ՏԱՐԲԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (43)

Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով բանավէճերու մտնել, պէտք չենք տեսներ Հայոց քրիստոնէութիւնը մեկնելու համար ուրիշներէն կազմուած ենթադրութիւնները յառաջ բերել, եւ ցուցնել թէ կեղակարծ մեկնութեանց եւ հեռու տեղերէ՝ մինչեւ իսկ Եգիպտոսէ եւ Արաբիայէ մուրացուած զրոյցներու վրայ հիմնուած են, եւ թէ իրարու հակասող պարագաներ կը պարունակեն։ Եթէ երկրորդ դարուն կէսին քրիստոնէութիւն ընդունող Աբգարի մը՝ առաջին դարուն ապրող Աբգարի մը հետ շփոթուած ըլլալը ընդունինք ալ, տակաւին առաքելաքարոզ քրիստոնէութեան ճշմարտութիւնը հաստատող եւ անկէ անկախ աւանդութիւններ կան. մենք ալ այս կերպով կազմեցինք մեր պատմութիւնը։ Եթէ Եդեսիոյ դպրոցը կրցաւ ազդեցութիւն մը ունենալ Հայաստանի հարաւային նահանգներուն վրայ, այդ ըսել չ’ըլլար թէ ինքն առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ներմուծեց։ Եթէ ընդունենք ալ թէ Բարդածան՝ յԵդեսիոյ Հայաստան եկաւ, որպէս զի աշակերտել զոք կարասցէ ի խուժ հեթանոսաց (ԽՈՐ. 146), բնաւ պէտք չ’ըլլար ըսել թէ առաքեալներ չեկան, կամ թէ երբոր նա եկաւ քրիստոնէութիւնը ջնջուած էր։ Մենք ոչ թէ նախալուսաւորչեան դարերու համար, այլեւ յետլուսաւորչեան ժամանակներու համար ալ մտադիւր կ’ընդունինք, թէ Եդեսիոյ եւ Կեսարիոյ դպրոցները մեծ ազդեցութիւն ունեցան Հայոց քրիստոնէութեան վրայ, եւ մինչեւ աստիճան մը իրարու մրցակիցներ երան իրենց ազդեցութիւնը Հայաստան տարածելու մէջ։ Ասիկա հետեւանք էր մէկ կողմէ Ոսրոյենիոյ եւ Կապադովկիոյ ուսումնական առաւելութեանց, եւ միւս կողմէ Հայաստանի այդ մասին նուազութեան. սակայն այդ ենթադրութիւնն ալ աւելի պատրաստ գետնի վրայ աշխատութեան կը տանի, եւ ոչ նոր գետին ստեղծելու։ Ինչպէս ըսինք, միտք չունենալով մերինէն տարբեր դրութիւնները մի առ մի առաջ բերել, զանոնք վերլուծել, տկար կողմերնին բացատրել, եւ պարզ կարծիքներ ըլլալնին ցուցնել, բաւական կը սեպենք ըսել, թէ անոնք իրար կը հակասեն, եւ մեզի հերքելու տեղի չեն թողուր, զի մէկուն հաստատածը միւսէն անհիմն կը դատուի։ Ամէնքն ալ ազգային աւանդութիւնները կանխակալ կերպով մերժել կը սկսին, որ մեզի համար ուղիղ եւ արդարացեալ սկզբունք չէ։ Իսկ եթէ ամէն դրութիւններն ալ պարզապէս հաւանական են, եւ ստուգութիւնը վճռել անհնար է՝ պիտի ըսուի աղբիւրներու նուազութեան եւ անբաւականութեան պատճառով, նորէն նախադասութիւնը ազգային աւանդութեան տալը թէ՛ իրաւացի է, եւ թէ տրամաբանական, եւ մենք ալ ըստ այնմ կազմեցինք մեր նախալուսաւորչեան պատմութիւնը։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՄԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (42)

Մինչեւ հիմա մեր առաջ բերած պատմութիւնը, թէ ոչ...

ՆԱԽԱԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ (41)

Հայոց եկեղեցւոյ առաքելական սկզբնաւորութեան, եւ...