ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ (108)

Բայց անլոյծ կը մնար հայրապետական աթոռին յաջորդութիւնը, զոր պէտք էր կերպով մը կարգադրել, համաձայն ազգային ըմբռնման, որ տակաւին չէր զատուէր ժառանգական յաջորդութեան գաղափարէն։ Յուսիկ երկու զաւակներ ունէր, որոնց ծնունդը 313-ին դնելով, իրենց հօրը մահուան տարին, 347-ին, 34 տարեկան ժիրուժիր երիտասարդներ էին, որք իրենց հօրը նախկին դիրքէն եւ իրենց արքայազարմ մօրմէն օգտուելով, թագաւորական պալատին մէջ ապրած ու յառաջացած էին։ Իսկ Յուսիկի ընտանեկան կեանքին քակտուելէն ետքը, զուրկ անոր ուղղամիտ եւ հօրենական ազդեցութենէն, իրենց մօրեղբօր Տիրան թագաւորին ձեռքին տակ եւ օրինակին ներքեւ ցոփակեաց երիտասարդներ եղած էին, եւ զինուորական ազատ կեանքը նախընտրած (ԲԶՆ. 35)։ Երկու եղբայրներ երկու քոյրերու հետ ալ ամուսնացած էին, Վարազդուխտ եւ Բամբիշ, որք Բուզանդէ թագաւորին քոյրերը կը կոչուին (ԲԶՆ. 44, 49, 69)։ Բայց ինչպէս յիշեցինք (§ 101), շփոթութիւն մը կը տեսնուի այդ ազգականութեան մէջ, վասնզի Յուսիկի կինը Տիրանի աղջիկ ըսուած ատեն, Տիրանի քոյրերը Յուսիկի զաւակներուն կին եղած ըսել, Տիրանի թոռներուն իրենց մեծ հօրը քոյրերուն հետ հասակակից եղած կարծել է, որ բնաւ միտքի մօտ չէ։ Հետեւաբար աւելի հաւանական է Տիրանի քրոջ Յուսիկի հետ, եւ Տիրանի աղջիկներուն Յուսիկի զաւակներուն հետ ամուսնութիւնը ընդունիլ։ Այդ պարագային Պապ ու Աթանագինէ, Վարազդուխտի եւ Բամբիշի հետ ազգակցութեան չորրորդ աստիճանին մէջ կը գտնւին, եւ երկու եղբայրներու երկու քոյրերու հետ ամուսնանալուն նախընթաց մը կ’ունենանք, նոյնիսկ Լուսաւորչի քահանայական ազգատոհմին մէջ։ Պատմութեան կարգին դառնալով կը տեսնենք, որ հակառակ Յուսիկի զաւակներուն անարժան կեանքին, կը զօրէ տակաւին ժառանգական յաջորդութեան գաղափարը, եւ երկուքէն մէկը կաթողիկոս ընելու կամքը կը յայտնուի թագաւորին եւ ազգին, եւ եպիսկոպոսաց միաբանութեան կողմէն։ Այս նպատակին հասնելու իբր առաջին քայլ մը, Պապ եւ Աթանագինէ առանց իւրեանց կամացն ըմբռնեցան եւ բռնաբարեցան, եւ ակամայ սարկաւագ ձեռնադրուեցան։ Բայց այս ալ չզօրեց անոնց դժկամութեանը յաղթել, եւ առաւել եւս ինքզինքնին աշխարհասէր կեանքի տուին (ԲԶՆ. 44), մինչեւ որ ամէնքն ալ անոնցմէ ձեռք քաշեցին, տեսնելով որ անարժանք եղեն առաքելական այնորիկ աթոռոյ (ԽՈՐ. 201)։

Հատկորոշիչներ՝ Աթանագինէ, Յուսիկ, Պապ, Տիրան

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ (109)

ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ – Անտոն և Կրօնիդէս ճգնաւորների մասին․

Այդ միջոցին պէտք է դնել երկու նշանաւոր ճգնաւորներուն անունները, որոնք կրնան կրօնաւորական կեանքի նախատիպարը ըսուիլ մեր ազգին մէջ։ Անտոն եւ Կրօնիդէս բնիկ Կեսարացի էին, եւ Լուսաւորիչի այն կողմերէն բերած կրօնաւորներուն եւ եկեղեցականներուն մէջ աւելի նշանաւորներ՝ իրենց սրբակրօն ճգնութիւններով։

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ (107)

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ – Դանիէլ Ասորին կաթողիկոսական գահի թեկնածու․

Հարկաւ Տիրան ինքն ալ զգացուեցաւ, երբոր բորբոքեալ զայրոյթը անցաւ։ Անշուշտ չկրցաւ անտարբեր մնալ, երբոր Թորդանէ եկող գուժկանը՝ Յուսիկի մեռնելուն լուրը բերաւ։ Գուցէ եւ կեղծուպատիր վշտակցութեան եւ տարաժամ համակրութեան նշաններ ալ ուզեց տալ, զինք չքմեղելու, եւ Լուսաւորիչի թոռը սպաննած լինելու եղեռնական արատէն ինքզինքը արդարացնելու համար ազգային ընդհանուր մեղադրանաց առջեւ։

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ (106)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ – Տիրան թագաւորի և Յուսիկ կաթողիկոսի փոխհարաբերութիւնները․

Վերոհիշեալ պատմութիւնները կը համաձայնին եղելութեան գլխաւոր գիծերուն մէջ։ Պատահական տարբերութիւն մըն է, թէ Տիրան պաշտօնապէս հրամայեց ջալոտիւք հարկանել, կամ թէ աւագանին խուժեց բրածեծ ջախջախել. նոյնպէս նաեւ թէ Բնաբեղի մէջ ծեծի տակ հոգին աւանդեց, կամ թէ քիչ ետքը Թորդանի մէջ մեռաւ ծեծին հետեւանօք։