Բայց եթէ Վրթանէս եկեղեցական չէր Հայաստան եկած ատեն, եւ իր կրտսեր եղբօրմէն առաջ եկեղեցականութեան չմտաւ, աներկբայապէս աւելի ոչ այդ կոչումը ընդունեցաւ, եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները իր հօրմէն ստացաւ։ Այս կարծիքը բնական կերպով կը հետեւի Վրթանէսի հայրապետութեան անցնելուն մասին պատմիչներուն գործածած բացատրութենէն, վասնզի կը գոհանան յաջորդեաց զաթոռն (ԽՈՐ. 179), եւ եղեւ քահանայապետ (ԲԶՆ. 6) բառերով, ոչ ընտրութիւն, ոչ ձեռնադրութիւն, եւ ոչ Կեսարիայի խօսք չեն ըներ բնաւ։ Ինչպէս ժառանգական իրաւամբ եւ ստացուած աստիճանով Արիստակէս յաջորդեց Գրիգորի, միեւնոյն կերպով ալ Վրթանէս կը յաջորդէ Արիստակէսի, եւ միտքի մօտ է ենթադրել, որ երբ Գրիգորի տարիքը աւելի յառաջացաւ, եւ իր միայնակեաց առանձնութիւնը աւելի սովորական դարձաւ, եւ միայն Արիստակէս չէր կրնար ամէն բանի հասնիլ, Վրթանէսն ալ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալով, հօրը օժանդակելու սկսաւ։ Եւ եթէ ներեալ է պարագաները իրարու մերձեցնելով պատմական հետեւանքներ կազմել, յարմարագոյն է այդ ձեռնադրութիւնը ամէնէն ուշ 324-ին դնել, երբ Արիստակէս պարտաւորուեցաւ Հայաստանէ Նիկիոյ ժողովին երթալու համար, եւ Գրիգորը չէր կրնար առանց օգնականի մնալ, եւ իր զաւակէն ընտրելագոյն օգնական մը հնար չէր նշանակել։ Նկատի պէտք է առնել ազգին մէջ տիրացած փափաքն ու կարծիքը, որ Լուսաւորչին արենակցութեան վրայ հիմնված էր արժանաւորութեան գերագոյն փաստը։ Այդ տեսութեանց համաձայն Վրթանէս շարունակեց եղբօրն ալ օժանդակել, հօրը մեռնելէն ետքը, եւ հայրապետ ճանչուեցաւ եղբօրը սպաննուելէն ետքը։ Եղերական պարագան ալ չէր ներեր աւելի ձեւակերպութեանց ձեռնարկել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք