Լուսաւորիչի տեսիլքը երկրորդ մաս մըն ալ ունի, ինչպէս ինքն պատմած է։ Նա տեսաւ որ ընդարձակ դաշտը լեցուն էր միասիւն սեղաններով, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ մի մի խաչ կայր։ Գետ մը կ’անցնէր դաշտին մէջէն, որուն մէկ կողմէն կու գային սեւ այծեր, եւ գետը անցնելով ճերմակ ոչխարներ կը դառնային, որխարներէն լուսակիզ գառներ կը ծնէին, որոնցմէ ոմանք թեւաւորուելով երկինք կը բարձրանային, մինչեւ ուրիշներ գայլերու կը փոխուէին եւ հրեղէն հեղեղով մը կը տարուէին ու կ’անհետանային։ Լուսաւորիչ ինքը մեկնած է, տեսիլքին մէն միւս մասերը Հայոց եկեղեցւոյն պատշաճացնելով, եւ աւելցնելով թէ հրաման եղած է իրեն, չորս սիւներուն տեղերը տաճարներ կանգնել, եւ կը հրամայէ ժողովուրդին որ պէտք եղած նիւթերը պատրաստեն։ Եթէ տեսիլքին երկրորդ մասին նկատմամբ ալ ըսուի թէ եղելութեանց վրայ ձեւուած զրոյց մըն է. մենք կը յիշեցնենք, թէ պատուկած տեսիլքը տարօրինակ պարագաներ ունի, եւ կրնայ որեւէ եկեղեցւոյ ալ պատշաճիլ, զի մկրտութեամբ սրբուիլը, հաւատացելոց հետզհետէ աճիլը, ոմանց սրբութիւնը, եւ այլոց մեղաւորութիւնը, ամէն եկեղեցիներու վրայ ճշմարտուած կէտեր են։ Լուսաւորիչը իր տեսիլքէն առիթ առած է նորահաւատ ժողովուրդին ընելիքը սորվեցնել, եւ ուղղութեան մէջ ապրելու յորդորել։ Այս է էական կէտը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք