Մեհրուժան հայրապետի ժամանակը ճշդելու համար նախապէս պէտք է դիտել թէ Դիոնեսիոս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ, որ Մեհրուժանին գրած է, 248-ին ընտրուեցաւ եւ 264-ին վախճանեցաւ, եւ միջանկեալ 16 տարիներու մէջ կը պարփակուի անոր հայրապետութիւնը։ Իսկ Անկելոց խնդիր ըսուածը, որ Ապաշխարութեան խնդիր կը կոչուի, առիթ առած էր Դեկոսի հալածանքին սաստկութենէն, յորում շատեր տկարացած էին եւ կուռքերու զոհած, եւ եկեղեցւոյ մէջ մեծ խնդիր էր եղած զանոնք ապաշխարութեան ընդունիք կամ ոչ։ Դիոնեսիոս Աղեքսանդրացի գլխաւոր պաշտպանն էր ապաշխարող անկելոց, եւ այդ իմաստով ամէն կողմ թուղթեր կը գրէր. անոնցմէ մէկն է Հայոց եպիսկոպոսին ալ գրած նամակը։ Արդ Դեկոսի հալածանքը սկսաւ 249-ին, որ շատ թուլցաւ Գաղղոսի ատեն 251-ին, եւ այն ատեն սկսաւ անկելոց խնդիրը, որ բաւական ալ տեւեց, որով այդ միջոցներուն պէտք է գրուի Դիոնեսիոսի նամակը։ Եթէ Եւսեբիոսի խօսքերուն մէջ պատմական կարգ մըն ալ դնել ուզենք, կրնանք դիտել որ Մեհրուժանի գրած նամակը յիշուած է, Թելիմիտրէս Լաւադիկեցւոյն գրածէն ետքը, եւ Կուռնելիոս Հռոմայեցւոյն գրածէն առաջ (ԵՒՍ. 517)։ Արդ, Թելիմիտրէս 256-ին արդէն մեռած էր, վասնզի նոյն թուականին կը յիշուի Հեզիոդոր յետ Թելիմիտրեայ ի Լաւադիկէ եպիսկոպոս (ԵՒՍ. 528)։ Իսկ Կոռնելիոս Հռոմի հայրապետ ընտրուած է 254-ին, ուրեմն Մեհրուժանի նամակը գրուած է 253-255 տարիներուն միջոցին, որ ատեն Մեհրուժան արդէն պաշտօնի վրայ պէտք է ըլլայ։ Իսկ թէ երբ սկսաւ եւ երբ վերջացաւ անոր հայրապետութիւնը՝ բնաւ յիշատակութիւն մը չունինք, բայց մեզի կը բաւէ ցուցնել թէ երրորդ դարու կէսին նշանաւոր անձ մը կը գտնուէր Հայոց հայրապետական աթոռին վրայ, որ եւ համառօտ ու վաղանցուկ պաշտօնաւարութիւն մը ունեցած պիտի չըլլայ, եթէ ծանուցուած եւ հռչակուած էր նոյնիսկ հեռաւոր Եգիպտոսի մէջ։ Իսկ ապաշխարութեան խնդիրին Հայոց համար ալ կարեւորութիւն ունեցած լինելը կը ցուցնէ, թէ Խոսրովի հալածանքին հետեւանօք անկելոց խումբ մը գտնուած է Հայոց մէջ, եւ խնդրոյ նիւթ եղած է անոնց ապաշխարութիւնը։ Մեհրուժանի վախճանին համար սովորական ցուցակն ըսած է, թէ նահատակեցաւ ի Մեծէն Խոսրովայ յարքայէն Հայոց յամի 248 (ԺԱՄ. 614), սակայն հին յիշատակներու մէջ ասանկ ակնարկ մը չկայ, եւ մենք արդէն դիտեցինք թէ Մեհրուժան կենդանի էր 253-255 տարիներու միջոցին, որ ատեն Խոսրով արդէն ըսպաննուած էր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք