Բուզանդի յիշած եպիսկոպոսներուն երկրորդն է Զորթ, այր ներքինի կոչուած, հարկաւ ոչ մարմնական կազմութեամբը, այլ ըստ որում ասոնց ամէնքն ալ ի ներքնի հայրապետին էին, եւ կը զբաղէին ի տեսչութիւն աղքատանոցաց եւ Ներսէսի յամենայնի հաւատարիմքն էին (ԲԶՆ. 273)։ Երրորդ յիշուած է Արտիթ եպիսկոպոս Բասենոյ, այր ծերունի պատուական եւ պիտանի, սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ վարեալ, որ մինչեւ իսկ առնէր նշանս մեծամեծս։ Ըսուած է եւս, թէ կանուխէն Դանիէլ Ասորիին աշակերտած էր, եւ թէ կ’ապրէր մինչեւ թագաւորութեան երկուքի բաժնուելէն ետքը (ԲԶՆ. 274), որով Դանիէլի վերջին աշակերտներէն կրնայ եղած ըլլալ։ Չորրորդ կը յիշուի Կիրակոս եպիսկոպոս Տայոց, որ Շահապ ալ կոչուած է եղեր, հարկաւ առաջուց վարչական ու տանուտէրական պաշտօն վարած ըլլալուն համար։ Ասոր համար ըսուած է, թէ` էր այր ճշմարիտ աստուածապաշտ՝ ըստ կամացն Աստուծոյ (ԲԶՆ. 278)։ Հինգերորդ կը յիշուի Զորթուազ եպիսկոպոս Վանանդայ, այր սուրբ, պարկեշտ, արժանի Աստուծոյ, արբեալ Ոգւով Սրբով (ԲԶՆ. 278)։ Ասոնցմէ ետքը կը յիշուին Տիրիկ եւ Մովսէս եպիսկոպոսք Բասենոյ գաւառին, զորս պէտք է ընդունիլ, իբր Բասենի զանազան կողմերուն եպիսկոպոսները, քանի որ արդէն յիշուեցաւ Արտիթ՝ իբր եպիսկոպոս Բասենոյ։ Այս երկուքին համար ալ վկայուած է, թէ` էին արք լաւք, հրեշտակակրօնք, սուրբ հաւատացեալք, հրաւիրմանն արժանիք (ԲԶՆ. 279)։ Շարքը կը փակէ Ահարոն եպիսկոպոս մը, վիճակը անորոշ, այլ գործող ի մէջ Հայոց աշխարհի։ Ասոր համար ալ ըսուած է, թէ` էր այր երեւելի եւ անուանի, քաջ, առաքինի։ Այս ընտիր եւ առաքինի եպիսկոպոսներուն կարգին խառնուած է՝ անանկ մէկ եպիսկոպոսի անունն ալ, որուն համար հեղինակն ալ կը վարանի, թէ արժանի իցէ կոչել զնա եպիսկոպոս, որովհետեւ կը նկարագրուի իբր կեղծաւոր եւ ագահ, որ դուրսէն ճգնաւորի ձեւեր կը պահէր, բայց դրամի սիրոյն ամէն ստորնութիւն յանձն կ’առնուր եւ ամէն անիրաւութիւն կը գործէր։ Սա ինքն է Յոհան եպիսկոպոս, Փառէն հայրապետին որդին, որ հայրապետանոցի եպիսկոպոսներէն մէկն եղած էր իր հօրը շնորհիւ, բայց բոլորովին անվայել կեանք մը ունէր (ԲԶՆ. 274)։ Անոր գործերէն իբր նմոյշ յառաջ կը բերուի, թէ գեղեցիկ ձիու մը վրայ հեծած աւազակ երիտասարդի մը հանդիպելով ճամբան, կը հրաւիրէ ձիէն իջնել, եւ անմիջապէս քահանայական ձեռնադրութիւն կու տայ, եւ իբր պաշտօնէից իրաւունք՝ ձին ձեռքէն կ’առնէ։ Թագաւորին պաքատին մէջ ալ, չէ յիշուած թէ ո՞ր թագաւորին, խեղկատակի դեր կը վարէր, չորս ոտքի ինկած եւ ուղտի պէս կառաչելու ձայներ հանելով, սրահները կը պտտէր, որպէսզի իրեն վրայ նուէրներ եւ ընծաներ դնեն, մինչեւ իսկ զմուրհակս գիւղոց կամ զագարակաց գրեալ եւ կնքեալ. եւ կը կրկնէր ուղտ եմ, ուղտ եմ, դիք ի վերայ իմ զմեղս արքայի, թող բառնամ, եւ այս ամէնը կ’ընէր, վասն ագահութեան, եւ հարստութիւններ եւ կալուածներ կը շատցնէր (ԲԶՆ. 277)։ Մենք աւելորդ չսեպեցինք անարժան եպիսկոպոսին յիշատակը կրկնել, վասնզի ասանկներուն զզուելի օրինակն ալ զգուշաւորութեան կը ծառայէ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք