Արիոս Աղեքսանդրացի, Ակիւզատ հայրապետէն երէց ձեռնադրուած, իր իմաստասիրական հմտութեամբը ծանօթ անձ մըն էր, որ մինչեւ իսկ հայրապետութեան յաջորդելու աչք ունեցաւ, եւ Աղեքսանդրի ընտրուելէն ցաւեցաւ։ Այն ժամանակները կը շարունակէին Յիսուսի անձին վրայ խնդիրներ, զորս յուզած էր Պօղոս Սամոստացին։ Արիոս ալ սկսաւ պաշտպանել թէ Յիսուս Քրիստոս չէ Որդի Աստուծոյ մարդացեալ, այլ գերագոյն արարած մը, եւ թէ իրեն տրուած Որդի Աստուծոյ կոչումը բառական իմաստով առնելու չէ։ Աղեքսանդր հայրապետ Աղեքսանդրիոյ կրկին գաւառական ժողովներու մէջ, 319-ին եւ 312-ին, հերքեց Արիոս երէցին կարծիքը, որ սակայն իրեն պաշտպան եպիսկոպոսներ ալ ունեցաւ եւ Եւսեբիոս արքեպիսկոպոս Նիկոմիդիոյ ուրիշ ժողովով մը արձակեց Արիոսը Աղեքսանդրիոյ ժողովներուն դատապարտութենէն։ Երբոր վէճերը ընդհանրացան եւ եկեղեցւոյ մէջ հակառակութիւնները սաստկացան, Կոստանդիանոս ուզեց խնդիրը ընդհանուր ժողովի մը մէջ լուծել, եւ բոլոր քրիստոնեայ աշխարհի եպիսկոպոսները հրաւիրեց Նիկիա քաղաքը 325-ին, ուր ժողովը բացուեցաւ Յունիս 19-ին։ Հրաւիրուած էին նաեւ Տրդատ եւ Գրիգոր, այլ չուզելով, կամ լաւ եւս՝ չկրնալով անձամբ երթալ, Արիստակէսը իրենց փոխանորդ նշանակեցին, եւ իրենց կարծիքին ու դաւանութեան յայտարարութիւնն ալ գրաւոր անոր յանձնեցին եւ ճամբայ հանեցին (ԽՈՐ. 176)։ Արիստակէս եղաւ Նիկիոյ 318 հայրապետներէն մին, որք միայն քանի մը հատի տարաձայնութեամբ, Արիոսական վարդապետութիւնը դատապարտեցին, եւ Արիոսը նզովեցին, եւ Կոստանդիանոս ալ զայն աքսորեց։ Նիկիոյ ժողովին հայրապետներուն կը կարդացուի Հայոց Մեծաց Արիստարքոս կամ Արիստակիսոս կամ Արսափիոս անունով եպիսկոպոսը, որ մեր Արիստակէսն է, թէպէտ օրինակէ օրինակ անունը աղաւաղուած։ Յատուկ գործունէութեանը կամ բանախօսութեանը յիշատակ մը չունինք, բայց արդէն այնչափ եպիսկոպոսներուն մէջէն միայն քանի մը հատ պայքարողներու անունները միայն կը տեսնուին ժողովին ատենագրութեանց մէջ։ Արիստակէս ժողովէն շիտակ վերադարձաւ Վաղարշապատ արժանահաւատ բանիւ, եւ քսան կանոնեալ գլխովք ժողովոյն (ԽՈՐ. 177), եւ Գրիգոր ուղղափառ հաւատքի յաղթանակին վրայ ուրախանալով կ’ընդունի եւ կը հռչակէ Նիկիային կանոնները, եւ սուղ ինչ գլուխս յինքենէ ի կանոնս ժողովոյն յաւելու (ԽՈՐ. 177)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք