Վրթանէսի մահուամբ աթոռը պարապ մնաց, բայց նոր ընտրութեան համար վարանում պէտք չէր, վասնզի ազգը Լուսաւորչի սերունդէն հայրապետ ունենալու սկզբունքը ընդգրկած էր, ըլլա՛յ ժառանգական քրմապետներու հին սովորույթներէն ներշնչուած, ըլլա՛յ Լուսաւորչի ազգատոհմին վրայ դրուած անպայման վստահութեամբ զգացուած։ Արիստակէս կուսակրօն մեռած էր, Վրթանէսի զաւակներէն Գրիգորիս ալ չորս տարի առաջ նոյնպէս անժառանգ նահատակուած էր։ Միայն Յուսիկ կար մէջտեղ, Վրթանէսի երկուորեակներուն կրտսերը։ Նորա ծնունդը, մանկութիւնը, Հայաստան գալը եւ արքունեաց մէջ կրթուիլը, ամէնն ալ Գրիգորիսի հետ միասին էին եղած (§ 98), միայն երկուորեակները իրարմէ տարբերած էին ընտանեկան կենցաղի մէջ։ Գրիգորիս իր հօրեղբօր կուսակրօնութիւնը ընդգրկած էր, իսկ Յուսիկ հազիւ չափահաս պատանի՝ ամուսնացած էր Տիրանի հետ ըստ Բուզանդայ (ԲԶՆ. 10)։ Պատմիչը կ’ենթադրէ, թէ ամուսնացած է մինչդեռ մանուկն էր, եւ ոչ թէ նա ամուսնութեան բռնադատեցաւ ի թագաւորէն իբրեւ զմանուկ (ԲԶՆ. 11)։ Զայդ կրնանք վերագրել Լուսաւորչի սերունդը պահպանելու բաղձանքին, որ երբ Գրիգորիս կուսակրօնութիւնը նախընտրեց, նոյնինքն Տրդատ Յուսիկի վրայ ծանրացաւ, որպէսզի բոլորովին չդադրի Գրիգորի ազգատոհմը։ Սակայն դժուար է կարծել որ 11 տարեկան ամուսնացած եւ 12 տարեկան զաւակ ունեցած ըլլայ, ինչպէս Բուզանդ կը գրէ, թէ Յուսիկ յերկոտասաննամենից ի վեր առաքինահայր ամուսնական կենակցութենէ հրաժարելով (ԲԶՆ. 12)։ Այն տարիքին հայր ըլլալուն համար բնութեան օրէնք իսկ չէին նպաստեր։ Ուստի պէտք է յապաղել ամուսնութիւնը կամ հայրութիւնը գոնէ մինչեւ 18 տարեկան ըլլալը, այսինքն 313-ին։ Այդ թուականին Տիրանի հարսնցու աղջիկ ունենալն ալ շատ հաւանական չ’երեւիր շատերուն, եւ Յուսիկ ոչ թէ փեսայ այլ քեռայր կը համարին Տիրանի։ Առ այս կը նպաստէ եւս դիտել, թէ նոյնինքն Բուզանդ Յուսիկի որդւոցը համար կ’ըսէ թէ առին իւրեանց կանայս զքորս թագաւորին (ԲԶՆ. 44). որ դարձեալ նոյնինքն Տիրանն է։ Սակայն բնական կարգի համաձայն կ’ըլլար, որ Տիրանին քոյրը Յուսիկի եւ աղջիկները Յուսիկին որդւոց հետ ամուսնանային։ Այս կերպով անսովոր եւ անհաւանական ենթադրութիւն մըն ալ կը դարմանուէր, ապա թէ ոչ Տիրանի աղջիկը իր հօրաքրոջ կեսուր դարձած պիտի ըլլար։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք