Լուսաւորչի վիրապային կեանքին վերջին տարին էր, երբ նախախնամական պատահար մը կը պատրաստէր, թէ՛ անոր խաւարչտին արգելարաներէն ազատութիւնը, եւ թէ Հայոց աշխարհին կռապաշտութեան խաւարէն վերջնական ազատութիւնը։ Խումբ մը կուսաններ կը հասնէին Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մօտերը, եւ կը բնակէին շրջակայ այգիներու հնձաններուն մէջ։ Խորհրդաւոր կերպարան մը ունի այդ կուսաններուն նախընթացը։
Ագաթանգեղոս կը պատմէ, թէ Դիոկղետիանոս ուզեց կին առնել իր տէրութեան մէջ ամենէն գեղեցիկ աղջիկը, ուստի պատկերագործք նմանահանք ճշգրտագործք ղրկուեցան ամէն կողմեր, պատկերները նկարելով թագաւորին ներկայանալու։ Հռոմ քաղաքը կուսաստան մը կար, որուն գլխաւորն էր Գայիանէ, եւ կոյսերէն մէկն էր Հռիփսիմէ ի թագակալ տոհմէ։ Անոր պատկերն ալ տարոեցաւ եւ նախադասուեցաւ, բայց կուսաններ հեթանոս թագաւորին ձեռքէն ազատելու համար խմբովին Հռոմէ փախան, եւ եկան առանձնացան Վաղարշապատու հնձաններուն մէջ, եւ կը կերակրւէին ապակեղէն ուլունք պատրաստելով եւ վաճառելով (ԱԳԹ. 78-86)։ Խորենացի այդ պատմութիւնը կ’ընդարձակէ աւելցնելով թէ Հռոմի կուսաստանը Ս. Պօղոսի վանքն էր, ուր կային 300 վանական կոյսեր, թէ Գայիանէ հոգւոյ ակամբ իմացաւ, թէ խորհէին Հռիփսիմէն առնուլ ի պատիւ տանն Հռոմայեցւոց՝ ի թագուհութիւն տիեզերապետութեան, եւ թէ այս պատճառով աւելի քան զեօթանասուն հոգի, խմբովին Հռոմէ հեռացան Գայիանէի գլխաւորութեամբ։ Նախ կու գան Աղեքսանդրիա, անկէ Երուսաղէմ ու Եդեսիա, եւ ապա Դարանաղեաց, Խլաթու, Մոկաց եւ Կորդուաց գաւառներու ճամբով, եւ հետզհետէ Կճաւ, Բերկրի, Տմորիք, Կանգուար, եւ Կորիթ հանդիպելով կը հասնին Վան, եւ բաւական ժամանակ Վարագի վրայ մնալէ ետքը կու գան Վաղարշապատ (ԽՈՐ. 298-303)։ Իսկ Վաղարշապատի մէջ յայտնըւելնին կը վերանգրուիԴիոկղետիանոսի յանձնարարութեամբ Տրդատի հրամայած խուզարկութեանց (ԱԳԹ. 88)։ Որչափ ալ այս աւանդութիւնը ազգին մէջ տարածուած է, սակայն դիւրին չէ անոր ամէն պարագաները հաստատել, ոչ այնչափ պատմական փաստերուն տկարութեան, որչափ եղելութեանց ներքին հանգամանքներուն պատճառով։ Որովհետեւ ոչ Դիոկղետիանոս Հռոմ էր, եւ ոչ այդ կերպով ամուսնութիւն կրնար ընել, ոչ պատկերի վրայ ընտրութիւն կ’ըլլար, եւ ոչ ալ վերջապէս 70 կոյսերու բազմութիւն մը կրնար ապահովութեամբ այդչափ ընդարձակ ու դարձուդարձ ուղեւորութիւն մը կատարել։ Ոմանք Գայիանէի եւ Հռիփսիմէի մէջ ուզեցին տեսնել Դիոկղետիանոսի կնոջ Պրիսկայի եւ դստեր Վազերիայի անցքը, որոնք հալածուեցան քրիստոնէութիւնը չուրանալնուն համար, սակայն անոնք ըստ ոմանց տկարացան ու կուռքերու զոհեցին (ՊԷԼ. Բ. 514), եւ ըստ այլոց Թեսաղոնիկէ նահատակուեցան, եւ բնաւ յարաբերութիւն չեն կրնար ունենալ Հայաստան տեղի ունեցած եղելութեան հետ։ Ուրիշիար մտածեցին, թէ կրնան ասոնք եղած ըլլալ, այն խումբ մը կայսեր որք Մծբինի վանքէն փախան, ինչպէս Ս. Փեբրոնէի վկայաբանութեան մէջ կը կարդացուի (ՎԲՔ. Զ. 81)։ Բայց այս մեկնութիւններէն հաւանակագոյն եւ ընտրելագոյն կը կարծենք ըսել, թէ առաքելական ժամանակէ սկսած Հոգւոց վանքի Հայազգի կոյսերէն էին (§ 74), որք հալածանաց ատեն բռնուած, եւ իբրեւ նշանաւոր անձեր մինչեւ թագաւորին ատեանը հանուած են։ Աւանդական պատմութեան մէջ ալ յատկապէս յիշուած է Տիրամօր պատկերին տեղը, իբրեւ կոյսերուն օթարաններէն մէկը, որ է նոյնիսկ Հոգւոց վանքը (ԽՈՐ. 301)։ Բայց ինչ ալ ըլլայ Հռիփսիմեան կոյսերուն ծագման մթութիւնը, այն չի կրնար անոնց իսկութեան եւ մարտիրոսութեան պատմութիւնը ջնջել։
0 կարծիք