ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ (69)

Կրթական ձեռնարկէն աւելի էական էր, հոգեւոր պաշտամանց կարգադրութիւնը։ Հայերէն լեզուն գրուած եւ կարդացուած լեզու չլինելով՝ անհնար էր ամէն մասերով կատարել պաշտամունքներ եւ արարողութիւններ ունենալ Հայոց համար եւ Հայոց յատուկ։ Միւս կողմէն Գրիգոր ինքն Կեսարիայի մէջ սնած եւ ուսած, եւ իր առաջին օգնականներուն մեծ մասը Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ կողմերէն բերած ըլլալով, բնական էր որ Հայ եկեղեցւոյ պաշտամանց եւ արարողութեանց հիմը Կապադովկացւոց եկեղեցւոյն յատուկ ծէսը պիտի ըլլար, ինչ որ այժմ սուրբ Բարսղի անունով ճանչուած է։ Սակայն, ինչպէս հայկական ծէսին զննութեամբը կը տեսնուի, Գրիգոր չէ ուզած ծառայօրէն եւ կուրօրէն յունակապադովկական ծէսը ընդօրինակել, այլ անոր մէջ զեղջեր ու յաւելուածներ ու փոփոխութիւններ մուծած է, հետեւելով երկրին եւ ազգին պահանջից եւ բնոյթին, եւ շատ ազգային սովորութիւններ հեթանոսական կրօնքէն փոխ առնելով քրիստոնէութեան մէջ մուծած է, որով կրցած է առանձնայատուկ եւ սեփական Հայ ծէսին հիմերը հաստատել։ Լուսաւորչի ժամանակակից յիշատակներ կը պակսին մեր ըսածը վկայութեամբ հաստատելու համար, սակայն երբ դար մը ետքը Հայ գիր ու գրականութիւն կը ստեղծուի, եւ ժամանակին գործիչները յունական աղբիւրներէ ընդարձակօրէն կ’օգտուին, տակաւին շատ բաներ նախընթաց դարուն հայկական սովորութեանց համեմատ կ’արձանագրուին եւ կը հաստատուին, եւ այդ սովորութիւնները Լուսաւորչի անունով ու հեղինակութեամբ կը բացորոշուին։ Իրաւ ալ պաշտամունքի եւ աղօթքի համար հնար չէր ժողովուրդը օտար լեզուի բռնադատել, զոր բնաւ չէր ճանչնար, եւ հնար չէր չիմացած լեզուով իր կրօնական զգացումները գոհացնել։ Հարկաւ պէտք էր ամէնին սովորական մաղթանքները, ինչպէս են Փառք Հօր, Հայր մեր, Փառք ի բարձունս, Սուրբ Աստոած, Հաւատամք, հայերէն լեզուով ժողովուրդին թեզադրել, եւ կրկնելով գոց ընել տալ, եւ գործնական կիրառութեան մէջ դնել։ Մեր օրով ալ տակաւին Քուրդն ու Առնավուտը իրենց լեզուն իրենց գրով չեն գրեր, բայց իրենց լեզուով գոց ըրած երգեր ու աղօթքներ ունին։ Անգրագէտ մահմետականն ալ գոց ըրած արաբերէն աղօթքները կը կրկնէ շարունակ։ Այս տեսակ կացութիւն մը պէտք էր ճշմարտուէր չորրորդ դարու Հայ քրիստոնէից մէջ։ Պզտիկ դիտողութիւն մը բաւական է նկատալու, որ Ժամագիրքին մէջ յառաջ բերուած սաղմոսներուն շատ մը բացատրութիւնները Աստուածաշունչի ամբողջութեան մէջ պարունակուած սաղմոսներէն տարբեր են։ Այս տարբերութիւնը մեր տեսութեամբ կ’ապացուցանէ առաջին ու գործնական թարգմանութիւն մը չորրորդ դարուն մէջ. եւ երկրորդ ու գրական թարգմանութիւն մը հինգերորդ դարուն մէջ։ Դիտել կու տանք եւս թէ ինչ ինչ կրօնական գործածական բառեր հինգերորդ դարու ճշդաբանութեանց չեն պատասխաներ, Երրորդութիւն բառը յունարէն բառին չի համապատասխաներ, որ ճիշդ եռեակութիւն կը հնչէ, Քրիստոնեայ բառն ալ աղաւաղ տառադարձութիւն մըն է յունարէն Քրիստիանոս բառին, այսպէս դեռ ուրիշներ ալ։ Այս նշաններէ մենք կը սիրենք հետեւցնել թէ Լուսաւորիչէ սկսելով՝ հայերէն լեզուով պաշտամունք Հայերուն անծանօթ չեղան, թէպէտ գրի առնելու անհնարութիւն կար, եւ միայն գործնական կերպով բերնէ բերան ապրեցան։

Հատկորոշիչներ՝ ծես, պաշտամունք

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՄԱՀՆ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ (81)

Սուրբ Գրիգոր Լուսավորչի մահվան մանրամասները

ԿԱՆՈՆՔ ԵՒ ՃԱՌՔ (80)

Սուրբ Գրիգոր Լուսավորչի կանոններն ու ճառերը

ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ (79)

Նիկիական հանգանակի մասին