Վրթանէս 333-ին հայրապետ հռչակուած ատեն 71 տարեկան եղած կ’ըլլայ, իսկ իր պաշտօնավարութեան տեւողութեան համար նշանակուած 15 տարին, դժուարին կը լինի պատմական հանգամանքներու համաձայնեցնել, ուստի 24 տարիներու ստիպողական զեղջին մի մասն ալ Վրթանէսի տարիներուն վրայ կը պարտաւորուինք ընել, եւ 15 տարիները երկու եղբայրներուն վրայ տարածելով, 8 տարի միայն տալ Վրթանէսի մինչեւ 341, եւ մերձաւորաբար 79 տարեկան հասակին մէջ վախճանած դնել։ Այս կերպով Խորենացիին բացատրութիւնը, յետ հնգետասան ամաց եպիսկոպոսութեան մեծին Վրթանայ (ԽՈՐ. 197), իմացած կ’ըլլանք ոչ եպիսկոպոսութեան, այլ պարզ եպիսկոպոսութեան վրայ, զոր վերեւ յարմար դատեցինք Արիստակէսի Նիկիա մեկնելուն պարագային հետ կցել (§ 88), որ Գրիգորի վերջին տարին էր, որով 15 տարիները Լուսաւորիչի մահուընէն հաշուուած կ’ըլլան, եւ երկու եղբայրներուն հայրապետութեան տարիներուն կը պատասխանեն։ Այդ հաշիւը կ’արդարացնէ եւս Վրթանէսի մահուան յերրորդ ամի Տիրանայ տեղի ունեցած ըլլալը, զի թէպէտ 24 տարիներու յաւելուած մը կայ Խորենացիին ժամանակագրութեան մէջ, բայց այդ սխալը թագաւորներուն եւ կաթողիկոսներուն հասարակ լինելով, պէտք է զեղչեր ըրած ատեննիս կշիռը չկորսնցնել, եւ գլխաւոր պատահարները դէմ դէմի բերել։ Որդւոց եւ Թոռանց ներբողարանն ալ Վրթանէսի համար կ’ըսէ, թէ մեռաւ վաղագոյն հրաժեշտ խնդրելով յախտալի կենացս (ՍՈՓ. Ժ. 18), եւ խօսքը չէր արդարանար եթէ հնգետասնամեայ հայրապետութեան եւ իննսնամեայ տարիքի հասած ենթադրել ուզէինք։ Վերջապէս, ինչպէս պիտի տեսնենք, շատ աշխատալի եղան Վրթանէսի վերջին տարիները, եւ դժուար էր իննսնամեայի մը այդ յանդգնութիւնները եւ ուղեւորութիւնները կատարել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք