ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ
Արտազեան յիշատակարանի համառօտ ակնարկէն զատ տեղեկութիւն չունինք հայրապետիս վրայ, Շահէն եպիսկոպոս ամս քսան եւ հինգ (68 ԱՐՐ. 102), եւ ուրիշ ոչ մի կողմէն որեւէ աւանդութիւն չունինք, որ լոյս սփռէ ժամանակիս կացութեան եւ եղելութեանց վրայ։ Իսկ Շահէն հայրապետի պաշտօնավարութեան տրուած 25 տարիներուն հաշիւը, կը հասցնէ մեզ մերձաւորապէս 150 տարին, որ է երկրորդ դարուն կէսը։ Այստեղ յարմար կը սեպենք յիշել Արարատեան վկաներու մասին Լատին եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, զոր Լատին յայսմաւուրքը կը յիշատակէ Յունիս 22 օրուան ներքեւ։ Հռոմայեցի զինուորներու 9,000 հոգւոյ բանակ մը իր քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու համար Հայաստան կ’անցնի եւ կը հաստատուի Արարատ լերան կողմերը, իրեն գլուխ ունենալով Ակատիոս զօրավարը։ Այնտեղ ուրիշներ ալ կը միանան այդ խումբին, որ տասն հազարէ աւելի կ’ըլլայ, եւ քրիստոնէական բարեպաշտութեամբ կեանք կը վարէ։ Բայց այնտեղ ալ կը հասնի հալածանքի սարսափը եւ բռնադատութիւններ կը կատարուին որպէսզի հեթանոսութեան դառնան, սակայն անոնք հաստատուն կը մնան իրենց հաւատքին վրայ, եւ խմբովին կը նահատակուին խաչերու եւ կախաղաններու վրայ, Արարատ լեռան շուրջը, որ է ըսել Արարատեան դաշտին մէջ (ՎՐՔ. ԺԲ. 67)։ Այդ աւանդութեան պատմական հանգամանքները դիտելով, եւ ժամանակակից դէպքերուն հետ համեմատութեան դնելով, կը գտնենք որ Տրայիանոսի կայսրութեան ատեն, Գաղատիոյ հռոմէական լէգէոնը, կայսեր հրամանին անսաստած էր եւ յաղթութիւն մը տանելէ ետք աստուածներու զոհ չէր մատուցած, եւ այս պատճառով իրեն բնավայրէն հեռացուելով Մելիտինէ երթալու հրաման էր ստացած։ Այդ պարագային վրայ կ’աւելցուի, թէ որչափ ալ լէգէոնը Գաղատիայէ ելաւ, բայց ինչ վախճան ունենալը յայտնի չէ (ՎՐՔ. Է. 450)։ Աւանդութիւնները իրարու մօտեցնելով հաւանական է կարծել, թէ սոյն այս լէգէոնականներն ե, որ Հայաստան ապաւինած են, եւ որոնց թիւն ալ իբր տասը կամ տասնըմէկ հազար եղած կ’ըսուի։Ասկէ ետքն է որ Տրայիանոս Հայաստան մտաւ եւ երկիրը գրաւեց, եւ չորս տարւոյ չափ ալ զայն իր գաւառ կառավարեց հռոմեյացի կուսակալի ձեռամբ, մինչեւ Ադրիանոսի գահակալութիւնը։ Տրայիանոսի ժամանակ քրիստոնէից դէմ հալածանքները զայրացած էին, եւ շատ բնական էր որ Տրայիանոս իր ցասումը թափէր խուսափող լէգէոնականներուն եւ անոնց ընկերներու վրայ։ Հայաստանի մէջ հռոմէական տիրապետութիւնը տեւեց 114-118 տարիներու միջոցին, որ շատ յարմար կու գայ Արարատեան վկայից մարտիրոսութեան սովորական թուականին հետ։
0 կարծիք