ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ (115)

Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ։ Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ։ Լուսաւորիչի ցեղէն կար միայն երիտասարդ Ներսէսը, Աթանագինէի որդին, բայց նա ալ բացակայ էր եւ Բիւզանդիոն կը գտնուէր, եւ առժամեայ կարգադրութեան պէտքը անհրաժեշտ դարձաւ։ Բուզանդ կը պատմէ, թէ Աղբիանոս ցեղէն Շահակ մը կաթողիկոս ընտրուեցաւ, եւ մեծաշուք պատուով Կեսարիա ղրկուեցաւ եւ կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ, եւ Հայաստան դառնալով պաշտօնը ստանձնեց, եւ թէ նմանեաց վարուցն Փառինայ, որ է ըսել թոյլ եւ անտարբեր պաշտօնավարութիւն ունեցաւ (ԲԶՆ. 45)։ Բայց Փառէնի եւ Ներսէհի մէջտեղ Շահակ կաթողիկոս մը, ոչ Խորենացին ունի, եւ ոչ ալ ուրիշ հին ու նոր ցուցակներուն մէջ կը գտնուի, որով մենք ալ իրաւամբ չենք ուզեր այդպիսի կաթողիկոսի մը գոյութիւնը ընդունիլ։ Հին պատմիչ մը բացարձակ կ’ըսէ, թէ յետ մահուան նորա, այսինքն Փառէնի, զայս ամս լռեաց հայրապետութիւն Հայոց (ՍՈՓ. Զ. 14)։ Այդ կէտը կը հաստատէ նոյնինքն Բուզանդ ալ իր անկապակից պատմութիւնովը, վասնզի ինքն ալ կը մոռնայ թէ Հայոց կաթողիկոս մը նշանակած է, եւ քանի մը գլուխներ ետքը կը պատմէ թէ Արշակ թագաւոր եւ ազգին մեծերը կը հաւաքուին կաթողիկոսութեան դատարկ աթոռին յաջորդ մը տալու համար, եւ որոշելու թէ ում արժան իցէ նստել յաթոռ հայրապետութեան (ԲԶՆ. 68)։ Հազիւ համառօտ միջոց մը անցած է Փառէնի մահուընէ ետքը, եւ Բուզանդի հնարած Շահակ կաթողիկոսը ոչ մեռած է, ոչ հրաժարած, եւ ոչ աթոռէն մերժուած, որ նոր կաթողիկոսի համար մտածուի, որով աւելի դիւրին է եզրակացնել, թէ գոյութիւն իսկ չէ ունեցած Բուզանդի հնարած կաթողիկոսը։ Եւ որովհետեւ Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առած ըլլալու պարագան ալ մտացածին եւ անհիմն եղելութիւն մը կը դառնայ, իրաւունք կ’ունենանք նոյն եզրակացութիւնը տարծել նախընթացին մէջ ալ այդ պարագային յիշատակութիւններուն վրայ, երբոր այն ուրիշ չի կրկնուիր եւ Բուզանդի գրածը չի ստուգուիր։ Փառէնի մահուընէն մինչեւ Ներսէսի ձեռնադրութիւնը, եւ ոչ իսկ տարի մը ատեն կ’անցնի, եւ այդ միջոցին Արշակ նոր թագաւորած եւ երկրին գործերուն կարգադրութեամբ զբաղած, ընդհանուր փափաքանաց համեմատ ընտրութիւն մը ընելու համար հարկ սեպած է գործերը հանդարտութեամբ յառաջ վարել, եւ ընտրութիւնը յապաղել։ Աթոռոյ պարապութեան միջոցին հայրապետանոցի գործերը բոլորովին անգլուխ չէին կրնար մնալ, եւ տեղակալի մը պէտքը անհրաժեշտ էր։ Ահա այդ տեղակալը եղած է Շահակ, Աղբիանոսի ցեղէն Մանազկերտի եպիսկոպոսը, եւ ոչ երբեք կաթողիկոս։ Իսկ Աղբիանոսեանց ցեղին յառաջ անցնիլը, միեւնոյն ժառանգական սկզբունքին հետեւանքն է։ Աղբիանոս հին քրմական մեծ ազգատոհմի զաւակ էր, որ Լուսաւորչի ազգատոհմէն ետքը ամենուն վրայ նախապատուութիւն ունէր, եւ այդ պատճառով Լուսաւորչի նշանակած 12 մեծ եպիսկոպոսներուն առաջինը Աղբիանոս էր (ԱԳԹ. 441). Լուսաւորչի բացակայութեան արքունական դրան վերակացու Աղբիանոս կը մնար (ԱԳԹ. 442), եւ Արիստակէսէ ետքը անմիջապէս Աղբիանոս կու գար պատիւի կարգով (ԱԳԹ. 459)։ Հետեւաբար ազգային ըմբռնմամբ ալ եւ ժառանգականութեան սկզբամբ ալ Լուսաւորչի տունէն յաջորդ պակսած ատեն, Աղբիանոսի տունն էր որ յառաջ պիտի անցնէր, ինչպէս պիտի տեսնենք նոյն տունէն կաթողիկոսները յիշելով։ Շահակ, որ այս անգամ կը յիշուի, եւ որ նորէն պիտի տեսնենք գործի վրայ, ինքն առաջին անգամ պաշտօնապէս ալ կաթողիկոսացաւ։ Աղբիանոսեանց տունին, աւելի սովորաբար Մանազկերտացի անունը տրուեցաւ՝ յորմէհետէ Մանազկերտը իր գաւառներով եւ սահմաններով Աղբիանոս եպիսկոպոսի շնորհուեցաւ իբր կալուած (ԲԶՆ. 10)։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ (114)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ – Տիրան և Արշակ թագաւորները։

Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ’անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը։ Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս։

ՅՈՒՍԻԿԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ (113)

ՅՈՒՍԻԿԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի զաւկների մասին․

Յուսիկի երկու զաւակները, Պապ եւ Աթանագինէ, եկեղեցական կոչման հրաւէրը, կամ իրենց ըմբռնմամբ՝ փորձանքը, վերջնապէս հեռացնելէն ետքը, աւելի եւս ազատօրէն ի բազում անառակութեան գնային, եւ զկարգն Աստուծոյ արհամարհեալ այպանէին (ԲԶՆ. 48), եւ նախնիքներէն իրենց ժառանգութիւն մնացած կալուածներն ու սրբավայրերը անլուր խենէշութիւններով կը պղծէին։

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀ (112)

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀ – Փառէն Աշտիշատեցու հայրապետութեան տարիներն ու մահը։

Փառէնի անձին եւ գործունէութեան մասին բան մը չի գրեր Խորենացին. իսկ Բուզանդ ընդունելով հանդերձ, թէ՝ զիւր անձն սուրբ պահէր, կը յայտնէ, թէ՝ ստիպեալ եւ ի հարկէ ընգերէր անօրէն թագաւորին, այսինքն է՝ Տիրանին, եւ ըստ նորին կամացն երթեալ, չհամարձակէր կամ խրատել ինչ կամ յանդիմանել (ԲԶՆ. 45)։