Խոստացանք գործիս սկիզբը (§ 2) Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կաթողիկոսներու վրայ բաշխած ատեննիս, ազգային տեսակէտէն կարեւոր եղելութիւնները, ժամանակակիցներու պատմութեան հետ յարակցել։ Այդ նպատակով ահա կը մտնենք Աղուանից կաթողիկոս Գրիգորիսի նահատակութիւնը պատմել։ Յիշած ենք արդէն, թէ Գրիգորիս Վրթանէսի երկուորեակ զաւակներուն երիցագոյնն է (§ 87), պապենական անունով կոչուած, թէպէտ փոքրկացուցիչ մասնիկով Գրիգորը Գրիգորիս եղած, թէ իբր 295-ին ծնած է Կեսարիոյ մէջ, եւ 310-ին հօրը հետ Հայաստան եկած, եւ եղբօրը հետ զառաջեաւ թագաւորին, այսինքն Տրդատի արքունեաց մէջ, սաեծ ու կրթուած (ԲԶՆ. 10)։ Բայց այդ առաջին կեանքէն ետքը երկու եղբայրներուն ընթացքը իրարմէ զատուած է, եւ երբ Յուսիկ հօրը նման պետական ծառայութեան կը մտնէ, Գրիգորիս հօրեղբօրը կրօնաւորական ընթացքին կը հետեւի, եւ անոր մօտ եկեղեցական ծառայութեանց ալ կը քահանանայ, եւ նուիրական պաշտօնէութեան մէջ օրինակելի հոգեւոր մեծանձնութիւն եւ արդիւնաւոր փութաջանութիւն կ’արտահայտէ։ Այդ եղած է պատճառ, որ թէպէտ յանլիութիւն աւուրցն հայելով անբաւական կը նկատուէր, սակայն արժանեաց տեսութեամբ, Գրիգոր եւ Տրդատ համոզուեցան զայն Աղուանից կողմերուն եւ Փայտակարան նահանգին համար եպիսկոպոսապետ ձեռնադրել, քանի որ հիւսիսային կողմից գործիչներն ալ կ’ըսէին, որ երկրին մէջ քրիստոնէութիւնը զօրացնելու համար Գրիգորի զաւկէն եպիսկոպոս մը պէտք է, եւ կը վստահեցնէին, թէ գիտեմք հաւաստի, թէ ի հռչակեալ անուանէն Գրիգորի ակնածեսցեն (ԽՈՐ. 189)։ Որչափ ալ Գրիգորիս տակաւին մանկահասակ, բայց հնար չէ հնգետասնամեայ եպիսկոպոս ձեռնադրուած ըսել Բուզանդին հետ (ԲԶՆ. 10), այլ 320-ին ատենները, շուրջ 25 տարեկան եղած ատեն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ առաքելական կոչում ստացած կ’ըլլայ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք