Գրիգոր մինչեւ սահմի 7, կամ Նոչեմբեր 17 Տարօնի մէջ մնալէ, եւ նահանգին ամէն կողմերը քրիստոնէութիւնը ամրացնելէ ետքը, ճամբայ ելաւ երթալ Բագրեւանդ, ուր էր Բագաւանը կամ Դիցաւանը, հեթանոսական պաշտամանց մեծ կեդրոններէն մին, եւ բոլոր անցած տեղերը, շինէր եկեղեցիս եւ առնէր մկրտութիւն եւ կացուցանէր քահանայս (ԱԳԹ. 426)։ Տրդատ, որ անհամբեր կը սպասէր Գրիգորի դարձին, այլեւս չժուժեց անոր հասնելուն, եւ ինքը փմութաց զայն դիմաւորել Բագաւանի մէջ իր ընտանեօք եւ աւագանիով։ Սրտաշարժ եղաւ իրերաց հանդիպումը, եւ անմիջապէս ձեռնարկեցին հոգեւորական մխիթարութեանց, եւ ամսօրեայ ժամանակաւ ի պահս եւ յաղօթս անցնելէ ետքը, Տրդատ եւ Աշխէն եւ Խոսրովիդուխտ, եւ ամենայն մարդիկ բանակին մկրտուեցան Եփրատ գետի Արածանի ճիւղին մէջ, ուր ցարդ կը ցուցուի սեպացեալ քար մը Տրդատի արձան անունով։ Մկրտուածներու թիւը 400 բիւր ըսուած է. որ է 4 միլիոն, այլ պէտք է այս թիւը բոլոր այդ միջոցին զանազան կողմեր մկրտուածներուն վրայ տարածել, եւ ոչ թէ նոյն օր մկրտուածներուն վրայ, վասնզի այդ թիւը դրուած է յայնմ աւուրս մկրտուած այր ու կին ու մանուկ ի միասին հաշուելով (ԱԳԹ. 435)։ Տարոնէ մեկնելուն թւականը եւ ամսօրեայ պատրաստութիւնն ալ հաշիւի առնելով, կրնանք հետեւեցնել թէ Տրդատի մկրտութիւնը տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր օր մը, 303 Յունուար 6-ին, Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան յիշատակի տօնին։ Տրդատի մկրտութենէն ետքը եօթն օր եւս մնացին Բագաւան, եւ ճամբան ամէն տեղեր մկրտութիւններ եւ ձեռնադրութիւններ եւ շինութիւններ կատարելով հասան Վաղարշապատ, եւ անմիջապէս ձեռնարկեցին սրբոյ Կաթողիկէին շինութեան, Սանդարամետի մեհեանի տեղը, ուր Միածինն իջած, եւ ոսկի ուրով Մայր տաճարին տեղը ցուցուցած էր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք