ԱՐՇԱԿ ԵՒ ՎԱՂԱՐՇԱԿ (169)

Երբոր Յոյներ ձեռնաթափ եղան Հայաստանի գործերէն, եւ Մանուէլ Մամիկոնեան Վարազդատը հեռացնելով, ազատութիւն ստացաւ իր ուզածին պէս կարգադրել երկրին բախտը, յարմարագոյն սեպեց անչափահաս տղաքներ թագաւոր հռչակել, որպէսզի անոնց անունով ինք կարենայ իշխանութիւնը վարել։ Պապի սպանութենէն ետքը Հայաստան էր մնացած նորա այրին, Զարմանդուխտ թագուհին, իր երկու պզտիկ զաւակներով, Արշակ եւ Վաղարշակ (ԲԶՆ. 251)։ Զարմանդուխտի անունը կը ցուցնէ, թէ Հայազգի էր թագուհին, որով չի ստուգուիր ի կայսերական քաղաքէն լինելը (ԽՈՐ. 232), զի անուն փոխած ըլլալն ալ հաւանական չէ։ Ազգութեանց մասին շփոթութիւնները առիթ ունեցանք մատնանիշ ընել Պապին մօրը վրայ խօսած ատեննիս ալ, եւ կը կարծենք թէ Պապի Յոյն մայրը՝ Յոյն ամուսինի փոխուած է։ Պապի ամուսնութիւնն ալ, եթէ հայ իշխանուհւոյ հետ եղաւ, հարկաւ թագաւորելէն ետքը տեղի ունեցաւ, որ է ըսել 369-ին ատենները, եւ Վարազդատի գահազրկութիւնն ալ 378-ին դնելով, Պապի զաւակներուն մեծն ալ 10 տարեկանէ աւելի պիտի չըլլար։ Մանուէլ, երկու պզտիկները, Արշակն ու Վաղարշակը, զոյգ թագաւորներ հռչակեց, մայրերնին ալ ի մեծ շքի տիկնութեան պատուէր (ԲԶՆ. 251), եւ իրեն պաշտպան մը ունենալու համար, Գարջոյլ Խորխոռունին ընկերներով եւ ընծաներով Շապուհին ղրկեց (ԲԶՆ. 252), որով չի կրնար արդարանալ միւս պատմութիւնը, որ Արշակին եւ Վաղարշակին թագաւորելը Թէոդոսի կը վերագրէ։ Մանաւանդ որ ոչ միաբանեսցին երկոքին յապստամբութիւն նպատակը (ԽՈՐ. 231), բոլորովին աննշանակ էր 10 եւ 9 տարեկան տղոց համար։ Պարսիկներուն դիմելը յաջող ելք ունեցաւ, վասնզի Շապուհ ճանչցաւ երկու եղբայրներուն թագաւորական աստիճանը, եւ թագ յղեց անոնց, եւ Զարմանդուխտ թագուհւոյն թագ եւ պատմուճան եւ վառ թագաւորաց (ԲԶՆ. 252), իսկ Մանուէլի իբր բուն իշխողի՝ թագաւորական պատմուճան սամոյր, եւ գլխուն զարդմանակ ոսկի արծաթ, թերեւս արծաթ ոսկեզօծ, եւ սաղաւարտին արծւոյն ետեւէն հանգոյցք թագի, եւ կուրծքին ապիղակ, վրան մը շիկակարմիր, եւ հովանոց կապուտակ երկնագոյն, եւ ճոխ սպասներ, ճանչնալով անոր վրայ իշխանութիւն մեծ ի վերայ աշխարհին Հայոց (ԲԶՆ. 253)։ Այդ ամէն ընծաները կը բերէր Սուրէն պարսիկ՝ մի ի ճոխ նախարարաց, իրեն հետ ալ տասը հազար հեծելոց բանակ մը ի թիկունս օգնականութեան զօրավարին Մանուէլի (ԲԶՆ. 252)։ Ասոր վրայ Մանուէլ՝ կացութիւնը աւելի եւս զօրացնելու համար, մանուկ թագաւորները կ’ամուսնացնէր, Արշակի կին տալով իր իսկ Վարազդուխտ աղջիկը, եւ Վաղարշակի՝ Սահակ Բագրատունիի աղջիկը, եւ մեծահանդէս հարսանեաց հանդէսներ կատարել կու տար (ԲԶՆ. 264), որ կերպով մը մանուկ թագաւորներուն թագադրութեան հանդէսը եղաւ։ Խորենացի Արշակի կին կը նշանակէ Բաբգէն Սիւնիի աղջիկը, այլ աւելի միտքի մօտ է որ Մանուէլ իր աղջիկը տար, եւ թագաւորը փեսայ իւր առնէր, եւ ինքն իբր թագաւորահայր ճոխանար (ԲԶՆ. 263)։ Հարկաւ Զաւէն հայրապետն էր այդ թագաւորական պսակներուն հանդիսադիրը։ Իսկ եղելութեան կրնայ նշանակուիլ Վարազդատի փախչելուն յաջորդ տարին, 379-ին, երբ կայսրութիւնը նեղ ժամեր կ’անցնէր Գոթաց արշաւանքներէն, Վաղէս կը յաղթուէր եւ կը սպաննուէր, եւ Թէոդոս գահ բարձրանալով պատերազմը կը շարունակէր։ Միեւնոյն պատճառով Հայաստան պահ մը խաղաղութեան օրեր կը տեսնէր։ Վաղարշակ մանուկ թագաւորը հազիւ տարի մը կրնար վայելել, եւ տարիէ մը ետքը կը մեռնէր, իբր 10 տարեկան հասակին մէջ (ԽՈՐ. 231), Արշակ կը մնար միայնակ, եւ իր աներոջ Մանուէլի զօրաւոր ձեռքին տակ, ամէն բան կարծես կարգի կանոնի կը մտնէր։ Այդ միջոցին, 381-ին, կը վախճանէր Զաւէն, բայց ոչ մահուան պարագայից եւ ոչ թաղման տեղւոյն վրայ տեղեկութիւն չենք գտներ, եւ բնական կերպով ծերութեամբ վախճանած եւ Մանազկերտ թաղուած պիտի ըսենք։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՇԱՀԱԿ ԿՈՐՃԵԱՑ (170)

Բուզանդ, Զաւենէ ետքը Շահակ Կորճեայ անունով գլուխ...

ՀԱԳՈՒՍՏԻ ՏԱՐԱԶԸ (167)

Եկեղեցականների զգեստները Զավէն Մանազկերտցու ժամանակաշրջանում։ Կաթողիկոսի լռութիւնը եղբայրասպան պատերազմի ժամանակ – Ազգապատում – Օրմանեան։

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ (166)

Կաթողիկոսական աթոռը Մանազկերտացի ազգատոհմին...