Արիստակէս հօրը կենդանութեան ժամանակէն հայրապետական գործունէութիւնը ստանձնած էր, իբր իր հօրը պարտքն ու պատասխանատուութիւնը լրացնող։ Վերջին անգամ Գրիգոր մեկնած էր առանց վերջնական հրաժարականի ու հրաժեշտի, եւ անոր այլեւս չերեւնալովը Արիստակէսի գործունէութիւնը անզգալի կերպով օգնականութենէ իսկական պաշտօնավարութեան փոխուեցաւ, այնպէս որ ոչ աթոռոյ պարապութեան, ոչ նոր ընտրութեան, եւ ոչ հայրապետական ձեռնադրութեան տեղ չմնաց։ Այս պատճառաւ պատմիչն ալ, ըսելէն ետքը թէ Գրիգոր Արիստակէսը ձեռնադրեց յեպիսկոպոսութիւն փոխանակ իւր, վրայ կը բերէ, որ եւ յետ նորա կալաւ զտեղի հայրենեացն, եւ անդէն նստաւ յաթոռ կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծաց (ԱԳԹ. 452)։ Այդ պարագային մեզի կը հաւաստէ, թէ Արիստակէսի կաթողիկոսանալուն ատեն, Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առնելու խօսք չեղաւ, եւ թէ Կեսարիոյ աթոռին կողմէն ալ բնաւ դիտողութիւն չեղաւ, ինչ որ կը հաւաստէ Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առնելուն նշանակութեան մասին մեր տուած բացատրութիւնը (§ 62)։ Արիստակէսի գործունեութեան եւ արդիւնաւորութեան մասին պատմութիւնը մեզ մանրամասնութիւններ չէ հասուցած, բայց ամենէն գերագոյն վկայութիւնը կու տայ, երբոր կը հաւաստէ, թէ առաւել եւս քան զհայրն վերագոյն երեւեցուցանէր զիւր վարդապետութիւնն (ԱԳԹ. 453), եւ ասկէց աւելի մեծ գովեստ մը չէր կրնար խօսուիլ անոր վրայ։ Արիստակէսի ծնունդը 264–ին հաշուած ատեն՝ իբր վաթսունամեայ պաշտօնապէս աթոռ բարձրացած կ’ըլլայ, իսկ հայրապետական պաշտօնին տեւողութիւնը 7 տարի ըսուած է (ԽՈՐ. 179) եւ մենք պատճառ մը չունինք այդ մասին փոփոխութիւն մը ընելու, եւ հետեւաբար նորա վախճանին թուականը կ’ընդունինք 333-ին, որ ուրիշներէն իր հայրապետութեան սկսելուն թուականը նկատուած էր։ Ապրած կը լինի 67 տարի։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք