Նոր կիրակի – Կրկնազատիկ

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ – ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ

– Սպիտակ Կիրակի. ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ

Արեւելեան Եկեղեցիներ Զատկին յաջորդող Կիրակիին կուտան ՆՈՐ մակդիրը, այն բացայայտ պատճառով, որ Զատիկը լինելով գերազանց Կիրակին, անոր յաջորդողը կ’ըլլայ սկիզբը տարւոյն բոլոր Կիրակիներուն: Իսկ Արեւմտեան Եկեղեցին զայն կը կոչէ «ՍՊԻՏԱԿ ԿԻՐԱԿԻ»: Մենք պիտի ուզէինք ասիկա խորհրդանշական ակնարկութիւն մը նկատել այն սպիտակ մաքրութեան որ Եկեղեցիին մէջ կը տիրապետէ. Զատկական մկրտութիւններէ, հաղորդութիւններէ եւ հոգեկան մաքրագործումներէ յետոյ: Հայաստանեայց Եկեղեցին, սակայն, ունի ուրիշ անուանակոչում մը այս Կիրակիին համար – ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ – ինչ որ կը նշանակէ թէ այս Կիրակիին կը կըրկնուին Զատկական ուրախութիւնները, ինչպէս նաեւ Զատկին տիրող հոգեւոր ու ընկերային մթնոլորտը:

Ըստ այս Կիրակիի շարականներու մեկնաբանութեան Նոր Կիրակին իր մէջ կը բովանդակէ մարդկային կեանքի վերանորոգութեան խորհուրդը:

Կեանքը երկրի վրայ իր գոյութիւնը կը շարունակէ ոչ միայն պտղաբերելով եւ սերնդագործելով, այլ նաեւ ու առաւելաբար վերանորոգուելով: Այնքան կենսական է վերանորոգութիւնը կեանք ունեցող արարածներու համար, որքան հունտ ու պտուղ արտադրելը, որքան ձագ ու զաւակ բերելը:

Բնութեան գեղեցկագոյն երեւոյթներէն է վերանորոգութիւնը: Ո՞ր սիրտը չէ բացուած երբ ձմրան մեռելութենէ յետոյ նշմարած է նշենին որ հարսնացեր է, ծիրանին` որ ծաղկեր է, խոպանացած ու ցամքած դաշտեր ու լեռներ, որոնք դալարիքով պճնուած են եւ որոնց վրայ տակաւ առ տակաւ, երանգ առ երանգ ծաղիկներ իրենց բնանկարները կը բանին: Ո՞ր հոգին չէ լեցուած հըրճուանքով երբ միջատներ, թիթեռներ, թռչուններ ու դաշտի կենդանիներ, որոնք ձմրան մեծագոյն մասամբ անյայտացած էին, վերստին կը լեցնեն բնութիւնը կենսուրախ զեղումով:

Վերանորոգութիւնը նոյնքան կենսական ու կարեւոր է մարդկային բանական կեանքին մեջ: Մեր բջիջներուն պէս մեր ոգեղէն կառուցուածքին տարրերն ալ ենթակայ են մաշումի եւ մահուան: Ծառերն ու ծաղիկները անձրեւով ու արեւով յագենալէ յետոյ կ’արթննան, կը վերակենդանան: Արտաքին ազդակներ անհրաժեշտ են նաեւ մեր ներքին կեանքի վերանորոգութեան համար: Մեր գաղափարները, մեր համոզումները, մեր սէրը, մեր հաւատքը եւ այն ամէնը, որոնք չեն երեւիր եւ որոնք սակայն կը կազմեն մեր ներքին կեանքը, ներքին մարդը, կը կարօտին նոր ներարկումի, նոր աւիշի, նոր արեւի եւ անձրեւի:

Յիսուս է մարդկային բանական կեանքի գերագոյն վերանորոգիչը:

Ան վերանորոգեց Հին Ուխտը, որ մաշած էր այլեւս եւ իր նպատակին չէր ծառայեր, աւելի շիտակ` Աստուծոյ նոր նպատակին անբաւարար էր: Յիսուս պէտք տեսաւ ՆՈՐ ՈՒԽՏ մը հաստատել նոր քարոզութեամբ եւ զայն կնքեց իր արիւնով: Նորոգեց հին պատուիրանները. նոր «գինին» նոր «տիկերու» մէջ լեցուց: Ամէն մարդ որ կը լսէր իր քարոզութիւնը կամ ականատես կ’ըլլար իր հզօր գործերուն զարմացած կամ զայրացած կ’ըէր. «Ի՞նչ է այս նոր վարդապետութիւնը» (Մարկ. Ա. 27): Յիսուս «նոր պատուիրան» տուաւ համայն մարդկութեան – սիրոյ պատուիրանը:

Առաքեալները, որոնք ոգեւին նորոգուած էին Քրիստոսի քարոզութեամբ, յարութեամբ ու մանաւանդ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ, նոյն վերանորոգութիւնը կը թելադրեն բոլորին: Պօղոս Առաքեալ, որ արդարեւ Յիսուսի ուղղակի եւ անմիջական ազդեցութեամբ հոգեպէս եւ հիմնովին վերակենդանացաւ, իր նամակներուն մէջ հզօր շեշտ կը դնէ այս լարին վրայ: «Մաքրեցէք ձեր մէջէն հին խմորը, որպէսզի նոր զանգուած ըլլաք» (Ա. Կորնթ. Ե. 7): Կը պնդէ «Նոր մարդ, նոր արարած» ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ: «Ոչ թլփատուած ըլլալը եւ ոչ ալ անթլփատ մնալը բարոյական մարզի մէջ արժէք մը կրնան ներկայացնել. էականը «նոր արարած» ըլլալն է (Գաղ. Զ. 15): «Մէկդի նետեցէք ձեր նախկին կենցաղը, հին մարդը, որ ապականուած է ցանկութեամբ եւ խաբէութեամբ: Նորոգուեցէք հոգւով եւ մտքով. հագէք նոր մարդը, որ ըստ Աստուծոյ կամքին հաստատուած է արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ» (Եփս. Դ. 22-25): «Մերկացէք հին մարդը իր գործերով եւ հագեք նորը` որ մշտապէս կը նորոգուի իր Արարչին պատկերովը եւ Անոր ճանաչումովը» (Կող. Գ. 10): «Թէպէտեւ մեր արտաքին մարդը կը քայքայուի, բայց մեր ներքին մարդը կը նորոգուի օր ըստ օրէ» (Բ. Կորնթ. Դ. 16):

Ու Նոր Կտակարանը իր վախճանին կը բերուի երբ Յայտնութեան Գրքի Տեսանողը կ’ըսէ. «Նոր երկինք եւ նոր երկիր մը տեսայ, վասնզի նախկին երկինքը եւ նախկին երկիրը անյայտացաւ… եւ Աթոռին վրայ նստողը ըսաւ. ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կ’ստեղծեմ» (Յայտ. Իա. 5):

Քրիստոնէական հիմնական այս գաղափարին յատկացուած է Նոր Կիրակին: Եւ օրուան շարականը, որ Ներսէս Լամբրոնացիի քերթողական բարձր ոճով գրչին արգասիքն է, կը յայտարարէ մարդկային ազգի նորոգութիւնը մեղքի եւ մահուան հնութենէ եւ կը հռչակէ այս Կիրակին իբրեւ Նաւակատիքը, այսինքն սկիզբը մեր փրկութեան:

(Տես գրութեանս վերջաւորութիւնը):

Շարականին սկիզբը յիշուած «Նորոգեալ Կղզիք»ը քրիստոնեայ դարձած ազգերն են. նոյն նշանակութիւնը ունի յաջորդ տողի «Եկեղեցիք հեթանոսաց» բացատրութեան հետ: Շարականի երկրորդ տունով Սրբազան բանաստեղծը խօսքը կ’ուղղէ «Հարսին», այսինքն Եկեղեցիին, ըսելով. «Ներսէն զարդարուէ ոսկեճամուկ զգեստներով պճնուած». այսինքն առաքինութիւներով եւ սրբութեամբ նորոգուէ: Երրորդ տունի «Սիոնի Որդիները» եկեղեցիի զաւակներն են: Շարականի այս համարով կը թելադրուի անոնց. «Ուրախացէք ի Քրիստոս թագաւորն» եւ ձեր հոգիներուն հնութենէն նորոգուած ըլլալու առիթով Նուակատիք տօնեցէք եւ օրհնեցէք հրեշտակներու հետ «փառաց թագաւոր» Քրիստոսը:

Երանի անոնց, որոնց մէջ չէ մեռած եռանդը, հաւատքը եւ տրամադրութիւնը վերանորոգուելու: Անոնք պիտի նմանին հզօր արծիւին, որ ամէն տարի կը փոխէ իր փետուրները եւ խորհրդանշանը կը հանդիսանայ երկարակեցութեան եւ անսպառ ոյժի: Անոնք պիտի նմանին խնձորենիին որ ամէն տարի նոր ծաղիկներով եւ նոր տերեւներով կը պատմուճանուի, եւ ամէն տարի նոր պտուղներով կը բեռնաւորուի:

ՇԱՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻԻՆ

– Օրհնութիւն –

 

Նորոգեալ կըղզիք առ Աստուած, եկեղեցիք հեթանոսաց,
Ի գլխոց լերանց գոչմամբ ձայնի, տուք ըզփառս Աստուծոյ.
Եւ պատմեցէք զքաջութիւն Յարուցելոյն ի մեռելոց:

 

Երկնաւոր փեսային հարսնացեալ եկեղեցի Աստուծոյ,
Զարդարեա՜ ի ներքոյ ի հանդերձըս յոսկեհուռըս պըսակեալ.
Քանզի ահա գայ առ քեզ Քրիստոս փառաց թագաւորն:

 

Ր’ախացեալ որդիք Սիովնի, ի թագաւորըն Քրիստոս,
Տօնեցէք ցընծութեամբ զնաւակատիս հոգւոց մերոց նորոգեալք ի հնութենէ.
Եւ ընդ հրեշտակս օրհնեսցուք զՔրիստոս փառաց թագաւորն:

 

Սքանչելի է խորհուրդ տնօրէնութեան քո, Քրիստոս,
Որ իջեր է ի Հօրէ, ի սէր հարսին եկեղեցւոյ զոր ընտրեցեր.
Որով փառաբանիս, Քրիստոս, անմահ թագաւոր:

 

Երեւեցար յարուցեալ եկեղեցւոյ քո հիմանցն,
Յորմէ Թովմաս հրաժարէր ոչ հաւատալ զքեզ տեսողացն.
Որում ցուցեր այսօր փափագողին զվերըս մարմնոյդ:

 

Սարսելով Թովմայի շօշափէր զխոցուած տիգին եւ զբեւեռացն,
Եւ գոչելով վերաձայնէր Տէր եւ Աստուած դաւանելով ըզյարուցեալդ.
Որով առաք զերանին որք ոչ տեսեալ հաւատացաք:

 

 

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻԻՆ

 

Նորոգուած կըղզիներ, Ազգերու եկեղեցիներ,
Լեռներու կատարներէն բարձրաձայն փառք տուէք Աստուծոյ.
Եւ պատմեցէք քաջութիւնը Յարուցեալին:

 

Երկնաւոր փեսային հարսնացեալ եկեղեցի Աստուծոյ,
Զարդարուէ ներքնապէս ոսկեհուռ հանդերձներով պճնուած.
Քանզի կ’իջնէ քեզի Քրիստոս փառաց թագաւորն:

 

Ուրախացեք, Սիոնի որդիներ, Քրիստոս թագաւորով,
Տօնեցէք ցնծութեամբ նաւակատիքը մեր հոգիներուն.
Եւ օրհնեցէք հրեշտակաց հետ զՔրիստոս, փառաց թագաւորն:

 

Սքանչելի է, Քրիստոս, խորհուրդը տնօրէնութեանդ,
Որ իջար Հօրմէ ի սէր Հարսիդ եկեղեցւոյ,
Որմէ փառք կ’ստանաս, Քրիստոս, անմահ թագաւոր:

 

Երեւեցար յարուցեալ եկեղեցւոյդ հիմքերուն,
Իսկ բացական, Թովմաս, չէր հաւատար տեսնողներուն.
Որուն սակայն ցոյց տուիր այսօր վէրքերը մարմնոյդ:

 

Սարսափահար Թովմաս կը շօշափէր հետքը վէրքիդ եւ գամերուն,
Ու բարձրաձայն յարուցեալդ Տէր եւ Աստուած կը դաւանէր:
Որով մենք ալ երանուեցանք, զի չտեսած Քեզ հաւատացինք:

 

Հատկորոշիչներ՝ կիրակի, կրկնազատիկ, նոր

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...