Այդ պարագան առիթ կու տայ մեզ խօսիլ Լուսաւորիչի ոսկորներուն կամ նշխարներուն գիւտին վրայ։ Եղելութիւնը ընդհանուր եւ համաձայն աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս եկեղեցական տօներուն կարգն ալ կը հաստատէ, որ փոխանակ ուղղակի Լուսաւորիչի անունին տօն մը ունենալու՝ իր մահուան յիշատակին, Գիւտ նշխարաց անունով ճանչցուած է նորա մեծ տօնը։ Բայց եղելութիւնն աներկբայ, նոյնչափ ժամանակը անորոշ։ Սովորական պատմութիւններ զայն կը յետաձգեն մինչեւ Ե. դար, Սահակ հայրապետի օրերը. սակայն ժամանակակից պատմագիրներ նոյն հայրապետին ամէն գործերը մանրամասնաբար չիշատակած ատեն, այսպէս նշանաւոր եղելութեան մը բնաւ չեն ակնարկեր։ Քանի որ գիւտին ժամանակը խնդրոյ նիւթ կ’ըլլայ, մենք չէինք սիրեր ադչափ հեռու թողուլ զայն, եւ այդչափ երկարատեւ անհոգութիւն մը քսել մեր հայրերուն ճակտին։ Ինչպէ՞ս ենթադրել, որ եւ ոչ մտածած ըլլան մինչեւ Սեպուհ բարձրանալ, եւ լերան վրայ գտնւող հովիւներուն հարցուփորձ ընել, եւ ամենուն պաշտած Լուսաւորիչը փնտռել։ Ուստի պատմական ստուգութիւն կ’ընդունինք, թէ Վրթանէսի թաղուած ատեն, արդէն Թորդանի մէջ էին Լուսաւորչի ոսկորները, եւ հօրը քով դրուեցան որդւոյն ոսկորներն ալ։ Արիստակէսի մարմնոյն Թորդան չտարուելով Թիլ աւանի մէջ թաղուիլը, կրնար մտածել տակաւին տալ թէ տակաւին Թորդան չէին բերուած հօրը ոսկորները, բայց աւելի հաւանական կը սեպենք ըսել, թէ նահատակ հայրապետին աշակերտները՝ Արքեղայոսէ վախնալով, փութացած են ամենէն մօտ կալուածին մէջ թաղել եւ ապահովել Արիստակէսի մարմինը։ Համառօտաբան պատմագիրն ալ Վրթանէսի հայրապետութեան անցնելուն կը կցէ Լուսաւորիչի նշխարներուն գտնուիլը (ՍՈՓ. 51), սակայն այդ չի ստիպեր հարկաւ Վրթանէսի հայրապետանալէն ետքը դնել նշխարաց գիւտը։ Աւելի յստակ է նոյն տեղ գրուած ուրիշ պարագայ մը, ուսկից կը հետեւի թէ Տրդատի մահը Գիւտ նշխարացէն ետքը տեղի ունեցած է, իբրեւ զի այդ պարագայով է, որ Տրդատն ալ Թորդանի մէջ թաղուած է, մերձ եդեալ ի քնարանս սրբոյն Գրիգորի։ Արդ, որովհետեւ Տրդատի մահը 330-ին դրինք Արիստակէսի օրով, Գիւտ նշխարացը պէտք կ’ըլլայ ա՛լ աւելի կանխել, եւ ընդունիլ թէ մեռնելէն քիչ ետքը Լուսաւորչի ոսկորները Սեպուհէ բերուած են Թորդան։ Բասենցի Գառնիկ ճգնաւորի մը անունը անբաժան կերպով կապուած է նշխարաց գիւտին պատմութեան հետ, որուն Լուսաւորիչ տեսիլքով յայտնած կ’ըլլայ իր ոսկորներուն տեղը։ Այդպիսի տեսիլք մը անկարեւոր անձի մը վրայ ենթադրելով չլինելով, պէտք կ’ըլլայ ըսել, թէ Գառնիկ նոյնինքն Գրիգորի ձեռնասուն աշակերտ եւ հետեւող մըն էր, որ իր սուրբ վարդապետին նշխարաց հետամուտ եղած եւ գտած է, եւ անկէ ետքն անոնք Սեպուհէ Թորդան փոխադրուած են, հաւանակագոյն հաշուով 328 տարին չվերջացած։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք