Արժանահաւատ բան ըսուածը անշուշտ Նիկիական հանգանակին վաւերական օրինակը պէտք է հասկնալ։ Ընդհանուր սովորութիւնը Նիկիական հանգանակ կ’անուանէ ներկայիս պատարագի մէջ արտասանուած Հաւատամքը, որ սակայն տարբեր է Նիկիոյ ժողովին գործոց մէջ պարունակած հանգանակէն (ՎՐՔ. Ե. 428), եւ որ նոյնութեամբ յառաջ բերուած է Բաբգէնի թուղթին մէջ։ Այս բաւական է հաստատել թէ նոյնը բերուած է Արիստակէսի ձեռքով, ինչպես Բաբգէն ալ կը յիշէ թէ նա ինքն եբեր յաշխարհս ճշմարտութեամբ (ԹՂԹ. 44)։ Այժմեան գործածական հանգանակին նկատմամբ ազգային նոր հեղինակներ կարծեցին, թէ Լուսաւորիչ Նիկիական հանգանակին վրայ ինչ ինչ բացատրական յաւելուածներ ըրած ըլլայ, թէպէտ առ այս փաստ մը չունէին, եւ կարծելն ալ քիչ մը յանդգնութիւն կ’ենթադրէր Լուսաւորչի վրայ։ Սակայն վերջին զննութիւնք յայտնեցին, թէ մեր գործածական հանգանակը Աթանասեան խմբագրութիւն մըն է, Նիկիականին վրայ ձեւուած, բայց քիչ մը աւելի ճոխացած, ժողովէն ետքը յարուցուած խծբծանքներն ալ հերքող (ՀԱՆ. 37)։ Քանի որ այս խմբագրութիւնը Նիկիոյ ժողովէն ետքն է, դժուար է ըսել թէ Արիստակէս բերած ըլլայ, այլ թէ երբ այս երկրորդ խմբագրութիւնը բուն Նիկիականին տեղը անցաւ, եւ ո՞ր իշխանութեամբ մեր մէջ ծիսական կիրառութեան մտաւ, մանրամասն զննութեանց պէտք ունեցող խնդիր մըն է, որ մեր պարզ պատմական նպատակէն դուրս կը մնայ։ Հանգանակին վերջը փառաբանութիւն մը աւելցուած է, որուն վրայ ի սրբոյ Լուսաւորչէն մերմէ ասացեալ մակագրութիւնը կը կարդացուի (ԺԱՄ. 438), թէպէտ ոչ միշտ եւ ոչ հնագոյն գրչագիրներու մէջ։ Նմանօրինակ փառաբանութեամբ մը ուրիշ եկեղեցեաց մէջ ալ գտնուիլը՝ Հայոց յատուկ եւ Գրիգորի հեղինակութիւն լինելը երկբայելի կը դարձնէ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք