Երբոր այդ վկայարանները կը շինուէին, միւս կողմէն Գրիգոր ու Տրդատ քրիստոնէութեան տարածուելուն կը հետապնդէին։ Տրդատ իր թագաւորական իշխանութեամբ իբր արքունիքին եւ երկրին պաշտօնական կրօնքը կը հռչակէր, հեթանոս կռապաշտութեան խափանուիլը կը հրամայէր, որպէսզի քանդուին ու կործանուին չաստուածներուն մեհեանները, որոնք մնալով կրնային ժողովուրդին գայթակղութեան առիթ ընծայել։ Այդ նպատակով նոյնինքն Գրիգոր պետական պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ գործադրութեան կը ձեռնարկէր, եւ Վաղարշապատէ մեկնելով նախ կը կործանէր Մեծամօրի մօտ Երազամոյն կոչուած տեղը՝ Տիրի մեհեանը, անկէ ետքը Արտաշատի մէջ եղող Անահիտի տաճարը։ Արարատի գաւառին պտոյտը լրացնելով կ’անցնէր դէպ արեւմուտք Եկեղեաց կողմերը, եւ հետզհետէ կը քանդէր, Թորգանի մէջ Բարչամինայ, Հանի ամրոցին մէջ Արամազդայ, Երէզ քաղաքին մէջ Անահիտի, Թիլ աւանի մէջ Նանէի, եւ Բադառիջ գիւղի մէջ Միհրի մեհեանները։ Պատմութիւնը այսչափ ինչ յանուանէ կը յիշէ, եւ չի շարունակէր Գրիգորի ուրիշ տեղեր ալ կատարած գործերը։ Ամէն տեղ շէնքերը կը կործանէն ու կուռքերը կը փշրէին, եւ աւերակին վրայ խաչ մը կը կանգնէին։ Ինչ չափ որ ոսկի ու արծաթ ու հարստութիւն կը գտնէին, կը գրաւէին ու աղքատներու կը բաշխէին, իսկ գիւղերը իրենց գետիններով եւ շինուածներով, որ առաջ մեհեաններուն կալոածներ էին, անոնց տեղ կանգնուելիք եկեղեցիներու կը սեփականէին (ԱԳԹ 408)։ Քուրմերուն կոտորուելուն ակնարկութիւն չկայ այդ առաջին քարոզութեանց ժամանակ։ Իսկ դեւերուն Կաւկասի եւ Խաղտեաց լեռները փախչելուն բացատրութիւնը կը ցուցնէ, թէ հեթանոսութեան պաշտպաններ առաւելապէս հիւսիսային կողմերը կը գտնուէին։ Քննադատներէն ոմանք կծու կերպով կը մեղադրեն Տրդատն ու Գրիգորը, թէ այդ կործանումներով հնաւանդ յիշատակներու ջնջուելուն պատճառ եղան։ Մենք կը բաւականանանք դիտել, որ Հայաստան սեփական դրութիւն չունենալով այդ կողմէն մեծ կորուստ մը չէր կրնար կրել, եւ թէ մեհեաններու կործանումը նոյնիսկ Յունաց ու Հռոմայեցւոց մէջ ընդհանրացած զգուշաւորութիւն էր, ժամանակին զգացումներուն համաձայն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք