Հայրապետիս նկատմամբ Արտազեան հիշատակարանին տուած տեղեկութիւնները կը վկայեն թէ 17 տարի պաշտօնավարած է, թէ Ավրեղիոս կայսեր Հռոմայ եւ Վաղարշ թագավորին Հայոց ժամանակակից եղած է, եւ թէ նահատակուած է ի Շաւարշան տեղւոջն, որ է նոյնինքն Արտազու աթոռին տեղը (68 ԱՐՐ. 103)։ Մեր ցուցուցած հաշուով Ղեւոնդիոսի պաշտօնաւարութիւնը պէտք կ’ըլլայ զետեղել 171-190 տարիներու միջոցին (8), եւ կը ճշմարտուի յիշատակարանին ցուցուցած ժամանակակցութիւնը, որովհետեւ Աւրեղիոսի միայնակ կայսրութիւնը կ’իյնայ 169-179 տարիներու միջոցին, իսկ Վաղարշի թագաւորելը ազգային պատմութիւններու հաշուով կը դրուի 193 թուին. թէպէտ ճշդութեամբ չէ հաստատուած, ազգային պատմութեան շփոթութեանց պատճառով։ Այլ թէ այս միջոցին քրիստոնէից հալածանք մը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, ուրիշ կողմէ յիշատակոած չենք գտներ, բայց այս պատճառ մը չէ որ Ղեւոնդիոսի նահատակութիւնը կասկածի ներքեւ առնենք։ Նոյնիսկ Աւրեղիոսի ատեն քրիստոնեաները հալածուած էին կայսրութեան մէջ, եւ հալածանքին ազդեցութիւնը դիւրաւ կը տարածուէր Հայաստանի վրայ ալ, որ սերտ յարաբերութիւններ ունէր կայսերական երկիրներուն հետ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք