ՅՈՒՍԻԿԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ (113)

Յուսիկի երկու զաւակները, Պապ եւ Աթանագինէ, եկեղեցական կոչման հրաւէրը, կամ իրենց ըմբռնմամբ՝ փորձանքը, վերջնապէս հեռացնելէն ետքը, աւելի եւս ազատօրէն ի բազում անառակութեան գնային, եւ զկարգն Աստուծոյ արհամարհեալ այպանէին (ԲԶՆ. 48), եւ նախնիքներէն իրենց ժառանգութիւն մնացած կալուածներն ու սրբավայրերը անլուր խենէշութիւններով կը պղծէին։ Սակայն չկրցան երկարել իրենց կարծեցեալ վայելքը, վասնզի յոյժ ահագին եւ սարսափման լսողաց արժանի մահ մը կը հասնէր նոցա յանկարծ յաւուրսն յայնոսիկ, եւ երկուքն ալ մէկտեղ ի միում տեղւոջ շանթահար եղեալ կը մեռնէին (ԽՈՐ. 201), ինչ որ աստուածային պատուհաս մը նկատուեցաւ։ Անգամ մը եկած էին Աշտիշատ՝ իրենց կալուածը, եպիսկոպոսանոցը կը մտնէին իբրեւ իրենց սեփականութիւնը, եւ այնտեղ ուրախակից եւ բազմականակից ընկերներով լկտի խնջոյքներ պատրաստելով, ըմպէին գինի բոզօք եւ վարձակօք եւ գուսանօք եւ կատակօք, եւ եղած արդարութեանց չանսալով զսուրբ եւ զնուիրեալ տեղօքն քամահեալ կոխան առնէին։ Բայց ահա յանկարծ օդը կը մթագնի, երկինքը կը գոռայ, տեղատարափ կը թափի, եւ կայծակ մը ահագին փայլատակմամբ կ’իջնէ եպիսկոպոսանոցին վրայ, եւ հարեալ սատակէր զերկոսեան զեղբարսն միանգամայն բազմականին անդ։ Սեղանակիցներ գոռում գոչումի ատեն ահուդողի մէջ այս կողմ այն կողմ ցրուած էին, մինչ երկու եղբայրներ կամ արբեցութենէ չկրնալով կամ յանդգնութեամբ փախչիլ չուզելով, աստուածային բարկութեան պատուհասին հանդիպեցան, վասնզի ամենուն ըմբռնման համեմատ, հրեշտակ տեառն էր, որ երեւեցաւ ի նմանութիւն փայլատական (ԲԶՆ. 45)։ Այսչափ մեծ եղաւ ամենուն սարսափը, որ ոչ ոք յանդգնեցաւ մօտենալ ու դիակները վերցնել, եւ հազիւ օրեր անցնելէն ետքը անոնց ցամաքեալ եւ կճղացեալ, այսինքն կայծակէն այրած ու խանձողած դիակները վերցուեցան, եւ եկեղեցւոյն կից Ագարակ կոչուած տեղը թաղուեցան։ Ագարակ անունը մտածել կու տայ, թէ սա միեւնոյն տեղն է ուր Փառէնի մարմինն ալ յետոյ թաղուեցաւ (§ 109)։ Այս եղաւ աղետալի վախճանը հայրապետներու անսուրբ շառաւիղներուն։ Պապ զաւակ չէր ունեցած իր Վարազդուխտ կնոջմէն, այլ միայն Վրիկ անունով ապօրէն զաւակ մը թողուց Հացեկացի հարճէ մը, այսինքն Աշտիշատի մօտ Հացիկ գիւղացի աղջիկէ մը։ Իսկ Աթանագինէ իր Բամբիշ կնոջմէն միակ զաւակ մը ունեցած էր, որ է Ներսէս հայրապետը (ԲԶՆ. 49)։ Պապի եւ Աթանագինէի մահը պէտք է դնել իրենց հօրը մահուանէն քիչ ետքը, 349-ին մերձաւորապէս։

Հատկորոշիչներ՝ եկեղեցի, զաւակներ, Յուսիկ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ (115)

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ – Շահակի վարկածը որպէս Փառէն կաթողիկոսի յաջորդ։

Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ։ Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ։

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ (114)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ – Տիրան և Արշակ թագաւորները։

Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ’անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը։ Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս։

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀ (112)

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀ – Փառէն Աշտիշատեցու հայրապետութեան տարիներն ու մահը։

Փառէնի անձին եւ գործունէութեան մասին բան մը չի գրեր Խորենացին. իսկ Բուզանդ ընդունելով հանդերձ, թէ՝ զիւր անձն սուրբ պահէր, կը յայտնէ, թէ՝ ստիպեալ եւ ի հարկէ ընգերէր անօրէն թագաւորին, այսինքն է՝ Տիրանին, եւ ըստ նորին կամացն երթեալ, չհամարձակէր կամ խրատել ինչ կամ յանդիմանել (ԲԶՆ. 45)։