19. Թեթեւ ակնարկ մըն ալ կը բաւէ ցուցնել, թէ հնար չէր Հայոց Եկեղեցւոյն առաքելական յաջորդութիւնը պաշտպանել սովորական ցուցակով, որուն կը մտնեն 3 առաքեալներ ցրիւ նշանակուած, եւ 3 Արտազու, 4 Սիւնեաց, 7 Եդեսիոյ եւ 7 Կեսարիոյ եպիսկոպոսներ։ Որեւիցէ աթոռ յատուկ եւ յստակ գաւազան մը պէտք է կազմէ, եւ տարբեր աթոռներու եպիսկոպոսներ երբեք իրարու յաջորդութիւն չեն կրնար նկատուիլ։ Ոչ ալ հնար է ոյժ մը քաղել, տարբեր աթոռներուն միեւնոյն առաքելոյ հիմնարկութիւն ըլլալէն, իբր զի Արտազու, Սիւնեաց, Եդեսիոյ եւ Կեսարիոյ աթոռները հաւասարապէս Թադէական եղած են, իրենց առաջին եպիսկոպոսներուն, Զաքարիայի, Եւստաթէոսի, Ադդէի ու Թէոփիլոսի, Թադէոս առաքեալէ ձեռնադրուած ըլլալնուն տեսութեամբ։ Բայց այդ ալ չի բաւեր խառնակ ցուցակ մը պաշտպանելու։ Միւս կողմէն պէտք է եւս դիտել, որ այս ամէն աթոռները Հայաստանեայց հայրապետութեան չեն պատկաներ։ Եդեսիոյ աթոռը Ոսրեյինիոյ մետրապոլտութիւն եղաւ, եւ Անտիոքի հայրապետութեան հպատակող 14 մետրապոլտութիւններէն մին նկատուեցաւ։ Կեսարիոյ աթոռն ալ Պոնտոսի եքսարքութիւնն ըլլալէն ետքը Կոստանդնուպոլսոյ հայրապետութեան ներքեւ անցաւ, եւ անոր հպատակող բազմաթիւ մետրապոլտութիւններէն մին նկատուեցաւ։ Հետեւապէս այդ երկուքը պէտք է ի սպառ հեռացնել Հայոց հայրապետական աթոռէն։ Կը մնան Արտազու եւ Սիւնեաց աթոռները, որոնցմէ այս երկրորդը երբեք իբրեւ նախապատիւ եւ գլխաւոր չնկատուեցաւ, եւ իր ամենահին յիշատակներուն մէջ ալ գրուած կը գտնենք թէ իրենց եպիսկոպոսացուն առաքեն առ սուրբն Թադէ, եւ դարձեալ թէ նորէն այնտեղ դիմելով խնդրեցին իւրեանց առաջնորդ (ՕՐԲ. Ա. 62), որով իբր գլխաւոր կը մնայ Արտազու աթոռը, որ իրեն նուիրական հաստատութիւնն ալ ունի Թադէոսի սրբանուէր գերեզմանովը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք