Շահակ Կորճեայի կարծեցեալ կաթողիկոսությունը ընդունելի չըլլալով, Զաւէնի յաջորդ պիտի ընդունինք Ասպուրակէսը, համաձայն Խորենացւոյ եւ բոլոր հիներուն եւ գաւազանագիրներուն գրածին, եւ ենթադրելի իսկ չէ, որ Մանազկերտացիներուն տունը հայրապետութիւնը ձեռքէն հանած ըլլար։ Խորենացին պարզապէս ազգական Շահակայ եւ Զաւէնայ (ԽՈՐ. 231) կը ճանչնայ Ասպուրակէսը, ուրիշներ ի զաւակէ Աղբիանոսի (ԲԶՆ. 272) կ’ըսէն, եւ միեւնոյն իմաստն ունի, մինչ կան որ Զաւէնի եղբայր (ՍՈՓ. Է. 28) կ’ընէն, եւ նոյնը կրկնողներ պակաս չեն (ՅՈՎ. 68), եւ մինչեւ իսկ եղբայր Շահակայ եւ Զաւէնի ըսող ալ կայ (ՔԱՀ. 34)։ Եւ երեք Մանազկերտացիներ միեւնոյն տունէն ըլլալով իրարու եղբայր կրնային կոչուիլ, բառին ընդարձակ իմաստով, որ իբր հօրեղբօրրորդի ալ կրնայ առնուիլ, սակայն իրարու հարազատ եղբայրներ ըլլալնին ալ անհնար չէ, քանի որ երեքը մէկտեղ 13 տարիէ աւելի միջոց չեն գրաւեր, եւ իրեաց վերջին տարիներու մէջ իրարու յաջորդած կրնան ըլլալ։ Ասպուրակէսի ընտրութիւնը խնդրոյ նիւթ ալ եղած չէ, արդէն Մանազկերտացիներու տունը ձեռք անցուցած էր հայրապետութիւնը, եւ քաղաքական խնդիրներէ հեռու ապրելով իրեն վրայ դիտողութիւն չէր հրաւիրէր։ Լուսաւորչի տան միակ ժառանգն ալ, Ներսէսի որդին Սահակը, կամ ստէպ Հայաստանէ դուրս կը գտնուէր, եւ կամ ինքզինքը հեռու կը պահէր որեւէ թեկնածութենէ։ Ասպուրակէսի նկարագիրին մասին գրուած է, թէ ի նոցին առաքինութիւնս յառաջադէմ գտեալ անձ մըն էր (ՍՈՓ. Է.28), այսինքն է Շահակի եւ Զաւէնի առաքինութեանց։ Նոյնիսկ Բուզանդ ալ կը կոչէ զայն այր քրիստոնէամիտ աստուածապաշտ, արդար (ԲԶՆ. 272) եւ դարձեալ թէ էր այր սուրբ եւ բարեպաշտօն, երկիւղած յԱստուծոյ եւ ի մարդկանէ (ԲԶՆ. 279), եւ դարձեալ թէ էր այր քաղցր եւ խոնարհ, բարերար եւ մարդասէր (ԲԶՆ. 280), որ ի պահս եւ յաղօթս յամենայն ժամ աղաչէր զԱստուած (ԲԶՆ. 279)։ Այսչափ գովեստներէ ետքը կը յաւելու, թէ ագանէր զամզայեալս եւ ժապաւինեալս (ԲԶՆ. 280), որովհետեւ վասն կրօնիցն հանդերձոյն, զեդեալ կարգն ըստ կրօնիցն Զաւէնայ կը պահէր (ԲԶՆ. 272), որով ընդունած կ’ըլլայ, թէ Զաւէնի ըրածն ալ անհատական անձնամահ պերճասիրութիւն չէր, այլ կրօնք հանդերձոյ մը կար, կամ աւելի որոշ բառով, զգեստի օրինական կանոն մը, ինչ որ մենք ալ արդէն բացատրեցինք (§ 167)։ Ասպուրակէսի հայրապետութեան թուական կը պահենք 381 տարին, որ Արշակի ալ երկրորդ տարին կ’ըլլայ (ԽՈՐ. 231), որ տարին որ Մայիսի մէջ գումարուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ սուրբ ժողովը եւ հոգեմարտ Մակեդոնի վարդապետութիւնը դատապարտեց։ Մեր պատմիչներ (ԽՈՐ. 220, Սոփ. Զ. 62, ՍՈՓ. Է. 25, ՅՈՎ. 65) այդ ժողովին ներկայ կը կարծեն Ներսէս Մեծ Կաթողիկոսը, ինչ որ ժամանակագրական հաշիւը չի կրնար ընդունիլ, եւ ժողովական գործերուն մէջ ալ բնաւ յիշատակութիւն չկայ։ Հետեւաբար պիտի ըսենք թէ տիեզերական երկրորդ ժողովին մէջ Հայերը ներկայացուցիչ չունեցան, այլ որովհետեւ աթոռներու մէջ տարաձայնութեանց եւ բաժանմանց խնդիրը չկար, Կոստանդնուպոլսոյ վճիռներն ալ ու կանոնները Հայաստան բերուած ատեն՝ անհակառակ ընդունուեցան Ասպուրակէս հայրապետի եւ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու կողմէն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք