Մեհրուժանի անունէն ետքը այլեւս յիշատակ չունինք Արտազ նստող հայրապետներուն վրայ, եւ եթէ Մեհրուժանի ժամանակը մինչեւ երրորդ դարուն երրորդ քառորդն ալ տարածենք, տակաւին բաւական բաց մը կը մնայ, մինչեւ չորրորդ դարուն սկիզբը, մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հայրապետ ձեռնադրուիլը։ Այդ միջոցին համար ալ, միեւնոյն պատմական իմաստասիրութեամբ, հնար չէ ըսել՝ թէ մինչեւ այն ատեն գտնուող քրիստոնէութիւնը մէկէն ոչնչացած ըլլայ։ Միւս կողմէն ունինք բաւական յայտնի նշաններ ալ որ քրիստոնէութեան գոյութիւնը կ’ապացուցանեն։ Ժամանակագրական ճշդութեամբ պէտք էր որ այստեղ Լուսաւորչի պատմութեան սկսէինք, քանի որ անոր ծնունդը 239-ին տեղի ունեցած է, բայց մենք սուրբին վերաբերեալ տեղեկութիւնները իրեն գլխուն թողլով, յիշենք միայն այն պարագաները, որոնք Հայ քրիստոնէութեան գոյութիւնը կը հաստատեն։ Այդ երրորդ դարուն վերջին քառորդին մէջ տեղի ունեցան Տրդատի վերստին իր գահը դառնալը Հռոմայեցւոց օգնութեամբ, եւ Գրիգորի քրիստոնէութեան յայտնուիլը։ Այդ առթիւ Տրդատ նախ հրովարտակ մը արձակած է 287-ին, որպէսզի Հայաստանի մէջ գտնուող քրիստոնեաներ, կապեալ ոտիւք եւ կապեալ ձեռօք եւ կապեալ պարանոցաւ ի դուռն արքունի ածցին, եւ բոլոր անոնց ինչքերը գրաւուին եւ լուր տուողներուն տրուին (ԱԳԹ. 76)։ Անոր ետեւէն երկրորդ հրովարտակ մըն ալ հանած է համապարտութիւն սպառնալով անոնց՝ որ քրիստոնեաները չյայտնեն կամ թէ թողուն շարունակել (ԱԳԹ. 77)։ Արդ, եթէ երկրին մէջ քրիստոնէութիւնը հաստատուած եւ կարեւոր դիրք ստացած չըլլար, այդչափ խստութեանց պէտք տեսնուած չէր ըլլար։ Աւելորդ չլինի կրկնել ինչ որ վերեւ ալ յառաջ բերինք (§ 34) Արտազեան յիշատակարանէն, որ կ վկայէ, թէ ի ժամանակս սրբոյն Գրիգորի Պարթեւի լեալ իցէ քրիստոնէութիւն, ըստ նմին եւ տեսուչ եկեղեցւոյ ի թաքուն եւ ի խաւարչուտ տեղւոջ (68 ԱՐՐ. 103)։ Մեր միտքը աւելի ճշդելու համար հարկ կը սեպենք յայտնել թէ Հայոց քրիստոնէութեան իբր փաստ չենք յիշեր այն յիշատակները՝ որոնք կը վերաբերին Նիկոպոլսոյ, Կեսարիոյ եւ Մելիտինիոյ գաւառներուն, ոչ ալ այդ վիճակներուն մէջ նահատակուած մարտիրոսները կը յիշենք, թէպէտեւ անոնք ոմանց կողմէ իբրեւ հայ յիշատակուած (ԱՐՇ. 75-91), որովհետեւ մեր նպատակն է բուն Հայ աթոռին վրայ ամփոփել խօսքերնիս, քաջ գիտնալով որ վերոհիշեալ վիճակները Պոնտոսի եքսարքութեան մէջ կը գտնուէին եւ Հայոց հայրապետութեան ներքեւ չէին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք