Վրթանէսի նախընթացին վրայ ալ խօսած գտնուեցանք, յիշելով իր ծնունդը (§ 46), առաջին կեանքը, եւ Հայաստան գալը (§ 73)։ Վրթանէս աշխարհիկ կեանք վարեց եւ ամուսնացաւ Կեսարիա եղած ատեն, բայց անորդի մնացած ըլլալով, աղօթքի եւ ուխտի դիմեց, եւ ի ծերութեան նորա լուաւ Տէր աղօթից նորա, եւ ունեցաւ երկուս որդիս երկուորեակս (ԲԶՆ. 10)։ Ծերութեան ատեն զաւակ ունենալը բառացի կերպով հնար չէ մեկնել, որովհետեւ իրմէ մինչեւ Սահակ, որ է իր թոռան թոռը, պէտք է չորս ծնունդ զետեղել, եւ Սահակի ծնունդն ալ 350-էն անդին հնար չէ յետաձգել։ Ուստի բաւական կը սեպենք ըսել թէ երեսունը անցուցած զաւակի տէր եղած է։ Իր ծնունդը 262-ին դրուած ատեն, 295-ին կ’իյնայ երկրուորեակներու հայր լինելը, որք եղան Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Վրթանէսի ընտանեօք Հայաստան գալն ալ 310-ին հաշուելով, 15 տարեկանի մօտ պատանիներ եղած կ’ըլլան այն ատեն իր զաւակները, որոնք առանձին խնամքի ու գուրգուրանքի առարկայ եղան, եւ սնան զառաջեաւ թագաւորին Հայոց, եւ ուսման գրոց փոյթ ի վերայ կալան ուսուցանել զնոսա (ԲԶՆ. 10)։ Պատմութեան մէջ բնաւ յիշատակ չկայ երկուորեակներուն մօրը վրայ, եւ ոչ ալ Վրթանէսի ուրիշ զաւակ ունեցած ըլլալը կը յիշուի, որով բոլորովին անհիմն չէր լիներ կարծել, թէ կինը վաղամեռիկ եղած է, եւ Վրթանէս այրիացեալ եկած է Հայաստան։ Վրթանէսի զբաղման կամ արհեստին մասին ալ ակնարկ չենք գտներ բնաւ, եւ Յայսմաւուրքին համեմատ Կեսարիոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուած լինելը (ՅԱՅ. Բ. 266 եւ Վրք. Գ. 484) իբրեւ ստոյգ չենք նկատեր, որովհետեւ ոչ միայն Ագաթանգեղոս եւ Բուզանդ եւ Խորենացի, այդպիսի յիշատակութիւն չունին, այլեւ Վրթանէս Արիստակէսի յետադասուած չէր ըլլար Գրիգորի օգնական ձեռնադրուելուն մէջ, եթէ արդէն քահանայ էր, մինչ Արիստակէս պարզ միայնակեաց էր եւ եկեղեցական չէր։ Հաւանական է որ Վրթանէսի երէց կոչուիլը, որ պարզապէս մեծ զաւակ ըլլալը կը նշանակէ, եկեղեցական երէցի կամ քահանայի իմաստով առնուած է, եւ անկէ յառաջ եկած թիւրիմացութիւն մըն է Վրթանէսի քահանայ կարծուիլը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք