Կաթողիկոսական աթոռը Մանազկերտացի ազգատոհմին անցած էր արդէն։ Լուսաւորչեան տոհմին ժառանգը Սահակ ալ՝ կամ տակաւին Յունաստան էր, եւ կամ դեռ աթոռակալութեան հասուն չէր նկատուեր, ուստի առանց այլեւայլութեան, միեւնոյն Շահակի տոհմէն առնուեցաւ անոր յաջորդն ալ, որ եղաւ Զաւէն՝ ի նոյն ազգականութենէ Աղբիանու (ԽՈՐ. 231), կամ կենսագիրին ըսելովը՝ եղբայր Շահակայ (ՍՈՓ. Է. 28), որ փոխանցուած է ուրիշ ցուցակագիրներու ալ։ Բուզանդի զաւակ Աղբիանու եպիսկոպոսի ըսելն ալ (ԲԶՆ. 271), պէտք է իբր ի զաւակէ իմանալ, եւ ոչ իբր բուն որդի, որ անհնար կը լինի ժամանակագրական հաշուով, ինչպէս Շահակի համար ալ ըսինք (§ 157)։ Իբր Շահակի եղբայր ընդունիլ դժուարութիւն չէր կրեր, սակայն չէինք սիրեր կենսագիրին վկայութիւնը Խորենացիին նախադասել, թէպէտ հետագայ ցուցակագիրներ մեծամասնութեամբ կենսագիրին են հետեւած։ Զաւէնի գահակալութիւնը Խորենացին կը դնէ յերկրորդ ամին Վարազդատայ (ԽՈՐ. 230), որ ըսել կ’ըլլար 376-ին, մինչ Շահակի կաթողիկոսութիւնը տեւած գտանք մինչեւ 377։ Կամ այն է, որ յերրորդ ամի պիտի ստիպուէինք կարդալ, եւ կամ սկսեալ տարիներու իբր ամբողջ հաշուելուն պիտի վերագրենք այդ փոքրիկ տարբերութիւնը։ Մենք կը պահենք 377 տարի իբր Զաւէնի աթոռակալութեան թուական։ Տեւողութիւնն ալ դարձեալ ամս չորս ըսուած է Զաւէնի համար (ԽՈՐ. 231), եւ ցուցակագիրներ մեծաւ մասամբ պահած են նոյն թիւը, ի բաց առեալ քանի մը նորեր, որ Խորենացիին սխալ ժամանակագրութիւնը ուղղելու համար քմահաճ ուղղութիւններ ըրած են, առանց նախնական աղբիւրներէ քաղելու ուղղութեանց փաստերը։ Ներսէսի մահուան եւ Սահակի կաթողիկոսացման թուականները արտաքին պատմութեամբ ստուգուած են, եւ երկուքին միջոցը գտնուող 13 տարիները ճշդիւ կը պատասխանեն երեք Մանազկերտացիներու տրուած տարիներու գումարին։ Այս կերպով Զաւէնի մահուան տարին պէտք է ըլլայ 381։ Ասոր ալ համառօտ պաշտօնաւարութիւնը մտածել կու տայ, թէ ծերութեան հասակի մէջ աթոռ բարձրացած պիտի ըլլայ։ Չենք ուզեր ըսել, թէ երիտասարդ կամ միջահասակ տարիքի մէջ մեռնողներ չեն ըլլար, այլ երբ առանց դիտողութեան եւ առանց որոշ պատճառ մի յիշելու, խաղաղական եւ բնական մահով կը նշանակուի մէկու մը վախճանը, առաջին եւ սովորական մեկնութիւնը ծերութեան վերագրելն է։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք