Այդ միջոցին մէջ կ’իյնայ Տրդատի մահը։ Խորենացին ցաւալի շեշտով մը կը սկսի այդ եղելութեան պատմութիւնը. Ամաչեմ, կ’ըսէ, ասել զճշմարտութիւնն, մանաւանդ թէ զանօրէնութիւն եւ զամբարշտութիւն ազգիս մերոյ (ԽՈՐ. 181)։ Հայոց դարձին պատմութեան մէջ, որչափ գործ եւ արդիւնք կը վերագրուի Գրիգորի, նոյնչափ մըն ալ պէտք է տալ Տրդատի, որ իրօք եւ ճշմարտութեամբ առաքելակից եւ լուսաւորչակից մը եղաւ Հայաստանի մէջ։ Տրդատ իր եռանդոտ եւ նախանձայոյզ բնութեամբ, որչափ բուռն ու սաստիկ էր քրիստոնէութեան դէմ հալածանքներ մղած ատեն, նոյնչափ եւ աւելի սաստիկ եղաւ կռապաշտութեան դէմ վարած հալածանքներովը։ Նա ոչ միայն ճշմարիտ քրիստոնէի, անկեղծ ապաշխարողի եւ գրեթէ ճգնաւորի կենցաղ մը կազմեց իրեն համար, զի մի յիշեսցին մեղքն որ յառաջին տգիտութեանն, յայնժամ զոր ի հեթանոսութեան անդ գործէն (ԱԳԹ. 454), այլեւ աշխատեցաւ, որպէսզի նորահաւատ hայերուն, թէ մեծամեծներուն եւ թէ ռամիկ բազմութեան, ոչ միայն կրօնքն ու դաւանութիւնը փոխուած ըլլայ, այլեւ զի վկայեսցեն հաւատոյն ամենեցուն եւ գործքն (ԽՈՐ. 181)։ Բայց այդ փոփոխութիւնը ծանր էր գլխաւորապէս նախարարներուն եւ աւագանոյն, որոնք վարժուած էին հեթանոսական կենցաղին անառակութեանց եւ անբարոյութեանց, խենէշութեանց եւ պղծութեանց, եւ աւելի մտադիւր կը հետեւէին կամաց կանանց եւ հարճից, քան բարեպաշտ թագաւորին յորդորներուն։ Տրդատ յուսահատած իրեններուն հակառակութենէն թողլով հեռացաւ անգամ մը եւ գնաց ընկերանալ Գրիգորի իր ճգնարանին մօտ, երբ տակաւին նա կենդանի էր։ Բայց Տրդատի ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր երկրին, վասնզի նա էր որ Պարսիկներու եւ հիւսիսաբնակ հրոսակներու կողմէ եկած յարձակումները պիտի վանէր. եւ նախարարներ, խոստանալով լինել ըստ կամաց նորա, անգամ մը կրցան դարձնել զայն նորէն գործին գլուխը։ Տրդատի սիրտն ալ չէր կրնար ներել, որ երկրին պաշտպանութիւնը մերժէ, եւ կրօնքին շահերուն ջանքերը զանց ընէ։ Բայց շուտով սկսան կրկնուիլ առաջին անկարգութիւնները, եւ գրեթէ անհնար եղաւ անոնց առաջքն առնուլ, ուստի նորէն Տրդատ գործէ քաշուելու կամքը յայտնեց, եւ իր որոշման վրայ անյեղլի մնաց։ Արդէն տարիքն ալ շատ յառաջացած էր, եւ իննսնամեայ ծերունին այլեւս չէր զօրէր իր բուռն կամքը ցուցնել։ Քաղաքական շահերու համար ալ նախարարներ յոյսերնին կտրած էին անկէ, ուստի անոր յանդիմանութիւններէն ալ ազատելու համար՝ տիրասպան դաւաճանութեան խորհուրդը յղացան, եւ արբուցեալ նմա դեղ մահու, զրկեցան ի լուսոյ ճառագայթից նորա (ԽՈՐ 183)։ Տրդատի 56 տարի թագաւորութիւն կը տրուի, որ եթէ երկարակեաց եղած ըլլալուն նշանն է, սակայն անհնար է 287-է հաշուել։ Մենք կը կարծենք թէ 56 տարիներու հաշիւը կրնայ արդարանալ 274-էն հաշուելով, երբ տեղի ունեցաւ Տրդատի առաջին գահակալութիւնը եւ մահը դնելով 330ին (19)։ Տրդատի յիշատակը անդստին ի սկզբէն տօնելի սուրբերու կարգը դասուած է, եւ հին տօնացոյցը զայն նշանակած է տրէի 21-ին (ՄՇՏ. 5)։ Տրդատի հետ միացած է միշտ Աշխէն թագուհիին եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքոյրին յիշատակը, որոնց վրայ պատմութիւնը կենսագրական տեղեկութիւններ չի տար, եւ ոչ ալ յայտնի է թէ Տրդատէ առաջ կամ ետքը վախճանած են, բարեպաշտ գործունէութեամբ անցընելով իրենց կեանքը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք