Սիւնեաց աթոռին նկատմամբ Օրբէլեանի քաղած աւանդութիւններն ալ Մուշէէն ետքը հինգ եպիսկոպոսներու անուններ կը յիշեն, որք են Մովսէս Տարոնացի, Սահակ Տարոնացի, Զրուանդատ, Ստեփանոս եւ Յովհաննէս (ՕՐԲ. Ա. 62), առանց տարիներն ալ յիշելու։ Ոմանք ուզեցին Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն կարգին դնել եւս Մխիթար Թանահատցին, Թանահատի վանքին հիմնադիրը, որուն համար կը գրէ Օրբէլեան, թէ գտաք յիւրոց արձանագրութեանցն եթէ չորեքհարիւր ամաւ յառաջ շինեցաւ եկեղեցին քան զհայ թուականն, որ ըսել կ’ըլլար 151-ին։ Մխիթարի համար կ’ըսուի միայն թէ իր եղեալ հայր վանիցն, եւ թէ կարգեալ սահմանաւ զվանսն, յետ բազում ամաց փոխի ի կարգս հրեշտակաց (ՕՐԲ. Ա. 204), որով լոկ ճգնաւոր մը ու վանահայր մը, եւ ոչ եպիսկոպոս մը եղած ըլլալը կը յայտնուի։ Արդ, Սիւնեաց հինգ յաջորդները՝ Արտազու մէջ նոյն Մուշէի յաջորդող երեք հայրապետներուն հետ բաղդատելով, կրնանք ըսել թէ աւելի երկարատեւ միջոց մը իդէպ է նշանակել Սիւնեաց աթոռին հինգ յաջորդներուն, եւ հասնիլ մինչեւ երրորդ դարու առաջին կիսուն, երբ կը պակսին մեզի Արտազու յաջորդներուն անուները։ Բաց աստի, եթէ ետ այր մի բացատրութիւնը միայն Մովսէսի վրայ չ առնենք, այլ անկէ ետքը եկող չորսերուն վրայ ալ տարածենք, ինչպէս նախադասութեան ձեւը կը պահանջէ, եւ յիշենք թէ նա որ ետ այր մի՝ նոյնինքն Արտազու աթոռն է (§ 29), հաւաստի կերպով կը քաղենք թէ Արտազու աթոռը Ղեւոնդիոսէ ետքն ալ հայրապետներ ունեցած է, որք ձեռնադրած են Սիւնեաց եպիսկոպոսները, թէեւ անոնց անունները մեզի հասած չեն, եւ Մաղարթեցին ալ յիշատակ մը չէ գտած անոնց մասին Արտազու առաքելական աթոռին մէջ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք