Մեր ազգին համար նշանակութիւն ստացած անձնաւորութիւն մըն ալ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետն է։ Ազգային աւանդութիւն մը կը կարծէ, թէ Յակոբ զաւակն է Անակի քրոջ՝ խոսրովուհիի, որով Լուսաւորչի հօրաքեռորդին եղած կ’ըլլայ, եւ թէ քոյր մըն ալ ունեցած է, Ասկնդնէ անունով, որ Գթաց թագաւոր Հռչէի մայրն եղած է (ԶԵՆ. 22)։ Սակայն ըստ այլոց Յակոբ բնիկ Մծբնացի ասորի մըն է, եւ մեր Յայսմաւուրքն ալ տարբեր տեղեր տարբեր կարծիքներ կը կրկնէ (ՅԱՍ. Ա. 27, Բ. 290)։ Ամէնքը կը միաբանին ըսել, թէ անոր առաջին կեանքը խստամբեր եւ ճգնաւորական եղաւ Կորդուաց լեռներուն մէջ, թէ Մծբին դարձած ատեն միացաւ Մարուգէ կամ Մարկեղոս ճգնաւորին հետ, թէ դիոկղետիանոսի ատեն հալածանք ալ կրեց, եւ թէ ժողովրդեան բռնադատութեամբ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Ամիդի մետրոպոլիտէն։ Յակոբ թէ՛ հովուութեամբ, եւ թէ՛ վարդապետութեամբ նշանաւոր եղաւ եկեղեցւոյ մէջ, Նիկիոյ սուրբ ժողովին եւ Անտիոքի ժողովին ալ ներկայ գտնուեցաւ, եւ հրաշքներով եւ գուշակութիւններով հռչակուեցաւ, եւ Սքանչելագործ անունով փառաւորուած հայրապետներէն մէկը ճանչցուեցաւ։ Անոր կը վերագրուի եւս Արարատի վրայ բարձրանալու յանձնառութիւնը, որպէսզի հաստատէ ջրհեղեղի ճշմարտութիւնը, տապանին փայտէն կտոր մը բերելով։ Այս առիթով հրեշտակի ձեռքէն կտոր մը ստացած է կ’ըսուի, քանի որ իրեն անհնար եղած է Արարատի գագաթին սառնամանիքներէն աւելի վեր բարձրանալ։ Էջմիածնի գանձարանին մէջ ցարդ կ’պահուի Ս. Յակոբի բերած տախտակէն մաս մը, որ քարացած փայտի կտոր մըն է։ Յակոբ ոչ միայն կ’ուզեր ջրհեղեղի ստուգութիւնը հաստատել, այլեւ լուծել միւս խնդիրը, թէ Հայոց Արարատին, թէ ոչ Կորդուաց Սարարատին վրայ նստած էր տապանը։ Ընդհանուր աւանդութիւնը ի նպաստ Արարատի լուծուած գիտէ այդ խնդիրը, որով անիմանալի կը դառնայ Բուզանդի խառնաշփոթ բացատրութիւնը, ի լերինս Հայոց, ի լեռանն Սարարատայ, ի սահմանս Արարատեան թագաւորութեան, ի գաւառն Կորդուաց (ԲԶՆ. 22), ուր իրարու խառնուած են երկու լեռներուն հանգամանքները։ Այդ պարագային հետ կը կապուի Յակոբի եւ Մանաճիհրի դիպուածը։ Մանաճիհր Ռշտունի՝ Աղձնեաց Բակուրի ապստամբութիւնը ճնշած ատեն, յառաջացած կ’ըլլայ մինչեւ Մծբին, եւ ուրիշ գերիներու հետ Յակոբի ութը սարկաւագներն ալ տարած։ Յակոբ կը հետապնդէ գերիներուն ազատութիւնը ընդունելու, բայց Մանաճիհր սուրբին միջնորդութիւնը կ’անարգէ, եւ ութը սարկաւագները (ԽՈՐ. 93) եւ 800 գերիները (ԲԶՆ. 24) Աղթամարի ծովին մէջ գահավիժելով կը խեղդէ, որուն վրայ Յակոբ Ընձաքեարս լերան գագաթէն Ռշտունեաց գաւառը կ’անիծէ, եւ գաւառը անջրդի եւ անպտուղ կը դառնայ, եւ հազիւ կը դարմանուի Մանաճիհրի որդւոյն ապաշխարութեամբը (ԽՈՐ. 193)։ Կը պատմուի եւս թէ Արտամէտ գիւղացի՝ սրունքնին բաց լաթ լուացող աղջիկները, Յակոբի անցած ատեն ծածկուած չըլլալնուն համար, անկէ անիծուեցան եւ մազերնին ճերմկցաւ (ՎՐՔ. Ժ. 17)։ Մինչեւ հիմա ալ կը տեսնուին Արտամէտցի աղջիկները, որ մազերնուն մէջ ճերմակ փունջեր ունին։ Յակոբի վրէժխնդիր հրաշքները մեծապէս օգտակար եղան Մծբնացւոց, որոնց քաղաքը փրկեց Շապուհի արշաւանքէն եւ պաշարումէն։ Արտաքին պատմութիւնն ալ կը հաստատէ Պարսից անյաջողութիւնը 350-ին, Մծբինի պաշարման առթիւ։ Քիչ ետքը վախճանեցաւ Յակոբ՝ Մծբինի աթոռին վրայ խաղաղութեամբ։ Իրեն անունով վանքեր եւ իրեն մասունքները յաճախ են Ռշտունեաց եւ Մոկաց գաւառներուն մէջ։ Յակոբ Մծբնացւոյն վերագրուած են Զգօնի ճառերը, որք հայերէնի ալ թարգմանուած են, թէպէտ վերջին քննութիւններ տարբեր անձ մը կը ցուցնեն Զգօնը, եւ ոչ Մծբնայ Ս. Յակոբ հայրապետը։ Ս. Յակոբ յատուկ ժողովրդական բարեպաշտութեան առարկայ է Հայոց մէջ, իբր երկնաւոր պաշտպան մը ընդդէմ ժանտախտի եւ ժանտամահի, ինչպէս Ս. Խարալամպոս Յունաց եւ Ս. Ռոքոս Լատինաց համար։ Մեր տօնացոյցին գլխաւոր եւ հնաւանդ տօներէն մէկն է Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին յիշատակը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք