Դաժ Հայոց դէմ վարած պատերազմէն քիչ ետքը, Լիկինիոսէ յաղթուեցաւ եւ անձնասպան եղաւ 313-ին, Տարսոնի մէջ, եւ Արեւելքի կայսրութիւնը անցաւ Լիկինիոսի, իբր կայսերակից Կոստանդիանոսի, որ Արեւմուտքի կայսր անուանուած էր 306-ին, եւ Մաքսենտիոսի յաղթելէն ետքը քրիստոնէից ազատութիւնը հռչակած էր 313-ին։ Լիկինիոս նախ Կոստանդիանոսի տուած ազատութեանը համաձայնած էր, բայց վերջէն քրիստոնէից դէմ հալածանքը նորոգեց, որ 318-էն ետքը աւելի զայրացած, եւ առիթ տուաւ Կոստանդիանոսի հետ պատերազմներու, որոնք վերջացան Լիկինիոսի պարտութեամբ եւ սպանութեամբ, եւ Կոստանդիանոսի միահեծան ինքնակալութեամբ 323-ին։ Այդ թուականէն է, որ պատերազմներէն ոմանք կը դնեն Կոստանդիանոսի դարձը, այսինքն է ինքզինքը քրիստոնեայ հռչակելը, որ տարբեր է 313-ին քրիստոնէից շնորհուած ազատութենէն։ Ագաթանգեղոսի մէջ յիշուած կը գտնենք, որ Կոստանդիանոսի դարձէն ետքը, ուրեմն շուրջ 324-ին, Տրդատ ուզեց խնդակցութեան այցելութիւն ընել անոր. եւ թէ իրեն հետ առնելով Գրիգորը, Արիստակէսը, Աղբիանոսը, 13 մեծ նախարարներ, բազում մեծամեծներ, եւ 70,000 ընտիր զօրքեր, Վաղարշապատէ մեկնեցաւ եւ գնաց ի թագաւորակաց քաղաքն Հռովմայեցւոց (ԱԳԹ. 459)։ Անկէ առնելով Խորենացին ալ անցողակի կ’ակնարկէ ի գնալն Տրդատայ ի Հռոմ առ սուրբն Կոստանդիանոս (ԽՈՐ. 166), առանց Գրիգորի անունը տալու։ Հետագայ ազգային պատմագիրներ ալ առաջիններուն հետեւողութեամբ Տրդատի եւ Գրիգորի Հռոմ երթալուն պատմութիւնը կրկնած են (ՅՈՎ 51)։ Իսկ այն աւելի ընդարձակութիւն ստացած է Ռուբինեանց ժամանակ, երբ Դաշանց թուղթ անունով յատուկ գրուած մըն ալ ելած է մէջտեղ։ Այդ գրութեան նպատակն է գլխաւորապէս Հայոց հայրապետական աթոռին ազատութիւնը պաշտպանել, հեղինակութեամբ եւ իշխանութեամբ ինքնագլուխ պռոտոպապ Սեղբեստրոս հայրապետին Հռոմայ, որ Գրիգորը կ’ընէ Պատրիարք Հայոց մեծաց, զի ինքն եւ ամենայն աթոռաժառանգք սորա ինքնագլուխ եղիցին, յիւրեանց եպիսկոպոսացն առնելով ձեռնադրութիւն, այլեւս Գրիգորը նկատուի պապ եւ պատրիարք եւ հայրապետ հրամանահան ի տիեզերական Ժողովս, ըստ ամենայնի համահաւասար Հռոմի, Երուսաղէմի, Անտիոքի եւ Աղեքսանդրիոյ աթոռներուն (ԴԱՇ. 24)։ Այդ պատմութիւնը շատ հաճելի երեւցած է լատինամիտ եւ հռոմէադաւան նոր հեղինակներու, որք ուզած են անոր ստուգութիւնը պաշտպանել, եթէ ոչ իր ամբողջ պարագաներով, գոնէ իր էական մասին մէջ, որ է Գրիգորի Հռոմ երթալը եւ Սեղբեստրոսի շնորհած ինքնագլխութիւնը։ Ցաւալի պարագայ մը եղած է, անոնց ձայնակից տեսնել վերջին ատեններու մէջ, Մատթէոս Ա. կաթողիկոսը (ԴԱՇ. 31)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք