Այդ ձեռնադրութիւն ընդունելու պարագային ոմանք ուզած են այնպիսի իմաստ մը տալ, իբր թէ անով Հայաստան Կեսարիոյ աթոռին ենթարկեալ վիճակ մը եղած ըլլայ (ԳԷԼ. 41)։ Սակայն ոչ մի նշան եւ ոչ մի փաստ հնար չէ գտնել այդ մեկնութիւնը հաստատելու, եւ պատմութեան ընթացքն ալ երբեք այդ ենթադրութեան չի նպաստեր։ Աթոռներու կազմարկերպութիւնը եւ դասակարգութիւնը հետզհետէ հաստատուած բան մըն է եկեղեցւոյ մէջ, եւ ըստ ամենայնի օրինակուած է քաղաքական բաժանմանց եւ դասակարգութեանց վրայ։ Եպիսկոպոսական եւ մետրապոլտական եւ պատրիարքական աթոռները, յամենայնի եւ ըստ ամենայնի կը համապատասխանեն քաղաքական վարչութեան կազմած գաւառներու, նահանգներու եւ բդեշխութեանց։ Առաքելոց ժամանակ աթոռներ ցրիւ հաստատուեցան, իսկ անոնց դասակարգութիւնը հետզհետէ կազմուեցաւ քաղաքական իշխանութեան դասակարգութեան համեմատ։ Ամէն գաւառ, այսինքն քաղաք մը իր շրջանակներով՝ եպիսկոպոսարան մը եղաւ, նահանգագլուխ քաղաքներ մատրապոլտութիւններ դարձան, եւ ուր որ մեծ բդեշխութիւններ կային պատրիարքութեան բարձրացան։ Այդ դասակարգութիւնը իր նշանակութիւնը ստացած էր Հռոմէական կայսրութեան մէջ՝ չորրորդ դարուն սկնզբները։ Հռոմ, բնիկ հռոմէական եւ արեւմտեան երկիրներու պատրիարքարանն էր ճանչուած, ինչպէս Աղեքսանդրիա եւ Անտիոք ալ նախկին Պտղոմեան եւ Սելեւկեան ինքնակալութեանց կեդրոններն էին եղած, եւ Հռոմէական կայսրութեան ներքեւ ալ իրենց ամփոփ ձեւը պահած էին, իբր մեծ բդեշխութիւններ, Եգիպտոս եւ Արեւելք անուններու ներքեւ։ Այս երեքէն զատ երեք եւս մեծ աթոռներ էին Կեսարիա եւ Եփեսոս եւ Հերակլիա քաղաքները, որոնք Պոնտոսի եւ Ասիոյ եւ Թրակիոյ բդեշխութեանց կեդրոններն էին։ Այդ ամէնը կ’ապացուցուի երբոր քաղաքական ու եկեղեցական գաւառացուցակները իրարու կը բաղդատուին, եւ իրարու կատարելապէս համապատասխան ըլլալնին կը տեսնուի։ Հետեւաբար բոլորովին մտացածին է առաքելոց անուններուն հետ կապել պատրիարքութեանց ծագումը, եւ բոլորովին բռնազբօսիկ է Հռոմէականց պնդելը, թէ Հռոմ պատրիարքութիւն ճանչուած է Պետրոսի գերեզմանովը, Անտիոք՝ Պետրոսի այնտեղ առժամաբար մնալովը, եւ Աղեքսանդրիա Պետրոսի աշակերտ Մարկոսէ սկսելովը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք