Այդ միջոցին պէտք է դնել երկու նշանաւոր ճգնաւորներուն անունները, որոնք կրնան կրօնաւորական կեանքի նախատիպարը ըսուիլ մեր ազգին մէջ։ Անտոն եւ Կրօնիդէս բնիկ Կեսարացի էին, եւ Լուսաւորիչի այն կողմերէն բերած կրօնաւորներուն եւ եկեղեցականներուն մէջ աւելի նշանաւորներ՝ իրենց սրբակրօն ճգնութիւններով։ Երբոր Լուսաւորիչ, Տարոնի Իննակնեան բարձունքին վրայ Գիսանէի մեհեանին տեղ Ս. Կարապետի եկեղեցին եւ վանքը հիմնեց (§ 64), այնտեղ հաստատեց յիշեալ երկու ճգնաւորները իբրեւ տիպար եւ օրինակ կրօնաւորական կեանքին, զոր պիտի վարէին հոն հաստատուող 40 ճգնաւորները։ Իսկ Տարոնի ընդհանուր վերակացութիւնը յանձնուեցաւ Զենոբ Գլակի, եւ Եպիփան ալ անոր օգնական դրուեցաւ Իննակնեան վանքի վերակացութեան համար (ԶԵՆ. 10)։ Այնուհետեւ կանոնաւոր եւ միակերպ կեանք մը անցուցած են յիշեալ ճգնաւորները՝ երբեմն վանքին մօտ ապրելով ու նոր կրօնաւորները վարժեցնելով, եւ երբեմն շրջակայ անտառներուն մէջ հեռանալով, ու կատարելապէս առանձնանալով։ Անոնց անունը կը յիշուի անգամ մը Գրիգորի եւ Տրդատի իրենց այցելութեան երթալուն առթիւ, որք պարտաւորուեցան Աղբիանոս եպիսկոպոսի ձեռքով զանոնք օրերով լեռներուն մէջ փնտռել տալ (ՍՈՓ. Ժ. 69). եւ անգամ մըն ալ երբ Գրիգոր փափաքեցաւ հաստատուն կերպով Իննակնեան բարձունքը մնալ, եւ երկու ճգնաւորները զինքը այդ խորհուրդէն հեռացուցին (ՄԱՄ. 7)։ Երկուքին ալ ճգնաւորական կեանքը 40 տարի տեւեց Իննակնեան վանքին մօտ եւ շրջակայ լեռները (ՍՈՓ. Ժ. 93), սկսելով 302-էն, որ տարին Գրիգոր Տարոնի քարոզութիւնները կատարեց եւ տեղւոյն վանքերը հիմնեց։ Երկու ճգնաւորներուն մահը կ’իյնայ 342-ին, առաջ Անտոնինը եւ երկու ամիս ետքը Կրօնիդէսինը։ Ս. Կարապետի վանքին մօտ պզտիկ մատուռի մը մէջ կը պահուին երկու սուրբերուն գերեզմանները, իսկ իրենց յիշատակը տօնելի է ուրիշ Հայ ճգնաւորներու հետ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք