Տրդատ կատարեալ յաջողութեամբ եւ վերջնապէս իր գահը գրաւելու համար յաղթանակով Հայաստան մտածին պէս, դեռ մայրաքաղաքն ալ չհասած, ուզեց գոհաբանական տօնախմբութիւն մը կատարել Երէզ աւանի մօտ, ուր էր Հայոց Դիցամօր՝ Ոսկիածին Անահիտի տաճարը։ Սովորութիւն էր ծաղկեայ պսակներով եւ թաւ ոստերով պատուել մեծ աստուածուհին, եւ Տրդատ, թերեւս իբրեւ աւելի մտերմութեան նշանակ, Գրիգորի հրամայեց այդ նուէրները տանիլ. բայց քրիստոնեայ պաշտօնեայն յանձն չառաւ չաստոածներու պաշտօն ընծայել։ Պատմիչը կը դիտէ թէ այդ միջոցին Տրդատ յընթրիս բազմեցաւ, եւ բոլոր սեղանակիցներ ընդ գինիս մտին (ԱԳԹ. 30), եւ հարկաւ գինովութեան հետեւանքն էր, որ Տրդատ հրամանը պնդեց, եւ խօսքը տեղը տանելու համար նախ ողոքանօք, յետոյ տանջանօք, ուզեց Գրիգորի դիմադրութեան յաղթել։ Այսպէս սկսաւ Գրիգորի քրիստոնէութեան յայտնութիւնը, որ բազմաչարչար մարտիրոսական հանդէս դարձաւ, եւ տեղի ունեցաւ Երիզայի կամ Երզնկայի մօտ, ուր է այժմ Չարչարանաք Ս. Լուսաւորիչ վանքը, քաղաքէն դէպ հարաւ երկոմւ ժամի չափ հեռու, Մեղուցիկ գիւղին մօտ, լերանց ստորոտը, գեղեցիկ դիրքի մը վրայ։ Ագաթանգեղոս երկար եւ զարդարուն ոճով պատմած է Տրդատի պնդումները եւ Գրիգորի աներկիւղ պատասխանները, տանջանքներու նկարագրութիւնները եւ Գրիգորի եռանդուն աղօթքները։ Մենք կը բաւականանաք չարչարանքները յիշատակել համառօտակի։ 1. Ձեռքերը կապած, բերանը սանձ, կռնակը աղի բեռ, կուրծքը քելոց, բարձրաւանդակէ կաքել։ 2. Մէկ ոտքէն կախելով ներքեւէն աղբ ծխել, եւ դալար գաւազաններով ծեծել։ 3. Ոտքերը կոճղներու մէջ ճզմել։ 4. Ոտքին երկաթ բեւեռներ մխելով քալեցնել ու վազցնել։ 5. Գլուխը կռփահար ծեծել։ 6. Գլուխը մամուլի դնելով քիթէն քացախ եւ բորակ փչել։ 7.։ Գլուխը մոխրալից պարկի մէջ գոցել։ 8. Գլխիվայր կախելով եւ նստոյ տեղւոյն ձագար անցընելով, փորը ջուր լեցնել։ 9. Կողերը երկաթէ ճանկերով քերել։ 10. Գետինը երկաթէ տատասկներով սփռելով վրայէն քաշկռտել։ 11. Ծունկերը երկաթէ կապիճներու մէջ պնդել, եւ բազուկներէն կախել։ 12. Հալած կապարով մարմինը այրել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք