ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ
Հայրապետիս անունը կը գտնենք հաւասարապէս Արտազեան եւ Սիսական աւանդութեանց մէջ, ինչպէս վերեւ յիշեցինք (§ 25)։ Արտազեան յիշատակարանը զայն Մուշեղ ալ կը կոչէ՝ անուններու նմանաձայնութեամբ (68 ԱՐՐ. 102), բայց կը նախադասենք Մուշէ յորջորջել, որ է նոյն ինքն Մովսէս անունին ասորահնչիւն կերպը, քան թէ Մուշեղ, որ զուտ հայկական անուն է։ Յիշատակարանն ալ զայն բնիկ հայ չի ճանչնար, այլ կը յիշէ թէ իր յերկրէն Պարսից (68 ԱՐՐ. 102), որ եւսքանզեւս կը հաստատէ զայն Սիւնեաց Մուշէին հետ նոյնացնելու կարծիքը, քանի որ Մուշէէն առաջ Սիւնեաց եպիսկոպոս եղող Բաբելասն ալ Խուժիկ էր, որ է ըսել Պարսից Խուժաստան նահանգէն։ Ինչպէս ալ մեկնենք, Սիւնեաց մէջ Պարսկաստանցիներու խումբ մը կը գտնուի, եւ անոր կը պատկանի Արզազու Մուշէ հայրապետն ալ։ Մուշէի Արտազու մէջ մնալը հալածանաց վերագրելի է, եւ յայտնապէս կը տեսնուի, որ Ատրներսէհի նահատակութեան վրայ դժուարին եղած է աթոռին նոր հովիւ մը կարգել, եւ Մուշէ, որ Սիւնեաց աթոռին համար ձեռնադրուած էր, եւ տակաւին Արտազ կը մնար, ստիպուեցաւ տեղւոյն հովուական հոգը ստանձնել, եւ ոչ կարաց անդրէն դառնալ Սիւնեաց աթոռը (ՕՐԲ. Ա. 62)։ Հալածանաց շարունակութեան կ’ակնարկէ Արտազեան յիշատակարանն ալ երբոր կը վկայէ, թէ Մուշէ պարտաւորուեցաւ գաղտնի կերպով, պահուրտելով եւ մէջտեղ չերեւնալով վարել իր երեսնամեայ երկարատեւ պաշտօնաւարութիւնը. Յետ կառավարելոյ զժողովս սրբոց ի թաքստեան իբր երեսուն ամ, վճարեաց զկեանս իւր (68 ԱՐՐ. 102)։ Այդ վկայութենէն կը քաղեն եւս թէ Մուշէի վախճանը եղած է բնական մահուամբ՝ ծերացեալ տարիքի մէջ, եւ ոչ նահատակութեամբ։ Իսկ իր 30 տարիներու պաշտօնաւարութիւնը հաշուելով կը հասնինք մինչեւ 123 թուականը։ Այդ միջոցին քաղաքական պատմութիւնը թէ Հայկական եւ թէ Հռոմէական աղբիւրներու համեմատ նշանաւոր եղելութիւններ եւ փոփոխութիւններ չի ներկայեր։
0 կարծիք