Գրիգորիսի պաշտօնավարութիւնը եւ արդիւնքը կատարելապէս արդարացուցին իր վրայ դրուած ակնկալութիւնները, եւ քրիստոնէութիւնը ամրացնելու ու եւս քան զեւս տարածելու աշխատեցաւ, իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով Սանատրուկ Արշակունին, որ հիւսիսակողմանց բդեշխ էր դրուած Տրդատէն, եւ Գուգարաց եւ Փայտակարանի նահանգներէն զատ, Վրաց եւ Աղուանից երկիրներուն վրայ ալ գերիշխանութիւն կը վարէր, եւ Կովկասեան բազմաճղի ցեղերուն վրայ ազդեցութիւն ունէր, հիւսիսէն մինչեւ Մազքթաց երկիրը եւ հարաւէն մինչեւ Ատրպատական։ Բոլոր այս ընդարձակութեան վրայ կը տարածուէր նաեւ Գրիգորիսի հովուական հոգածութիւնը (ԲԶՆ. 13), եւ ամենայն ինչ յաջող կ’ընթանար մինչեւ քառասնամեայ խաղաղութեան վերջը, մինչեւ հայ բդեշխներու Շապուհի դրդմամբ ապստամբութեան մղուիլը (§ 90)։ Ասոնցմէ մին եղաւ Սանատրուկ Արշակունի, բայց Գրիգորիս չէր կարող անոր խորհուրդներուն համաձայնիլ եւ անոր
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք