խօսքերովս յղկելով եւ պատկերելով:

Քեզմով կը զուարթանայ յոգնութեամբ խափանուած տկար միտքս եւ ճառերուդ անդաստանին մէջ ես ժուժկալ մշակ մը կը դառնամ:

Վայելչութիւնդ կը ծագի գիրերու պատուհաններէն եւ քեզ փափաքող միտքս քեզ տեսնելով կը լուսաւորուի` քու մասիդ խօսելու համար:

Ինչպէս Սիմոն Պետրոսը քեզմով զօրացաւ ալիքներուն վրայ քալելու համար, նոյնպէս եւ ես քեզմով կը յաղթահարեմ ծովուն նման միտքս ներքեւ քաշող լռութիւնը:

Առաւօտեան աչք, մեծ արեգակ, շողերդ սփռէ՛ խաւար սիրտիս մէջ, որպէսզի լուսաւորուիմ քու մասիդ վայելչապէս պատմելու համար:

Միտքս քեզմէ շնորհք կը ստանայ՝ խորհուրդներդ քննելու եւ կը սկսիմ բարձրաձայն փառաբանել սքանչելի գործերդ:

Բոլոր բանաւոր էակներու բերանները բաւարար չեն քեզ փառաբանելու, որովհետեւ խորհուրդդ գանձանակ է եւ բոլոր խօսողները քեզմով կը հարստանան:

Ճառերդ վայելուչ են, գեղեցկութիւնդ սքանչելի է, գործերդ գովելի են, խորհուրդներդ ահաւոր են. արդ, ասոնցմէ որո՞նք պատմեմ կամ որո՞նք զանց ընեմ:

Կը նայիմ յղութեամբ յայտնուելէդ մինչեւ յարութիւնդ եւ անկարող կը դառնամ սխրալի գործերդ պատմելու:

Ինչպէ՞ս պիտի շարժի լեզուս քու մասիդ պատմելու, երբ նոյնիսկ հրեշտակներու բազմութեան պատումը բաւական չէ քեզի, որ բոլորէն բարձր ես:

Յղութեա՞նդ նայիմ՝ Սուրբ Կոյսի ծոցին մէջ, թէ անոր, որ պառաւին արգանդին մէջ ներկայութեանդ կը ցնծար:

Ծննդեանդ վրա՞յ զարմանամ՝ թագաւո՛ր քարայրին մէջ, թէ երկինքէն իջած փառքդ հիւսող հրեշտակներուն:

Մսուրի՞ն նայիմ՝ խանձարուրով պատուած նորածինիդ, թէ ընծաներով արքայիդ երկրպագող մոգերուն:

Յովսէփի ձեռքով տաճարին ընծայուա՞ծն ես, թէ Սիմէոնէ գգուանքով գրկուած եւ կապանքներէ արձակող դաւանուած:

Որպէս մկրտութեան կարօտ քեզ Յորդանան իջա՞ծ տեսնեմ, թէ կօշիկներուդ կապերն նոյնիսկ արձակելու արժանի չեղող Մկրտիչին ձայնը լսեմ:

Քեզի՞ նայիմ երբ ջուրին մէջ կանգնած էիր Յովհաննէսի առջեւ, թէ լսեմ Հօրդ ձայնը եւ տեսնեմ վկայ փառակիցիդ՝ Ս. Հոգիին սարսափմամբ էջքը:

Երբ աղքատ փեսան քեզ հրաւիրեց խնջոյքի գահին, պէտք է գամ տեսնելու Տէ՞րդ, թէ ջուրը անոյշ գինիի վերածած կամքի զօրութիւնդ:

Քեզ շրջապատած ժողովուրդին հետ անապա՞տ գամ, թէ տեսնեմ բազմացուցած, աշակերտներուդ ձեռքով բաշխած եւ հազարաւոր մարդիկը յագեցուցած հացդ:

Իբրեւ աղքատ Սամարացի կնոջմէն ջուր կը խնդրէիր եւ իբրեւ Արարիչ իր գաղտնիքները կը յայտնէիր անոր:

Կոյրը բարձրաձայն քեզի կ՛աղաղակէր՝ «Ողորմէ՛ ինծի», եւ հրամանիդ արուեստով ի ծնէ կոյրին աչքերը կը բանայիր:

Նաւուն մէջ որպէս մարդ կը քնանայիր եւ որպէս փոթորիկին կառավարիչ զայն կը սաստէիր:

Ահա, դուն՝ թագաւո՛ր, աւանակի վրայ նստար՝ որպէս մարգարէական վկայութեան լրում, եւ եբրայեցի մանուկները Երուսաղէմի մէջ աղաղակով քեզի ուղեկից եղան:

Այնտեղ, խորհրդաւոր զատկին, քեզ աշակերտներուդ հետ ընթրիքի նստած կը տեսնեմ, երբ նաեւ պատառով մատնիչին ինքնութիւնը կը յուշես:

Երբ խաչ հանողները սուրերով եւ բիրերով քեզ ձերբակալելու կու գային՝ քեզ տեսնելով կը սարսափիմ, իսկ հզօրիդ զօրութեամբ անոնց կործանման նայելով՝ կը սփոփուիմ:

Ամէն տեղ քեզ կը տեսնեմ բարձր եւ խոնարհ, կարող եւ տկար, դատաւոր եւ դատուած, հարուստ եւ աղքատացած:

Ծերերուն դատարանին մէջ սուտ վկաներու ներկայութեա՞ն կանգնած ես, թէ հրամանովդ երկրի տարրերը կը հանդարտեցնես:

Խաչին գամուած աւազակներուն հետ նախատուա՞ծ ես, թէ խօսքովդ մեռեալին գերեզմանը կը բանաս:

Սպանողներուն ձեռքով գեղարդը անմեղիդ կո՞ղը պատռեց, թէ ձայնդ դժոխքին որովայնը բացաւ եւ կապուածները արձակեց:

Իրենց մեղքերէն չպատկառող կատաղի ժողովուրդին երեսիդ թքե՞լը, թէ թեւասքօղ սերովբէներուն փառքիդ երեքսրբեան երգը:

Հրեղէն կառքի՞ն մէջ՝ ուր որպէս Աստուած չորս կենդանիներուն մէջտեղը նստած էիր, թէ նուաստ փայտին վրայ՝ որպէս գառնուկ մեր մեղքերը կրող:

Քննողներուն միտքին մէջ խորհուրդդ սոսկալի եւ ահեղ է, երբ քեզ՝ յաղթողդ մեղաւորներուն կողմէ մահուան դատապարտուած կը տեսնեն:

Հիացումս միտքի հասանելիութենէն վեր է, իսկ խեղճութիւնս պատմողներու լեզուէն կը պարտուի:

Ամէն բան կրող ամուր բազուկը փայտին կապեցին եւ երկիրը հիմնած աջը գամերով ամրացուցին:

Ադամի մէջ հոգի փչած բերանին քացախ խմցուցին եւ ստորիններուս պատուանդանը եղող ոտքերը խաչին կապեցին:

Անոր մասին եղած մարգարէներուն կանխասացութիւնները կատարեցին եւ կնքեցին անոր մասին գոյութիւն ունեցող բոլոր խորհուրդները:

Քացախը լեղիով խառնեցին՝ ինչպէս ըսուած է:

Ձեռքերն ու ոտքերը ծակեցին եւ ոսկորները քակուեցան՝ ինչպէս գրուած է:

Անոր մահով մտահոգուեցան եւ զինք դատելու համար հաւաքուեցան. սակայն, ան յաղթական էր:

Հագուստները բաժնեցին եւ խաչեալին մօտ նստած պահակութիւն կ՛ընէին. սակայն ան անպարտ էր:

Երկինքը բացուած էր եւ երկնայինները լուռ կը դողային, որովհետեւ թագաւորը անարգուած էր եւ անոր լեգէոնները չէին մռնչար:

Տիրոջ Որդիին չարչարուած եւ սպասաւոր հոգեղէններուն վրայ լռութիւն սփռած ատեն, հրեղէն բանականներու դասերը կանգնած էին եւ հրամանի սանձերով փակած իրենց բերանները՝ որպէսզի իրենց թեւերէն կայծակներ թափելով չհրդեհէին ստորինները:

Որոտումները ուժեղ ձայնով կը շտապէին՝ լեռները զրկողներուն վրայ կործանել:

Փայլատակումները կը բորբոքուէին՝ սպանողները այրելու համար:

Հովերը կը զայրանային եւ մրրիկ ու մառախուղ կը սփռէին երկրի վրայ:

Օդը կը շաչէր եւ վիշապի պէս երկիրը կը կլանէր:

Տիեզերքը փոթորիկէն երերող վրանի պէս էր:

Քարերը կը ճեղքուէին, լեռները կը տագնապէին եւ այդ ժամուն մեծ սուգ տարածուած էր ամէնուրեք:

Առաւօտեան լոյսը մութ աղջամուղջ դարձաւ եւ միջօրէն գիշեր եղաւ:

Արեւը ստուերի քօղ հագաւ եւ աշխարհի վրայ խաւար տիրեց:

Լուսատուները շտեմարաններու մէջ փակեցին իրենց ճառագայթները եւ մութ գիշերը թեւերը տարածեց արարածներուս վրայ:

Աշակերտները փախան, Սիմոն ուրացաւ, Յուդա խեղդուեցաւ, Տիրամայրը ողբաց, իսկ սիրեցեալ Յովհաննէսը իր սիրելիէն հեռացաւ:

Լեռները կը կոծէին, տիեզերքի մէջ սուգ փռուած էր եւ արարածները Արարիչին անպարտ պատիժին համար կը հեծէին:

Չարչարողներէն դողալով առաքեալները ցրուեցան եւ թագաւորը երկնայիններէն եւ երկրայիններէն լքուեցաւ:

Երկնայիններուն եւ երկրայիններուն զգեցած մեծ սուգին մէջ, ողբի ձայն առնելով Մարիամ կ՛երգէր եւ երկնային դասերուն ներկայութեան շուրթերը շարժելով, արտասուքով կը խօսէր եւ կ՛ըսէր՝

«Ո՜վ Գաբրիէլ, եկո՛ւր եւ տես աւետմանդ վախճանը. որովհետեւ, Միածինս փոխան Դաւիթի աթոռին նստելու՝ ինչպէս խոստացար, ահա, անմեղաբար չարչարողներուն ձեռամբ խաչին վրայ դրուած է:

Իսկ դուն, Միքայէլ, հրեղէն այր, ինչո՞ւ լուռ ես։ Դո՛ւն, որուն սուրը հարիւր ութսուն եւ հինգ հազարը կոտորեց, այժմ խստութիւնդ սառեցա՞ւ որ անմեղօրէն դատապատուած Տիրոջդ համար վրեժխնդիր չեղար:

Աշակերտները լքեցին վարդապետը՝ մահուան երկիւղէն խոյս տալով. իսկ դո՛ւք, անմարմին զօրքեր, ինչո՞ւ անոր կողքին չէիք կանգնած զրպարտիչներու դատարանին մէջ:

Հողեղէնները սուրերէն եւ բիրերէն փախան. իսկ դո՛ւք, հոգեղէններ, որմէ՞ վախնալով ձեր Տէրը անարժաններուն ձեռքը յանձնեցիք:

Ձեզմէ երկուքը Սոդոմի մէջ անարգուելէ ետք, ձեր թեւերը թօթափելով հրեղէն անձրեւ տեղացուցիք եւ քաղաքն ու անոր բնակիչները այրեցիք:

Ձեր անարգանքին դիմաց վրէժխնդիր ըլլալու չյապաղեցաք՝ երբ կամեցաք, իսկ Միածինիս եւ ձեր Տիրոջ նախատինքը համբերութեա՞մբ կը կրէք:

Իր զրկուած ազգին համար Ամրամի որդին եգիպտացիէն վրէժ լուծեց, իսկ դուք ծուլացա՞ք մարտակից ըլլալու անմեղ գառնուկին՝ երբ զինք շրջապատող շուներն ու պաշարող ցուլերը արհամարհանքներ կը թափէին»:

Անոր վրայ հայհոյութեամբ բացին իրենց բերանները, իսկ երկնային գունդերը լուռ մնացին:

Թագաւորը անիրաւ ատեանին մէջ կապուած էր, իսկ իր հրեղէն զօրքին օգնութիւնը իրմէ հեռացած:

Կրակը սպառած էր, իսկ կրակին Տէրը՝ փայտին վրայ տարածուած:

Երկինքի մէջ բոցանիւթ էակները հանդարտած էին, իսկ հողեղէնները՝ յուզուած: Հրեշտակները լռած էին, իսկ մոխիրը իր լեզուն ընդարձակ կը բանար:

Սերովբէները թեւերով ծածկուած էին, իսկ հողեղէնները թուք կը ժայթքէին:

Քարերը կը ճեղքուէին, իսկ անգութ սիրտերը չէին փափկանար:

Արձանները կը քանդուէին, իսկ անօրէններուն ականջները չէին բացուեր:

Հրեշտակը թագաւորին մօրը հեզութեամբ պատասխանեց եւ իմաստութեամբ փարատեց անոր տարակոյսը, ըսելով՝

«Ո՜վ անբիծ աղաւնի, մի՛ զարհուրիր Միածինիդ կամաւոր մահուան համար, որ խաչին վրայ տարածուած է իր Հօր հնազանդելով:

Հօր սէրը զինք արգանդիդ մէջ բնակեցուց մարդանալու համար եւ անոր ողորմութիւնը ստիպեց զինք մեռնիլ ու որդիիդ մահով Ադամը կենդանացնել։ Մահը պիտի նահանջէ մարդոցմէ եւ իր չարչարանքով դժոխքի դռներուն նիգերը պիտի խորտակուին ու կապուածները պիտի արձակուին:

Իրմով Ադամի շառաւիղը գերութենէն կը վերադառնայ եւ ինք զայն կը տանի Ադէնի գաւառը՝ ուրկէ վտարուած էր:

Եթէ ինք չկամենար, նախատինքներու փայտը չէր կրնար զինք բարձրացնել:

Մեռելները կենդանացնողը իր անձը պիտի չապրեցնե՞ր՝ եթէ ուզեր:

Ան որ կոյրին աչքերը բացաւ, իր ձեռքերէն գամերը դուրս չէ՞ր հաներ:

Ան որ բորոտներուն վէրքերը մաքրեց, իր երեսին թուքը չէ՞ր սրբեր:

Ան որ ծովը խաղաղեցուց, բողոքողներուն ձայնը չէ՞ր կտրեր:

Ան որ ջուրը գինիի փոխեց, իրեն տրուած քացախը չէ՞ր քաղցրացներ:

Երկիրը սարսեց, զինք դատողները չէ՞ր դողացներ:

Արեւը խաւարեցուց, զինք խաչ հանողները չէ՞ր կուրցներ:

Լեռները դղրդեցուց, զինք նուաստացնողները չէ՞ր ընկղմեր:

Քարերը պատռեց, զինք ատողները չէ՞ր ճեղքեր:

Իր լռութիւնը շշմեցուց հրեղէններուն խումբերը, իսկ խռիւն ու խոտը ինչպէ՞ս պիտի յաղթէին իրեն»:

Թագաւորը խաչին վրայ բարձրաձայն «Էլի՜, Էլի՜» աղաղակեց եւ երկրին հիմերը իրարու զարնուեցան:

Հոգին լսեց անոր ձայնը եւ տաճարին քաւութենէն դուրս սուրալով վարագոյրը ճեղքեց:

Սրբութիւն սրբոցը սրբութեան ծածկոցը պատռելով անկէ փախաւ:

Արեւէն առկայծուած պատրոյգը մարեցաւ եւ խաւար տիրեց:

Ցերեկը մերկացաւ իր վայելուչ զգեստէն եւ աղջամուղջ հագաւ:

Ճեղքուեցան քարերուն արձագանգները, աղաղակեցին ժայռերը, խախտեցան լեռները, մահը հնչեց, պիղծ դեւը պոռչտաց եւ անոր թագը կործանեցաւ:

Բացուեցան գերեզմանները, մեռելները յարութիւն առին, դժոխքին որովայնը պատռեցաւ եւ այնտեղ բանտարկուած հոգիները ազատեցան:

Համատարած խաւարին մեջ լոյսի նշոյլ ծագեցաւ աւազակին սիրտին մէջ եւ լեզուին խոստովանութիւնը գովելիի պսակ դրաւ իր բարեպաշտ գլուխին:

Այն ժամուն, երբ ամբարշտութեան մէգը տարածուած էր, աղաղակեց Աստուծոյ օծեալին՝ «Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր, երբ թագաւորութեամբդ գաս»:

Այն ժամուն, երբ խաչողները կուտակուած նախատինքներու կարկուտ կը տեղային, անոր հաւատքի ծագման պայծառ նշոյլը փայլեցաւ եւ յաղթեց արեւուն:

Այն ժամուն, երբ այպանողներուն ձայնը բորբոքած ծովուն նման կ՛ալեկոծէր, ան խաչեալը կենդանիներու երկրին թագաւորը դաւանեցաւ:

Իսկ այն ժամուն, երբ զինք փառքի աթոռին նստած եւ սերովբէներուն մէջ վեր բարձրացած չէր տեսներ, այլ միայնակ իր աստուածային փառքով խաչին վրայ տարածուած, ըսաւ՝ «Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր, թագաւորութեանդ մէջ»:

Գլուխը խաչէն խոնարհեցնելով, ողբալից աղաչանքով կը դիմէր խաչակից թագաւորին եւ կ՛ըսէր՝ «Բաց ինծի ողորմութեան դուռը, ո՜վ Տէր, որպէսզի գեղեցիկ երկիրդ մտնեմ:

Կենա՛ց հաց, պարգեւէ որ մեծ սեղանովդ ուրախանամ:

Բա՛րձր պարիսպ, շնորհէ որ մօտդ մտնեմ եւ քեզմով ամրանամ:

Աշտարա՛կ անկոխ, զիս շտեմարանդ տար եւ աւազակներուն բռնութենէն պահպանէ:

Գանձանա՛կ մեծ, ինծի երանելի գանձերէդ պարգեւէ, որպէսզի քու շնորհիւդ տաժանելի աղքատութիւնը մոռնամ:

Ո՜վ տանուտէր, որ մէկ դահեկան վարձք տուիր առաջին ժամու մշակներուն, զիս նո՛յն շնորհին արժանացուր, որ տասնմէկերորդ ժամուն այգիդ եկայ:

Ան որ երկար կ՛աշխատի, մեծ վստահութեամբ մօտդ կը մտնէ արդարաբաշխ ձեռքէդ վարձք առնելու, իսկ ես որ միայն մէկ ժամ աշխատեցայ, շնորհաբաշխ աջէդ ողորմութիւն կը հայցեմ:

Առաջին մշակները, որ քրտինքէն եւ տօթէն այրեցան, սկիզբը կը մտնեն իրենց հատուցումը ստանալու. իսկ ես, որ վերջին ժամուն հասայ, միայն արժանի եմ ձրի պարգեւիդ:

Ո՜վ սէր, կանչէ՛ տնտեսդ, որ աշխատանքիս հատուցումը տայ եւ նախ զիս լիաբուռն արձակէ՛ որպէսզի բոլոր մշակները բարեյոյս ըլլան:

Այն ժամուն, երբ քեզի հետ աշխատիմ, Յիսո՜ւս թագաւոր, առագաստդ կանչէ՛ զիս, Տէ՜ր, որպէսզի աջակողմեանները մխիթարուելով ըսեն՝ «Եթէ անարժանը դահեկան մը առաւ, ուրեմն մեզի՝ երեք օր աշխատածներուս արդեօք որքա՞ն պիտի տայ»:

Նաեւ ինձմէ ետք եկող վերջինները ուրախ պիտի ըլլան իմանալով որ ապաշխարողներուն համար դուռդ բաց է:

Դուն որ կորուսեալները փնտռելու համար եկար, զիս՝ կորուսեալս փնտռէ՛ որպէսզի բոլոր մեղաւորներուն հայելին դառնամ:

Ո՜վ Տէր, որ արդարները ձգելով երկիր իջար մեղաւորները հրաւիրելով երկնաւորները ուրախացնելու համար, ինձմով կ՛ուրախանան լոյսի զաւակներուն դասերը, երբ զիս Հօրդ օթեւանը ընդունիս:

Դաւանէ՛ զիս առջեւդ, Տէ՜ր, ինչպէս խոստացար. որովհետեւ, ահաւասիկ ես քեզ Կայիափայի մօտ խռնուած ամբոխին առջեւ դաւանեցայ:

Խոստովանէ՛ զիս, Տէ՜ր, Հօրդ եւ երկնաւորներուն առջեւ, ինչպէս որ ես քեզ խոստովանեցայ խաչ հանողներուդ առջեւ, երբ աշակերտներդ երկիւղէն հեռացած էին:

Մի՛ ուրանար զիս, Տէ՜ր, երբ բոլոր ազգերը դատես. որովհետեւ, դատաստանիդ անարգանքներուն ժամանակ քեզ չուրացայ:

Իմ յանցանքներուս պատճառաւ խաչի մահուան բերուեցայ եւ ահա փայտ բարձրանալով կեանքի գանձդ ընդունեցի:

Զիս քեզ մահուան մատնածներէն պատժապարտ համարուեցայ, սակայն մահուան մէջ կեանք ստացայ քեզ՝ Տէրդ տեսնելով:

Թափած արիւնիս վրէժխնդրութիւնը զիս փայտէն կախեց, սակայն մահուան խորքերուն մէջ կենարարդ յայտնուեցաւ եւ ինծի կեանք տուաւ:

Մեղքերու խաւարին մէջ երկար ատեն կը չարչարուէի, սակայն կեանքիս նահանջի պահուն՝ մէջս լոյսդ ծագեցուցիր:

Յիշէ՛ զիս, Տէ՜ր, երբ գաս մեծ օրը, որպէսզի անարգութիւնդ տեսնողս փառաւոր երկիրիդ փառքին նայիմ»:

Այն ատեն Յիսուս պատասխանեց անոր, զայն յուսախաբ չըրաւ եւ անոր աղաչանքներուն փոխարէն ողորմութեան դուռը բացաւ, հրաւիրելով՝

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, հաւատա՛ ո՜վ մարդ, որ այսօր իսկ դրախտին մէջ ինծի ուրախակից պիտի ըլլաս»:

Փրկչին կողէն ցայտած կենարար ջուրը աւազակին համար մկրտութիւն եղաւ եւ Աստուծոյ Որդիին արեան վտակը՝ երկնային անապական պատմուճան:

Գեղարդը Գողգոթայի վրայ ողորմութեան ծովը բացաւ, աւազակը կեանքը ճաշակեց եւ զմայլած բոլորը հրաւիրեց համեղ ըմպելին վայելելու:

Արեան աղբիւր բղխեցաւ խաչին ծայրերէն եւ աւազակը Ադամի մեղքէն մաքրուելով ամբողջ տիեզերքը մեղքերու աղտէն սրբուելու հրաւիրեց:

Չքացաւ բարկութիւնը եւ թագաւորեց խաղաղութիւնը՝ Միածին Աստուծոյ յայտնութեամբ:

Ինքը միջնորդ եղաւ եւ հաշտեցուց մեզ եւ Հայրը՝ ինչպէս կամեցաւ:

Միածին Որդիին խոցուած գեղարդով հրեղէն սուրը թուլացաւ եւ անոր պատռուած կողին միջոցաւ բաժանման պատնէշը քանդուեցաւ:

Եւ ինչպէս Ադամով բոլորս մեռանք, այնպէս ալ Քրիստոսով բոլորս կենդանացանք:

Խաղաղութիւն բերող Քրիստոս, որ թշնամին մահովդ սպանեցիր, խաղաղութիւն տո՛ւր աշխարհով մէկ տարածուած եկեղեցիիդ եւ քեզ փառք յաւիտեանս. ամէն:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին