ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ (90)

Վրթանէս հայրապետի գործունէութեան պարագաները ուսումնասիրելով կը տեսնենք անոր վրայ քաղաքական գործերու մէջ փորձառու յաջողակութիւն մը, որով գիտէ պետական եւ դիւանագիտական խնդիրներու մէջ նախաձեռնութիւն ստանձնել, եւ դժուարակնճիռ առիթները դիւրին լուծման յանգեցնել։ Այդ տեսութիւնը կու տայ հետեւեցնել, որ Վրթանէս Հայաստան գալէն մինչեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ժամանակը, իբր 15 եւ թերեւս ալ աւելի երկար տարիներ, պետական գործեր վարեց Տրդատի արքունիքին մէջ, եւ արքունական պաշտօնէի դիրքն ունեցաւ։ Արդէն իր զաւակներուն զառաջեաւ թագաւորին Հայոց սնանիլն ու ուսանիլն ալ իրենց հօրը թագաւորին մօտիկ անձ մը լինելը կը թելադրէ։ Երբոր Վրթանէս կաթողիկոսացաւ՝ Խոսրով Կոտակ իր գահին վրայ հաստատուած հանդարտ թագաւորութիւն կը վարէր, եւ երկիրն ալ խաղաղութիւն եւ շինութիւն, մարդաշատութիւն եւ առողջութիւն, պտղաբերութիւն եւ ստացուաշատութիւն եւ շահեկանութիւն կը վայելէր (ԲԶՆ. 6)։ Բայց շատ չերկարեցին այդ խաղաղութեան օրը, որովհետեւ 337-ին կը լրանար քառասնամեայ խաղաղութեան պայմանագիրը, որ 287-ին կնքուած էր Դիոկղետիանոսի եւ Նորսէհի միջեւ։ Նոյն տարին կը մեռնէր եւ Կոստանդիանոս, որուն անունն ու զօրութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունէր Պարսիկներուն վրայ, եւ Շապուհ Բ. առիթ կ’առնէր Հայաստանի նկատմամբ ունեցած բաղձանքները իրագործել, եւ Հոռոմաց ազդեցութիւնը վերջացնել, օգտուելով Հայ նախարարներուն յեղզեղուկ եւ անձնական քաղաքականութենէն, որք ամենայն դիւրութեամբ ուղղութիւն եւ գործունէութիւն կը փոփոխէին։ Խոսրով Կոտակ նկատուած է փոքր յանձնէ եւ անարի ոսկերօք (ԽՈՐ. 192), զքաջութենէ եւ զբարի յիշատակաց անփոյթ արարեալ անձ մը (ԽՈՐ. 194), ուստի շատ աւելի կը պարտաւորուի Վրթանէս, անբաժին աշխատակցիլ անոր, եւ այս է պատճառը որ պատմիչներ ամէն պարագային թագաւորն Խոսրով եւ մեծ եպիսկոպոսապետն Վրթանէս անունները մէկտեղ կը յիշատակեն։ Երբոր Պարսից առաջին յարձակման ատեն, Դատաբէն Բզնունի, որ հայագունդ բանակին հրամանատարն էր, նենգութեամբ թշնամիին հետ կը միանար, եւ կամէր անկանել ի վերայ թագաւորին Հայոց. Վրթանէս Խոսրովի մօտն էր զայն քաջալերելու եւ Վաչէ Մամիկոնեանի սպարապետութեամբ նոր բանակ մը կազմելու, որ Առեստի ճակատամարտին մէջ թշնամին կը հալածէր եւ Դատաբէնը գերի կը բերէր թագաւորին (ԲԶՆ. 19)։ Նոյն եղելութիւնք կը կրկնուէին, երբոր Բակուր Աղձնեաց բդեշխն ալ ետ ձեռս յարքայն Պարսից (ԲԶՆ 21)։ Նմանապէս երբոր Սանատրուկ Արշակունի, որ եւ Սանեսան, բդեշխ հիւսիսային կողմանց, Շապուհի դրդմամբ գլուխ կը քաշէր, եւ զինքն Մազքթաց թագաւոր հռչակելով, եւ բոլոր հիւսիսային երկիրներու խառնիճաղանճ եւ վաչկատուն ազգերը հաւաքելով Հայաստան կը յարձակէր եւ մինչեւ Վաղարշապատ կը հասնէր, նորէն մեծ եպիսկոպոսապետն Հայոց բանակին մէջն էր, եւ իր օրհնութեամբ կը մղուէր ճակատամարտը դարձեալ Վաչէի հրամանատարութեամբ, եւ երկիրը կը մաքրուէր աւերիչ հրոսակէն (ԲԶՆ. 17)։ Շապուհի բացած մեծ պատերազմին առթիւ ալ, ուր Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ մեռաւ, ժողովէր եպիսկոպոսապետն Վրթանէս եւ մխիթարէր զամենեսեան (ԲԶՆ. 26)։ Մէկ խօսքով ամէն քաղաքական եղելութեանց մէջ յատուկ եւ յաջողակ գործունէութեան մաս մը ունեցաւ Վրթանէս, հայրապետական հոգածութեանց արթուն հսկողութիւնն ալ զանց չընելով։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ (100)

ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ – Յակոբ Մծբնեցի հայրապետը հայոց պատմութեան մէջ․

Մեր ազգին համար նշանակութիւն ստացած անձնաւորութիւն մըն ալ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետն է։ Ազգային աւանդութիւն մը կը կարծէ, թէ Յակոբ զաւակն է Անակի քրոջ՝ խոսրովուհիի, որով Լուսաւորչի հօրաքեռորդին եղած կ’ըլլայ, եւ թէ քոյր մըն ալ ունեցած է, Ասկնդնէ անունով, որ Գթաց թագաւոր Հռչէի մայրն եղած է (ԶԵՆ. 22)։ Սակայն ըստ այլոց ․․․

ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (99)

Աղուանքի Գրիգորիս կաթողիկոսի նահատակութիւնը․

Գրիգորիսի պաշտօնավարութիւնը եւ արդիւնքը կատարելապէս արդարացուցին իր վրայ դրուած ակնկալութիւնները, եւ քրիստոնէութիւնը ամրացնելու ու եւս քան զեւս տարածելու աշխատեցաւ, իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով Սանատրուկ Արշակունին, որ հիւսիսակողմանց բդեշխ էր դրուած Տրդատէն, եւ Գուգարաց եւ Փայտակարանի նահանգներէն զատ, Վրաց եւ Աղուանից երկիրներուն վրայ ալ գերիշխանութիւն կը վարէր, եւ Կովկասեան բազմաճղի ցեղերուն վրայ ազդեցութիւն ունէր, հիւսիսէն մինչեւ Մազքթաց երկիրը եւ հարաւէն մինչեւ Ատրպատական։

ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (98)

Վրթանէս կաթողիկոսի որդի Գրիգորիսի ձեռնադրութիւնը․

Խոստացանք գործիս սկիզբը (§ 2) Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կաթողիկոսներու վրայ բաշխած ատեննիս, ազգային տեսակէտէն կարեւոր եղելութիւնները, ժամանակակիցներու պատմութեան հետ յարակցել։ Այդ նպատակով ահա կը մտնենք Աղուանից կաթողիկոս Գրիգորիսի նահատակութիւնը պատմել։