Բայց պէտք է ընդունիլ թէ երբ ցանկալի նշխարքը զետեղուեցան Թորդանի մէջ, ամբողջ ոսկորները տապանին մէջ չդրուեցան, այլ ժամանակին սովորութեան համաձայն, ոսկորներուն մի մասովը տապան մը կազմուեցաւ, եւ ուրիշ մասեր զանազան տեղեր ցրուեցան, եւ գլխաւորապէս տարուեցան Վաղարշապատ, եւ Լուսաւորչաշէն Մայր տաճարին մէջ հաւատացելոց բարեպաշտութեան առարկայ եղան։ Ըստ այսմ երբ 450-ին Հայ նախարարներ կեղծ ուրացութեամբ Պարսկաստանէ կը դառնային, Բագրեւանդի մէջ զիրենք դիմաւորող եկեղեցականները խաչին նշանին հետ կը տանէին զնշխարս սրբոյ առաքելանման նահատակին Գրիգորի (ՓԱՐ. 55)։ Նոյնպէս Յովհան Մանդակունի, Վահան Մամիկոնեանի՝ սպարապետութեամբ Հայաստան եկած ատեն, զայն կը դիմաւորէր, սուրբ խաչին նշանէն զատ, սուրբ նշխարօք ճգնազգեաց նահատակին Գրիգորի (ՓԱՐ. 176)։ Ներսէս Շինող, Զուարթնոց տաճարը շինած ատեն, ի ներքոյ չորից սեանց հաստահեղուսիցն բաժանեալ դնէ զնշխարս ոսկերաց սրբոյն Գրիգորի։ Նոյն կաթողիկոսն զքրիստոսադրոշմ եւ պատուական գլուխն սուրբ Լուսաւորչին, արտաքոյ ի գզրոցի եդեալ դնէ ի գանձարանս (ՅՈՎ. 107)։ Կը յիշուի նաեւ որ Զենոն կայսեր խնդրանօք ոսկորներէն մաս մըն ալ Կդոստանդնուպոլիս փոխադրուեցան (ՎՐՔ. Գ. 359), եւ թէ այս նշխարները պահ մը անյայտացած ըլլալով վերստին գտնուեցան Միքայէլ Գ. կայսեր օրով, Թ. դարուն մէջ (ՎՐՔ. Գ. 362)։ Հանրածանօթ է Լուսաւորչի Աջին յարգը որ իբր կաթողիկոսութեան նշանակ նկատուած է ազգին կողմէն, եւ կաթողիկոսներու հետ տեղափոխուած, եւ այսօր ալ կը գտնուի Էջմիածնի մէջ, առանց մոռանալու որ երկրորդ աջ մըն ալ կը ցուցուի Սիսի մէջ։ Իսկ Լուսաւորչի գլուխը այսօր ամենայն պատուով պահուած է Իտալիոյ Նէապօլիս (Napoli) քաղաքը, նոյնինքն Ս. Գրիգորիսի Արմենոսի (San Gregorio Armeno) կամ Հայոց Ս. Գրիգորին նուիրեալ եկեղեցւոյն մէջ, որուն մենք ալ այցելած եւ տեսած ենք, եւ կը պատմեն թէ Հայ կուսաններ փոխադրած են զայն Արեւելքէն, ասիական հրոսակներու արշաւանքներուն ատեն։ Չենք խօսիր այն մանրմունր փշուրներուն վրայ, որոնք վերջին դարերու սովորութեան համեմատ ամէն կողմ ցրուած կը գտնուին, այլ միայն ուզեցինք շեշտել, թէ առաջին անգամ Թորդանի մէջ զետեղուելու ժամանակ ալ, Լուսաւորչի ոսկորները ամբողջապէս միեւնոյն տեղ ամփոփուած չեն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք