ՄՈՒՏՔ

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՈՒՍՏՅԱՆ

 

ԳՈՒՆԱԳԵՂ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐ ԵՒ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

 

ՄՈՒՏՔ

 

 

«Գունագեղ Կիրակիներ»–ը Յինանց Կիրակիներն են: Այդպէս ուզեզինք կոչել Ս. Զատկին յաջորդող վեց Կիրակիները, նախ անոր համար, որ տարուան ամէնէն գունալից եղանակին – գարնան – կը հանդիպին անոնք: Երկրորդ անոնցմէ ոմանք արդէն օժտուած են գունաւոր անուններով, ոմանց ալ մենք համարձակեցանք յարմարցնել, հիմնուելով ներքին եւ արտաքին տուեալներու վրայ:

Գոյները Աստուծոյ արարչութեան գեղեցկագոյն երեւոյթներն են: Նկարիչները չեն միայն որ կ’առինքնուին գոյներէն, այլ բոլոր մարդիկ գրեթէ անխտիր: Ու որքան անաղարտ մնացած ըլլայ մարդը, այնքան աւելի կը տարուի եւ կը հրճուի բնութեան գունագեղ հրաշալիքներու դիմաց: Մանուկները յատկապէս, բնութեան դեռ չայլասերած այդ զաւակները կը յափշտակուին գոյներով: Ամէն մարդու տրուած չէ կարողութիւնը տեսնելու եւ վայելելու Այա Սոֆիայի մը հոյակապ կառուցուածքին ճարտարապետական գեղեցկութիւնը: Ամէն մարդ ի վիճակի չէ համ առնելու Պէթովէնի համանուագներէն: Սակայն կրնանք անվարան ըսել, թէ չկայ մէկը, բացի բնականաբար մեր աչազուրկ եղբայրներէն, որ չյափշտակուի ծիածանի կամարով. չկայ մէկը, որ կանգ չառնէ եւ լուռ հիացումով կամ հրճուագին բացագանչութեամբ չդիտէ դաշտերու մէջ հիւսուած ծաղիկներու գարնանային գոյնզգոյն կամ միագոյն գորգերը: Վերջապէս չկայ աչք ունեցող հողեղէն էակ մը, որ չհրապուրուի արշալոյսներու կամ վերջալոյսներու գոյներու խաղերով:

Ու ամէն գոյն իր ուրոյն տպաւորութիւնը կը ներգործէ մեր վրայ. ամէն գոյն կարծես վերացական գաղափարի մը տեսանելի արտացոլացումն է: Սպիտակը, թարմ ու պայծառ ճերմակը, մարմնացումն է մաքրութեան եւ անաղարտութեան: Կանանչը խաղաղ ու երջանիկ կեանքի պատկերն է: Կարմիրը ակնբախ գեղեցկութեան եւ ոգեւորեալ եռանդի զգայնութիւնը կ’արթնցնէ մեր մէջ: Կապոյտը անամպ երկինքի ու հանղարտ ովկէանոսի իր անսահման թանձրացումներով, մեր մտքին մեջ կը ստեղծէ երջանիկ յաւերժութեան ու անկապտելի յոյսին գաղափարը: Ուրեմն այլեւս զարմանալի չէ որ սեւը – գոյներու չքացումը – տխրութեամբ համակէ զմեզ:

*

* *

Գրքոյս սկիզբի էջերը գրաւող գրութիւնները առ հասարակ կարճ ու գրեթէ հպանցիկ բացատրականներ են, հիւսուած այս Կիրակիներու անուան կամ տօնի խորհուրդին շուրջ, առանց մասնաւոր ընդլայնումի կամ վերլուծական մեծ խորհրդածութեանց:

Նոյնը չենք կրնար ըսել սակայն Համբարձման ու յատկապէս ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ տօներու կապակցութեամբ պատրաստուած գրութեանց մասին, ուր աւելի բացուեցանք համաձայն այս տօներու պահանջքին: Հոգեգալստեան խորհրդածութիւնները մանաւանդ, ոչ միայն տօնին յարակցաբար վերլուծականներ են, այլ նաեւ այժմէական քրիստոնէական ընկերային կեանքին կիրարկումի փորձեր են: Մենք չենք քաշուիր յատկապէս այդ խորհրդածութիւնները յանձնելէ գիտակից ընթերցողի լուրջ նկատառման:

*

* *

Այս գրութիւնները եւս, Մեծ Պահոց Կիրակիներու մասին մեր նախապէս գրածներուն պէս, ատենին երեւցան յօդուածաշարքի ձեւին տակ ՄԱՐՄԱՐԱ օրաթերթի 1971 տարուան Ապրիլի կէսէն մինչեւ Յունիս ամսուան կէսերը երկարող թիւերուն մեջ: Կը վերհրատարակուին անոնք սոյն գրքոյկին մեջ բազում հպումներով եւ շարականներու յաւելումներով:

Շարականներու թարգմանութեան ընթացքին մենք կարելի եղածին չափ մօտ մնալ աշխատեցանք բնագրերուն երկու պատճառներով. նախ բնագրին նուիրականացած բոյրը գէթ մասամբ մը պահելու համար: Երկրորդ դիւրացնելու եւ քաջալերելու համար ի պահանջել հարկին նաեւ անոնց երգեցողութիւնը աշխարհաբար ձեւին տակ եւ բնագրի եղանակով:

Կը հրատարակուի գրութեանց այս շարքը այն յոյսով, որ իր օգտակարութիւնը պիտի ունենայ ան ոչ միայն հոգեսէր հաւատացեալներուն, յստակելով ու ճոխացնելով յաճախ իրենց գիտցածները, այլ մանաւանդ անոնց համար, որոնք կրօնքի մեջ առաւել կեանքի հետ կը փնտռեն նաեւ միտք:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

10-11-1972

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...